ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ՏԱԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ. ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ…
7 Դեկտեմբերի առաւօտուն, արաբական լրահոսին մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէր իսրայէլեան օդուժին սուրիական բանակի մէկ պահեստանոցին դէմ կատարած գրոհին լուրը:
Յարձակումը տեղի ունեցած էր Դամասկոսի մերձակայ «Մազզէ» զինուորական օդակայանի շրջակայքը, ուր կը կարծուի, թէ սուրիական բանակը կարեւոր պահեստանոց մը ունի:
Գաղտնիք ալ չէ, որ Սուրիոյ պատերազմին շղթայազերծումէն ի վեր իսրայէլեան բանակը «ամբողջական ազատութեամբ» մը վարուելով տասնեակ գրոհներ կը կատարէր սուրիական բանակի պահեստանոցներու կամ զինուորական շարասիւներու դէմ:
Զինուորական գրոհէն միայն ժամ մը ետք Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Աւեկտոր Լիպերման ընդունելով Թել Աւիւի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան դեսպանները, յոխորտանքով կը խօսէր պատահարին մասին՝ ըսելով, որ Իսրայէլ կը շարունակէ նման «նախայարձակ» քայլեր առնել՝ «բարձրացնելու» համար իր անվտանգութեան «նշաձող»ը:
Աւելի՛ն. Լիպերման, որ քաղաքական միաւորներ հաւաքելու գործին վրայ է, դեսպաններուն կը բացատրէր, թէ Իսրայէլի համար կան երեք «կարմիր գիծեր»: Ան կ՚ըսէր. Մեզի համար կան երեք արգիլեալ կարմիր գիծեր:
Ա.- Իսրայէլի քաղաքացիին անվտանգութիւնը։
Բ.- Իսրայէլի պետութեան սահմաններու անվտանգութիւնը։
Գ.- «Հիզպուլլահ»ի քիմիական զէնքերու չտիրանալու կարմիր գիծը:
Այստեղ շատ յստակօրէն կ՚ընդգծուի Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան օդուժին իրականացուցած գրոհներուն առընչութիւնը:
Լիպերմանի կատարած յայտարարութիւնները Իսրայէլի հանրութեան համար նորութիւն էին: Յատկապէս նորութիւն էին իրենց շեշտադրումներով: Այս առումով ուշագրաւ հարցադրումներ կը կատարէր «Հաարէթց» պարբերականի զինուորական վերլուծող Ամուս Հարիէլ: Ան կ՚ըսէր, որ այս զինուորական յարձակումը թէկուզ եւ առաջինը չէ Սուրիոյ բանակի դիրքերուն դէմ, բայց եւ այնպէս ունի բաւական վտանգաւոր եւ հարցադրումներու տուն տուող ժամանակակէտ մը:
Հարիէլ զգուշացնելէ ետք կառավարութիւնը նման «ռիսքային» քայլէ մը՝ ըսած էր, թէ տեղի ունեցածը կրնար լուրջ բարդութիւններ ունենալ կապուած՝ Թել Աւիւ-Մոսկուա «հասկացողութիւններուն»:
Վերադառնալով Իսրայէլի «ռազմունակ» քաղաքականութեան մաս կազմող այս քայլին, պէտք է շեշտադրել նաեւ, որ այս առումով անցեալ շաբաթը բաւական «փոթորկալից» յայտարարութիւններու շաբաթ մըն էր: Հանրութեան մէջ մեծ աղմուկ կը բարձրանար, երբ իսրայէլեան բանակի թուիթըրեան պաշտօնական կայքէջը կը հրապարակէր քարտէս մը, որու վրայ նշուած կ՚ըլլար բանակի գաղտնի սպասարկութեան ճիգերով կազմուած «լիբանանեան թիրախներ»ը ներկայացնող ընդհանուր քարտէս մը: Թուիթըրի մէջ կը նշուէր նաեւ, որ այս քարտէսին հիմամբ իսրայէլեան բանակը «իր տրամադրութեան» տակ պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ զինուորական հարուածներու աւելի քան տասը հազար թիրախներ:
Այս քարտէսի հրապարակումէն ետք բարձրացած աղմուկը կապ ունէր ամիսներէ ի վեր լիբանանեան հիւսիսային հատուածներուն ուղղութեամբ նոր պատերազմ մը շղթայազերծելու մասին եղած խօսակցութիւններով եւ վերլուծումներով:
Առաջին անգամը չէ, որ Իսրայէլ նման քաղաքականութեան մը «դրօշակիր»ը կը դառնայ: Այսինքն «Հիզպուլլահ»ին դէմ առկայ ժխտական միջավայրին մէջ ստեղծել հաշիւը զինուորական ճանապարով «մաքրելու» ձեւաչափեր: Անշուշտ ունենալէ ետք շրջանային, բայց մանաւանդ միջազգային «կանաչ լոյս» մը:
Ներկայ հանգրուանին «Հիզպուլլահ»ին դէմ զինուորական գործողութեան մը սկսելու մարտավարութիւնը ձեռնտու է ոչ միայն Իսրայէլին, այլ նաեւ սիւննի կարգ մը տէրութիւններու, որոնց համար լիբանանեան այդ կազմակերպութիւնը դարձած է անբաղձալի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ վերջիններուս ունեցած դերակատարութեան հետեւանքով:
Սակայն, ինչպէս իրենք՝ իսրայէլացի վերլուծաբանները կը վկայեն «Հիզպուլլահ»ի դէմ որեւէ զինուորական քայլ «պտոյտ» պիտի չըլլայ բանակի մը համար, որ սկսած է յոգնութեան նշաններ ցոյց տալ: Նախ անոր համար, որ Լիբանանի դէմ Իսրայէլ-«Հիզպուլլահ» վերջին ճակատումին (2006 Յուլիս) լիբանանեան կուսակցութիւնը բաւական դիմադրելէ ետք կը գերեզմանէր իսրայէլեան բանակի անպարտելիութեան առասպելը, իսկ երկրորդ՝ ի հեճուկս այդ օրերուն Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ընդհանուր տեսարանին, այսօր երկիրը աւելի միակամ է եւ անոր նորընտիր նախագահը՝ զօրավար Միշէլ Աուն կը համարուի «Հիզպուլլահ»ի թիւ մէկ դաշնակիցը:
Այս բոլոր դրոյթները հաշուի առնելով, իսրայէլեան բանակի բարձրաստիճան ղեկավարութեան համար այսօր որդեգրուած գլխաւոր ռազմավարութիւնը ոչ թէ «Հիզպուլլահ»ին դէմ նոր պատերազմի մը սկսիլն է, այլ «կասեցնել» անոր զէնքերու արդիականացման «արշաւ»ը, որ ըստ երեւոյթին Սուրիոյ պատերազմի ամենէն թէժ փուլերուն իսկ դադար չունեցաւ:
Խօսելով լիբանանեան ճակատին մասին՝ պէտք է անպայման շեշտադրել, որ հակառակ Սուրիոյ պատերազմի մասնակցութեան պատճառով «Հիզպուլլահ»ի կրած մարդկային բաւական լուրջ կորուստներուն, կուսակցութիւնը կը շարունակէ մնալ իր անզիջող, Իսրայէլի դէմ դրած պահանջներուն մէջ:
Աւելի՛ն. «Հիզպուլլահ»ի մօտիկ վերլուծաբաններ չեն թաքցներ, որ որեւէ ռազմական գործողութեան պարագային իրենք ունին պատրաստի ծրագիրներ, որոնց հիմնական գիծը անակնկալ գրոհներ եւ ներթափանցումներ կատարելու գործելաոճն է: Ներթափանցում, երբ կ՚ըսենք կը խօսին լիբանանեան հարաւէն դէպի իսրայէլեան հողեր թափանցելու ռազմավարութեան մը մասին, որ ինքնին կրնայ բաւական բարդ դրութեան մատնել Իսրայէլի բանակը:
Այս առումով պէտք է ըսել, թէ երկու կողմերը բաւական լաւ կը ճանչնան միմեանց թոյլ կողմերը ու ատոր համար է նաեւ, որ Լիբանանի դէմ զինուորական մեծածաւալ գործողութիւններու շղթայազերծումը կը բացառուի:
Ճիշդ է, որ կրնան տեղի ունենալ փոքր, կամ նոյնիսկ կարճաժամկէտ գրոհներ, բայց Իսրայէլ եւ «Հիզպուլլահ» չեն պատրաստուիր «մեծ պատերազմ»ի մը:
Վերլուծելով յատկապէս իսրայէլեան կողմին տկար կէտերը՝ պէտք է շեշտադրել, որ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը այսօրուան ու մօտիկ ապագայի իր օրակարգին մէջ չունի «Հիզպուլլահ»ը «արմատախիլ» ընելու ծրագիրը եւ այդ մէկը ունի բաւական լուրջ եւ տրամաբանական պատճառներ:
Իսկ եթէ խօսինք «Հիզպուլլահ»ին մասին, պէտք է տրամաբանուած կերպով վերլուծել այս կուսակցութեան ծննդոցը, անցած ճանապարհը եւ այսօրուան դիրքերը հասկնալու եւ ըմբռնելու համար, որ ան սոսկ լիբանանեան ծրագիր մը չէ, հետեւաբար անոր յառաջիկայի քայլերը անպայման չեն որոշուիր Լիբանանի մէջ:
Շիի-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ եռանկիւնին վրայ «Հիզպուլլահ»ը կարեւոր կշռաքար մըն է եւ յառաջիկայ հանգրուանին տեղի ունենալիք նոր ձեւակերպումներուն կամ «բախման կանոններու» ընդհանուր պրիսմակին մէջ ան պիտի գործէ նախ իրանեան շահերուն համահունչ եւ ապա յարգելով Թեհրանի մեծ դաշնակցին՝ Մոսկուայի շահերը տարածքաշրջանին մէջ:
Վերադառնալով իսրայէլացի ղեկավարներուն եւ յատկապէս Պաշտանութեան նախարար Աւեկտոր Լիպերմանի կատարած յայտարարութեան, պէտք է նաեւ հասնկալ այդ յայտարարութեան խորքային պատճառները:
Ի՞նչ պատճառով է, որ Լիպերման նման «վրան բաց» յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ եւ ռուսական կողմին ներկայութիւնը հաշուի չառնող իր բանակին քայլը կը գովաբանէ:
Լիպերման յայտնի է իր բաւական ծայրայեղական կեցուածքներով ու ան առաջին անգամը չէ, որ նման յայտարարութիւն մը կը կատարէ, բայց երբ խօսքը կը վերաբերի ուղղակի Սուրիոյ մէջ եղած գործողութեան՝ սա կը նշանակէ, որ գործիչը իր խօսքով բաւական յստակ «պատգամներ» կ՚ուղղէ:
Առաջին եւ յստակ պատգամը ուղղուած է անշուշտ Միացեալ Նահանգներուն, որուն նոր կազմաւորուող ղեկավարութեան պաղեստինա-իսրայէլեան թնճուկին վերաբերեալ կեցուածքները ցարդ յստակ չեն: Հոս է նաեւ, որ Լիպերման «արագ քայլ»ով մը կը փորձէ ամերիկացիներուն ցոյց տալ՝ իրենց ունեցած եւ պահպանած «նշաձող»ին հասակը:
Այսինքն, մենք պատրաստ են մեր ունեցած բոլոր միջոցները գործի դնել, ունենալով եւ հետապնդելով մէկ նպատակ՝ զսպել «Հիզպուլլահ»ի զինանոցին արդիականացումը եւ անշուշտ խօսիլ տարրաբանական զէնքերու վտանգին եւ այդ զինատեսակին սուրիական բանակին մօտ ներկայութեան մասին:
Զարմանալի չէ Լիպերմանի ԻՇԻՊ-ին («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) մասին «յստակ լռութիւն»ը եւ պարզ է նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Իսրայէլ որդեգրած է «չէզոք» դիրք մը ու գործադրած՝ «հակառակորդիս հակառակորդը իմ բարեկամս է» սկզբունքը:
Այս օրակարգերու ընդգծումէն ետք է նաեւ, որ Իսրայէլ ամերիկեան կողմէն պիտի ակնկալէ յաւելեալ «հասկացողութիւն» ու այդ հասկացողութենէն բխող գործակցութեան նոր հեռանկարներ:
Ցարդ պարզ չէ, որ Միացեալ Նահանգներ ի՛նչ կեցուածք պիտի ունենայ.
Ա.- Վերաբնակեցում,
Բ.- Երկու տէրութեանց լուծում,
Գ.- Իսրայէլ-Պաղեստին բանակցութեանց հարց,
Դ.- Եւ ամենակարեւորը Միացեալ Նահանգներու «Հիզպուլլահ»ի հանդէպ որդեգրելիք կեցուածքը։
Այս բոլոր հարցերը կարեւոր են Իսրայէլի կառավարութեան համար ու ամերիկեան «յստակեցումներէ» ետք է, որ Թել Աւիւ գործի պիտի դնէ իր քաղաքական-զինուորական համակարգերը:
Եթէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ շարունակէ իր նախորդին՝ Պարաք Օպամայի ընդհանուր քաղաքականութիւնը, ապա շատ յստակ կը դառնայ, որ Իսրայէլ «լռելեայն» նեցուկ մը ունենալով կրնայ զինուորական «մասնակ»ի լուծումներու լեզուով խօսիլ: Իսկ եթէ Թրամփ փոխէ նախորդ վարչակարգի ընդհանուր կեցուածքները եւ դէպի Իսրայէլ մեծ շրջադարձ մը կատարէ, ապա այն ատեն շատ հաւանական է, որ Միջին Արեւելքի ընդհանուր դաշտը կրնայ դառնալ աւելի արիւնոտ եւ անտանելի եզերք մը:
Երկրորդ՝ դէպի Իսրայէլ յստակ շրջադարձ մը կատարելու պարագան դժուար կիրառելի մօտեցում մը պիտի ըլլայ, տրուած ըլլալով, որ Ուաշինկթըն հետամուտ է դրական յարաբերութիւններ կազմակերպել Մոսկուայի հետ եւ այդ «գործընկերութեան» մէջ անպայման կան Ռուսաստանի «բարձր լարում»ի շահերը, որոնց ամենէն գլխաւորը «Հիզպուլլահ»ը «պահպանել»ն է, առ ի գնահատանք Սուրիոյ մէջ անոր ունեցած կարեւոր եւ առանցքային դերակատարութեան համար:
Խօսելով սուրիական կողմին մօտ տիրող ընդհանուր տրամադրութիւններուն մասին՝ պէտք է յստակօրէն նկատել, որ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի համար ճիշդ է, որ դժուար է «մարսել» Իսրայէլի կատարած գրոհներն ու «ամենաթողութիւն»ը։ Բայց եւ այնպէս, յստակ է, որ սուրիական բանակին համար այսօր հիմնական հարցը երկրին մէջի ահաբեկչական միաւորումներու չէզոքացումն է:
Չմոռնանք, որ երկար տարիներ Իսրայէլի «ամենաթողութիւնը» զսպած ամենէն հիմնական ուժը եղած է սուրիական բանակը, որ այսօր կը պատրաստուի վերակազմակերպուիլ եւ շարունակել ահաբեկիչներուն կամ «չափաւորական» համարուած զինեալներուն դէմ թէժագոյն մարտերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 05/21/2025