ՆԵՉԻՐՎԱՆ ՊԱՐԶԱՆԻ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ Նե­չիր­վան Պար­զա­նի այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով կը հիւ­րըն­կա­լուի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հետ։

Դի­ւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, օ­րա­կար­գի վրայ կու գան Ան­գա­րա-Էր­պիլ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) դէմ պայ­քա­րը, ինչ­պէս նաեւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քէ ներս՝ Պա­շի­քա­յի մէջ հաս­տա­տուած թրքա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խի գո­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016