ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տնօ­րի­նու­թեամբ ե­րէկ մեծ պա­տուի մը ար­ժա­նա­ցաւ հա­մայն­քա­յին յայտ­նի բա­րե­րա­րու­հի Մո­նիք Եր­կա­նեան։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ ի­րեն շնոր­հուե­ցաւ «Յով­հան­նէս Կո­լոտ» շքան­շա­նը։ Պատ­րիար­քա­րա­նը այս կար­գադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րած է՝ գնա­հա­տե­լու հա­մար Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի կող­մէ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր մեր հա­մայն­քին հա­մար մա­տու­ցուած բազ­մա­կող­մա­նի ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Իր մե­ծա­րան­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին օ­րը, քա­նի որ Մո­նիք Եր­կա­նեան ա­ւե­լի քան տասն տա­րի գլխա­ւո­րեց Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը։ Իր բազ­մա­տաս­նեակ տա­րի­նե­րու հա­մայն­քա­յին ծա­ռա­յու­թեան թագն ու պսա­կը ե­ղած էր այդ պաշ­տօ­նը, ո­րով­հե­տեւ ան իր ե­ռան­դով, հա­մախմ­բող ո­գիով եւ ներդ­րած մի­ջոց­նե­րով ան­դուն­դի եզ­րէն փրկեց կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը։

Ե­րէկ, Գում­գա­բուի մէջ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նե­ցին Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի պար­գե­ւատ­րու­մը։ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ, խորհըր-դա­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ Մո­նիք Եր­կա­նեա­նին յանձ­նեց Պատ­րիար­քա­րա­նի «Յով­հան­նէս Կո­լոտ» շքան­շա­նը։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը օ­րուան պատ­գա­մին մէջ բարձր գնա­հա­տեց ա­նոր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։ Քա­րո­զի ա­ւար­տին հան­դի­սա­ւո­րա­պէս ըն­թեր­ցուե­ցաւ հա­մա­պա­տաս­խան օրհ­նու­թեան գի­րը եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ս. Խո­րա­նի վրա­յէն Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի լամ­բա­կին զե­տե­ղեց շքանշանն ու մե­տայ­լը։

Այս պար­գե­ւատ­րու­մը, ան­տա­րա­կոյս, բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր Եր­կա­նեան ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ։ Մո­նիք Եր­կա­նեան շրջա­պա­տուած էր իր հա­րա­զատ­նե­րուն կող­մէ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­մուս­նոյն՝ յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Ա­րէտ Եր­կա­նեա­նի, որ ար­ժա­նա­ցած է նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի «Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» ա­ռա­ջին կար­գի շքան­շա­նին։

Ե­րէ­կուան պար­գե­ւատ­րու­մէն վերջ, թէ՛ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ թէ ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դած սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ան­կեղ­ծօ­րէն ու­րա­խա­կից ե­ղան Եր­կա­նեան ըն­տա­նի­քին՝ մաղ­թե­լով ա­մե­նա­բա­րին եւ տա­կա­ւին եր­կար տա­րի­ներ հա­մայն­քա­յին գոր­ծու­նէու­թեան մէջ։

  

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2016