ՀԱԼԷՊԸ ԷԼ ՊԱՊԻ ՓՈԽԱՐԷՆ ԿԱՄ ՄՈՍԿՈՒԱ-ԱՆԳԱՐԱ ՆՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻ՞ՒՆ
Անցնող օրերուն Սուրիոյ պատերազմի վերջին զարգացումներուն հետեւողներուն համար յստակ կը դառնար, որ մարտի այս փուլը նոր հանգրուանի մը սկիզբը կրնայ ըլլալ: Կրնայ ըլլալ կը գրեմ, որովհետեւ անցնող չորս տարիները ցոյց տուին, որ Սուրիոյ մասին որեւէ կանխավարկած կրնայ սխալ ըլլալ եւ այդ տագնապին առընթեր որեւէ վերլուծութիւն փուճ է, մինչեւ որեւէ ենթադրութեան՝ գետնի վրայ իրականութիւն դառնալը:
Ամէն պարագայի վերադառնալով վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուած վարկածներուն՝ շատ հաւանական է, որ ռուս-թրքական համաձայնութիւն մը Հալէպի խնդրին վերաբերեալ կրնայ որոշ լուծումներու սկիզբը դառնալ:
Այս կարծիքին է Լիբանանցի լրագրող եւ վերլուծաբան Հիշամ Ժապէր, որ սոյն նիւթին շուրջ խօսած է «Ֆրանս 24» կայանին: Ըստ Ժապէրի, Անգարա ամէն ճիգ պիտի ընէ պահպանելու համար Մոսկուայի հետ իր յարաբերութիւններու դրական յառաջընթացը: Լրագրողը նաեւ ըսած է, որ յառաջիկայ օրերուն թրքական ուժեր ամբողջութեամբ ԻՇԻՊ-էն պիտի «մաքրեն» Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող եւ ռազմավարական դիրք հանդիսացող Էլ Պապ աւանը: Այդ քաղաքը, որ Ռաքքայէն բացի կը համարուի ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչներուն հիմնական կեդրոններէն մին, կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանին մօտ: Հետեւաբար այդ աւանի մաքրազերծումով Անգարա հասած պիտի ըլլայ իր «թիկունք»ը ապահովելու: Հոս է նաեւ, որ կարեւոր շեշտ կը դրուի Հալէպին վրայ:
Այսինքն մինչ Էլ Պապը պիտի դառնայ «թրքական ապահովական գօտի»ի մը առաջնային գիծ, անդին Հալէպի մէջ Պեշար Էսատի ուժերը պիտի տիրապետեն ընդհանուր իրավիճակին ու հոն է նաեւ, որ սուրիական բանակը պիտի հաւաքէ իր ուժերը եւ պատրաստուի յառաջիկայ փուլերուն:
Հալէպի ճակատագրին վերաբերեալ կարեւոր հրապարակում մը կատարած է բրիտանական Daily Mail պարբերականը։ Թերթը գրած է, թէ Հալէպի արեւելեան շրջանները ազատագրելէ ետք նոյն Պեշար Էսատ Հալէպ ժամանելով՝ իր յաղթականի ճառը պիտի արտասանէ: Հետաքրքրական է, որ այս յղումը լոյս կը տեսնէ բրիտանական մամուլին կողմէ, որ նախորդ հանգրուաններուն Էսատի կարեւոր քննադատներէն մին էր:
Ներկայ հանգրուանին, ինչպէս նախօրօք ալ գրած ենք, խնդիրը Էսատի իշխանութեան վրայ մնալը չէ, այլ գետնի վրայ հաւանական լուծումներու ծրարներու քննարկումը:
Այս առումով է նաեւ, որ եւրոպական երկիրներ դադրեցուցած են Էսատի մասին գնահատաններ տալը։ Իսկ արեւմտեան մամուլի լաւագոյն ներկայացուցիչներու տեսախցիկներու «խճողում» մը կայ Դամասկոսի «Քասըր Ալ Մուհաժիրին» պալատի սանդուխներուն վրայ:
Եթէ պահ մը համարենք, որ Էսատ գործօն ներկայութիւն մը պիտի չըլլայ Սուրիոյ քաղաքական կեանքի յառաջիկայ փուլին, ապա նաեւ յստակ է, որ արդի Սուրիոյ հիմնադիր համարուող նախագահին՝ Հաֆըզ Էսատի որդին յաղթած է այս պատերազմին:
Ճիշդ է, որ իրաւացի չէ «յաղթել» գնահատականը տալ, բայց եւ այնպէս, արեւելք-արեւմուտք այս ջրբաժանի փուլին Էսատ յաջողեցաւ ոչ միայն ամուր պահել Մոսկուայի դիրքերը, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատկերին վրայ ան յստակ դարձուց, որ Մոսկուայի համար Սուրիան վերջին խաղաքարտն է եւ ինչ ալ ըլլան վարկածները, Քրեմլին պատրաստ չէ «արմատական զիջումներ»ու երթալու:
Գաղտնիք ալ չէ, որ Սուրիոյ պատուհանով Միջին Արեւելքի «տաք ջուրերուն» մէջ կարեւոր ներկայութիւն հանդիսացող Մոսկուան այսօր Հալէպի ճանապարհով կը փորձէ ամրացնել իր ներկայութիւնը եւ կարեւոր քարտեր ունենալով պատրաստուիլ բանակցութեանց սեղանին:
Վերադառնալով Էլ Պապ աւանի մասին վերը կատարուած շեշտադրումին՝ պէտք է ըսել, թէ հակառակ որ այդ աւանը մօտ է Սուրիոյ մէջ կռուող քրդական ջոկատներու դիրքերուն (Էլ Պապ կը գտնուի քրդաբնակ Աֆրինէն 12 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ), յստակ է նաեւ, որ ամերիկեան պահանջով այդ ուժերը հեռու կը պահուին ճակատամարտէն ու ատոր փոխարէն դարձեալ ամերիկեան խորհուրդով քրդական ջոկատները սկսած են Ռաքքան ԻՇԻՊ-էն ազատագրելու ճակատամարտին:
Այստեղ կան բաւական հասկնալի պատգամներ, որոնց հիմքը կը պարզէ Մոսկուա-Անգարա համագործակցութեան նոր շրջան մը, որուն շնորհիւ Սուրիոյ մէջ բաժանումներու նոր պատկեր մը յստակ պիտի դառնայ:
Այսինքն Հալէպը՝ Սուրիոյ իշխանութիւններուն, Ռաքքան՝ քիւրտերուն, իսկ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածը՝ մինչեւ զինեալ խմբաւորումներու «մաքրութիւնը» կը դառնան թրքական ուժերու անմիջական վերահսկողութեան տակ եղող շրջաններ:
Չմոռնամ ըսելու, որ Անգարայի համար Էլ Պապի ճակատագիրը կը կարեւորուի նաեւ Հասաքէն, Աֆրինն ու Քոպանին իրարմէ կտրել-հեռացնելու ռազմավարական ծրագրով, որուն հիմնական եւ հեռանկարային կէտը «քրտական երազ»ին կտրական ձեւափոխումն է:
Այս բոլորով հանդերձ քիչ չէ թիւը այն վերլուծաբաններուն, որոնց կարծիքով չէ բացառուած, որ յառաջիկայ հանգրուանին Սուրիոյ մարտերուն մասնակցած քրդական ջոկատները պիտի սեպուին «բարի ուժեր» եւ ունենան իրենց արդար բաժինը:
Վերադառնալով հայկական Հալէպին՝ պէտք է ըսել, որ հայկական այդ գաղութի ճակատագիրը կախեալ է յառաջիկայ զարգացումներէն: Այսինքն, եթէ Սուրիոյ իշխանութիւնները յաջողին իրենց վերահսկողութեան տակ առնել ամբողջ Հալէպը, ապա յստակ կը դառնայ, որ հայութեան համար կարեւոր համարուող այդ գաղութը կրնայ իր վէրքերը բուժել եւ վերականգնիլ: Սակայն այդ մէկը երբեք չի նշանակեր, որ Հալէպը պիտի ունենայ իր նախկին «ծանրութիւն»ը:
Այս մօտեցումը կ՚ամրագրուի տասնեակ տուեալներով, որոնց ամենէն էականը Հալէպի հայութեան թիւին կտրուկ անկումն է: Ու մինչ 2011 թուականին այդ գաղութը կը հաշուէր շուրջ 60 հազար հայութիւն, այսօր Հալէպի մէջ ամենաշատը կ՚ապրին 9 հազար հայեր:
Հալէպահայերու կորուստները անգնահատելի են ու յստակ է նաեւ, որ Հալէպէն դէպի շատ հեռու ափեր մեկնած հայորդիները հակառակ իրենց դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական, նիւթական, մշակութային եւ հոգեւոր դժուարութիւններուն՝ դժուար է պատկերացնել, որ դէպի Հալէպ վերադառնալու նոր հոսք մը ընթացք պիտի առնէ: Բացի այն պարագայէն, որ քաղաքը արագօրէն ոտքի կանգնի ու հոն առկայ ներհամայնաքին (ներիսլամական) բաւական ցցուն դարձած ու բորբոքած կիրքերը հանդարտին:
Ամէն պարագայի այս բոլոր «ենթադրութիւնները» յստակ պիտի դառնան միայն Էլ Պապի սպասուած ճակատամարտէն ետք։ Ապա միայն երեւելի կրնայ դառնալ Հալէպի մէջ նոր իրավիճակ մը։
Պէտք է նաեւ կարեւոր շեշտով մը դիտարկել Մոսկուա-Ուաշինկթըն Սուրիոյ հարցով սկիզբ առած բանակցութիւնները, որոնց նոր հանգրուանի առաջին «ռաունտ»ը Լիմայի մէջ կատարուած Քերի-Լաւրով (Հինգշաբթի օր) փակ ժողովն էր, որուն մանրամասնութիւնները պիտի շարունակեն մնալ փակ սենեակներու ետին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան