Ուրբաթ 28, Փետրուար 2025
ԻՏԱԼԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԱԹԷՕ ՌԵՆՑԻ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻ
Իտալիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Սահմանադրութեան բարեփոխման համար հանրաքուէ մը։ Կառավարութիւնը կը պահանջէր բարձրացնել իր լիազօրութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ ժողովուրդը ընթացք չէ տուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իտալիոյ Վարչապետ Մաթէօ Ռենցի հանրաքուէի արդիւնքով կրած պարտութեան լոյսին տակ որոշեց ներկայացնել հրաժարական։ Մաթէօ Ռենցի յայտնեց, որ Նախարարաց խորհուրդը ժողով պիտի գումարէ եւ աւելի վերջ ինք Հանրապետութեան նախագահին ներկայանալով պիտի յանձնէ հրաժարականները։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016