Ուրբաթ 28, Փետրուար 2025
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն վերադարձաւ՝ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։ Ինչպէս ծանօթ է, ան երէկ հանդիպում մը ունեցած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։
Ընդհանուր Փոխանորդին հետ Հայաստան մեկնած էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որոնք պիտի վերադառնան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016