ՀԱՒԱՏԻ ԱՄՈՒՐ ՓԱՐՈՍՆԵՐ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր սաստիկ մարտերու թատերաբեմը կը հանդիսանայ Հալէպ քաղաքը։ Վերջին օրերուն արիւնալի դէպքերը վերստին սաստկացած են՝ ահաւոր ռմբակոծումներով ու անոնց ծանր հետեւանքներով։ Այս իրավիճակին մէջ տեղւոյն հայութիւնն ալ կը դիմագրաւէ մարդասիրական ծանր փորձութիւններ։ Հակառակ բոլոր ողբերգական պայմաններուն, սուրիահայոց բարոյական ուժի հիմնական աղբիւրը կը հանդիսանան հայկական եկեղեցիները։ Վերջին օրերու ծանր ռմբակոծումներէն վերջ, բարեբախտաբար Հալէպի մէջ հայկական եկեղեցիները մնացած են կանգուն։ Վնասներ կրած ըլլալով հանդերձ Ս. Գէորգ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցիները չեն խոնարհուած, ինչ որ հալէպահայութեան տեսակէտէ ունեցած է կարեւոր նշանակութիւն։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, եկեղեցիներու հոգեւոր սպասարկութիւնը կը շարունակուի։ Անոնք որպէս ամուր հաւատքի փարոսներ բաց կը պահեն իրենց դռները Հալէպի հայ հաւատացեալներուն համար։
Նկատի ունենալով, որ վերջին օրերու ծանր մարտերը բաւական մօտ էին այդ երկու եկեղեցիներուն՝ բախումներէն վերջ անոնց կանգուն մնացած ըլլալը մեծ ուրախութիւն պատճառած է հալէպահայ հաւատացեալներուն։