ԱՊԱՌՆԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ

Լեռ Կամսար հայ գրականութեան մէջ անկրկնելի երեւոյթ մըն է՝ մա՛նաւանդ եթէ զինք նկատենք ո՛չ թէ երգիծաբան՝ այլ քննադատ։ Հայ գրականութեան մէջ բազմաթի՜ւ քննադատութիւններ կարդացած ենք. շատեր ունեցած են վիրաւորական շեշտ, ուրիշներ խիստ ու դաժան կշիռ, սակայն, Լեռ Կամսար կու գար անոնց վրայ աւելցնելու նոր մը։ Զարթօնքի շրջանի գրողներէն շատեր, ինչպէս՝ Օտեան, Պարոնեան եւ ուրիշներ, որոշ երեւոյթներ երգիծանքով քննադատելու հիմքը դրած էին, սակայն, Լեռ Կամսար կու գար կատարելագործելու գրականութեան մէջ ո՛չ այնքան տարածուած այդ ճիւղաւորումը: 

Լեռ Կամսարի քննադատութիւնները երկարաշունչ չեն. քննադատուածին «վատ» ըլլալը ցոյց տալու համար ընդարձակ բացատրութեան չի կարօտիր. ունի շնորհք՝ մի քանի տասնեակ բառեր ու միտքեր մի քանի բառերու մէջ ամփոփելու եւ այս մի քանի բառերով հսկայական գաղափարներ արտայայտելու: Իրականութեան մէջ որոշ տեղ մը այդ գաղափարները կրնան մեզի՝ նոր սերունդիս համար անհասկնալի թուիլ, որովհետեւ Լեռ Կամսար ընդհանրապէս իր ժամանակաշրջանն է, որ կը քննադատէ եւ շատ մը դէպքեր, երեւոյթներ կրնան մեզի համար օտար ու խորթ ըլլալ, սակայն, այդ խորթ բաժինը մեծ գրողին գրականութեան մէջ փոքրամասնութիւն մըն է, որովհետեւ անոր գրութենէն շատ շատեր, հակառակ ժամանակի մեծ բացին, կը շարունակեն ժամանակակից ըլլալ։ Անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Լեռ Կամսարի մեր թուականէն 110 տարիներ առաջ՝ 1916 թուականին գրած «Ապառնի բանաստեղծը» կարճ գրութիւնը, որ ինքնին բաւարար է մեծանուն գրողի իմացական աշխարհն ու լեզուական հմտութիւնը ցոյց տալու։ Այս գրութիւնը Լեռ Կամսար առաջին անգամ հրատարակած է 1914-1919 թուականներուն Պաքուի մէջ լոյս տեսած «Արեւ» օրաթերթին մէջ («Արեւ», կիրակի, 15 յունուար 1917, Դ. տարի, թիւ 9 էջ 3-4): Այս գրութեան մէջ Լեռ Կամսար կը խօսի պարոն Արշամի մասին, որ գրավաճառ մըն էր։ Պարոն Արշամ իր աշխատանքին կողքին կը զբաղէր նաեւ բանաստեղծութիւններ գրելով եւ հակառակ անոր, որ ո՛չ մէկ բանաստեղծութիւն ունէր հրատարակած, ո՛չ մէկ բանաստեղծական աշխատութիւն ունէր լոյս աշխարհ բերած, կը սիրէր որպէս բանաստեղծ հպարտանալ եւ ինչո՞ւ չէ, յիշուիլ նաեւ այլ մեծանուն բանաստեղծներու կարգին։ Լեռ Կամսար այս երեւոյթը հեգնելով կը գրէ. «Հոգ չէ, թէ Պարոն Արշամ ցայսօր հրապարակ չէ եկած պատրաստի հատորով մը. դուն դիր անոր թեկնածութիւնը բանաստեղծներու շարքին։ Չուզեց նէ՝ թող ինքը հանէ»: 

Լեռ Կամսար իր այս գրութեամբ կ՚ուզէ քննադատել բոլոր այն բանաստեղծութեան «թեկանծուներ»ը, որոնք նախ կ՚ուզեն որպէս գրող ճանչցուիլ՝ ապա գրել։ Այսօր նոյն հիւանդութեամբ տառապողներ մեր շուրջ շա՜տ են. անձամբ ճանչցած ենք մարդիկ, որոնք մտաւորական ո՛չ մէկ յատկութիւն ու շնորհ ունենալով՝ ունին խոր փափաքը հասարակութեան մէջ որպէս «մտաւորական» ու «խելացի» ճանչցուած ըլլալու. անձեր՝ որոնք ընդամէնը մի քանի նիւթ գիտեն եւ վարպետութեամբ կը փորձեն որեւէ խօսակցութիւն դէպի այդ նիւթը քաշել՝ փիլիսոփայելու եւ «խելացի» ըլլալը ցոյց տալու համար։ Անցեալին մարդիկ իրենց մտածումներով, իրենց գրութեամբ կը դառնային մտաւորական. այսօր շարժուձեւերով, որովհետեւ կը կարծեն, որ հիմնականը ո՛չ թէ գաղափարն է, այլ խօսելու եւ բացատրելու ոճը, ձայնի ելեւէջները եւ այլ ձեւական հովեր: Անցեալին պայքարի նպատակը գրականութիւն ստեղծել, լեզուն զարգացնել ու հասարակութիւնը դէպի գիտութիւն, դէպի լուսաւորութիւն առաջնորդել էր, սակայն, ժամանակի ընթացքին այդ աղաւաղուելով անունի եւ փառքի փնտռտուքի վերածուեցաւ։ Մարդիկ սկսան գրականութիւնը տեսնել իբր ցուցանակ՝ ծափահարութիւններ հաւաքելու՝ փոխան ստեղծագործութեան: Լեռ Կամսարի համոզումով, կեղծ մտաւորականը ստեղծագործութիւն չունի. ունի պարզապէս պատրաստ արդարացումներ. անոր համար նպատակը ո՛չ թէ գրուած բանաստեղծութիւնն է, այլ իր անձին բանաստեղծ ըլլալը։ Շատ մը գրողներ բանաստեղծութիւնը իրենց զաւակը նկատելով կ՚ուզէին, որ իրենց անձէն առաջ իրենց բանաստեղծութիւնը ճանաչելի ըլլայ, սակայն կեղծ մտաւորականներու համար գրութիւնը ո՛չ մէկ արժէք ունի, որովհետեւ անոնց մօտ նպատակը ո՛չ թէ ստեղծագործութեան, այլ իրենց սիրուիլն է: Ի դէպ, կեղծ մտաւորականներու ներկայութենէն պէտք չէ զարմանալ, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին ամէ՛ն ժամանակաշրջան ունեցած է իր կեղծ մտաւորականները։ Այդ մէկը վտանգաւոր չենք նկատեր, որովհետեւ այդ կեղծ մտաւորականութիւնը որոշ ժամանակ մը ետք կ՚անհետանայ՝ մա՛նաւանդ երբ իր սպասած կարծեցեալ «արդար» փառաբանանքը չստանայ: Սակայն, կեղծ մտաւորականութեան գոյութիւնը վտանգաւոր կը դառնայ ա՛յն ժամանակ, երբ հասարակութիւնը կարեւորութիւն, ինչպէս նաեւ անուն ու ճանաչում տայ անոնց: 

Լեռ Կամսար կը հաւատայ, որ ճշմարիտ մտաւորականը հրապարակի մէջ ինքզինք պարտադրողն ու բարձրաձայն խօսողը չէ. անոր համոզումով՝ «որքա՛ն աղմկոտ է կեղծ մտաւորականը, այնքան լուռ է իր ներքին դատարկութիւնը»։ Այսօր ամէ՛ն ժամանակէ աւելի մեր շուրջ են նման անձնաւորութիւններ, որոնք դպրոցներու տնօրէն կը դառնան՝ կրթութեան մասին նուազագոյն գիտելիք չունենալով. լրագրող ու յօդուածագիր կը դառնան՝ ստեղծագործելու ո՛չ մէկ շնորհ ունենալով:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Թշուառութիւնն իր չարչարելու յատկութենէն զատ՝ սա հանգամանքներն ալ ունի, որ մարդուն նկարագրին տեսակ մը շեշտ, տեսակ մը թափ կու տայ: Երեւան կ՚ելնէ ան իր ճշգրիտ գիծերուն մէջ, կեղծիք, ծեքծեքանք կ՚անհետին:

ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2026