ՀԱԼԷՊԸ… ԱՐԴԵՕ՞Ք
Լաւ, յուսադրիչ լուրեր կան Հալէպէն: Տարիներէ ի վեր փակ ճամբաները բացուած ու երթեւեկը կամայ-ակամայ վերականգնած է: Քաղաքի փողոցներուն վրայ տեղաւորուած հսկայ ժայռերը վերցուած են: Արգելակները նուազած են կարծես, ինչպէս բարեկամ մը ուրախութեամբ տեղեկացուց.
-Մեր շէնքին դէմի զինուորները գացին, Անի՛, չկան այլեւս: Մինչեւ թաղին անկիւնը գացի ու հեռուէն տեսայ Վարդանանց դպրոցը հասնող ճամբան: Ապահովութիւն զգացի, բայց դպրոցը հեռուէն անճանաչելի էր:
-Շատ լաւ, շատ ուրախ եմ, իսկ ջուր ու լոյս ունի՞ք:
-Երկու օրէ ի վեր ջուր չունէինք, քիչ առաջ եկաւ, այսպէս մի քանի օրը անգամ մը մէկ-երկու ժամ կու տան, իսկ լոյսը՝ շատոնց մոռցած ենք, կ՚երեւի անիկա ժամանակի կը կարօտի, ան ալ կ՚ըլլայ, լաւատես ենք այդ առումով:
Լաւատես են, հապա ի՞նչ, լաւատես եւ յուսալի: Կրակներուն ու հրթիռներուն տակ տարիներով մաքառողին ու դիմացողին համար հարկաւ անջուր ու անլոյս մնալը մեծ հարց մը չի ներկայացներ: Բայց միթէ հաւատա՞լ, թէ պատերազմի աւարտի սեմին է Հալէպը յատկապէս ու Սուրիան ընդհանրապէս: Ուրիշ բարեկամ մը կը հաղորդէ.
-Ես չեմ հաւատար, որ վերջ կը գտնէ ամէն ինչ, դեռ այսօր հեծանիւով, երբ գործէն տուն կը վերադառնայի, հզօր պայթիւն մը տեղի ունեցաւ ինձմէ մի քանի մեթր անդին, Աստուած փրկեց զիս, նոյնիսկ բեկոր մը չհասաւ ինծի, բայց անշուշտ մօտակայ շէնք մը մտայ, քանի վարժ ենք, երբ հրթիռակոծումը սկսի մէկ հատով չ՚աւարտիր որ, շարանը կ՚երկարի նոյն վայրին մէջ:
Սարսափահար կը պատմէր ան:
Նոր հայրենիք ժամանածի մը տունն էի, երբ անոնց պատանի զաւակը հաղորդեց.
-Տեսա՞ք մեր տան նկարները դիմատետրի վրայ, երէկուան Թելեֆոն Հաուայի պողոտան ինկած հրթիռը մեր տունը մտեր է: Ես Հալէպ կ՚ուզեմ դառնալ, մաքրել մեր տան փոշիները, ննջարանս կարօտցայ, բարձս կարօտցայ, զիս առանձին ղրկեցէք, ես չեմ ուզեր հոս մնալ:
Վրդոված, տաքարիւն պատանին այսպէս կը թափէր ներքին յուզումը:
Ազատագրուած թաղամասերու պատկերները դիտելով կ՚ուզես պոռթկալ, ընդվզիլ, դարերու պատմութիւնն ու մշակոյթը ոտքի կոխան եղած է, այլ՝ գետնի հաւասար՝ դըպ-րոցներ, պանդոկներ, հին թաղամասեր փլաւեր կոյտերու վերածուած են: Կը խորհիս, որ մարդկային խոհուն արարքներ չեն ասոնք, դիւային ու թշնամական իրագործումներ են միայն, մանկուրդներու ձեռակերտներ:
Թաքսիի վարորդը կը հաղորդէ, որ Հալէպի մօտիկ քաղաք մը ազատագրուած է: Հայաստանցին ալ կ՚ուրախանայ մեզի հետ: Բայց ի՞նչ քաղաքի մասին է խօսքը: Կը պարզուի, որ Պոսթան Բաշայի մասին է վարորդին ակնարկը: Մարդը գիտէ, որ քաղաք մը կ՚ազատագրուի, բայց խօսքը ընդամէնը թաղամասի մը մասին է, որն ազատագրելը ինչո՞ւ այսքան տարիներ երկարեցաւ, անյայտ է բոլորիս, ինչպէս անյայտ են նաեւ վերջին երկու շաբթուան արագընթաց նուաճումները: Եթէ այսքան դիւրին էր ու արագ կարելի էր ազատագրել, պէտքը կա՞ր արդեօք անմարդկային արարքներու, անթիւ անհամար անմեղ զոհերու:
Պատերազմը ապրած անհատներ, ի տես մեր յուզումին, կը հաղորդէին մեզի, որ պատերազմի աւարտէն ետք է որ պատերազմ մը եւս սկիզբ կ՚առնէ: Պատերազմը աւարտած է, ազատագրուած Հալէպի լուրերով եւ հալէպցիներուն ուրախութեանն ականատես ըլլալով՝ յուսանք, բայց հիմա այդ խորհուրդը մասամբ կարելի է մեկնաբանել, ի տես աւերներուն, անտուն ու անօթեւան մնացած ընտանիքներուն, որոնք կ՚ապաստանին քաղաքի հեռաւոր անկիւնները, որոնց տուները ռմբակոծուած են ու կարողութիւն չունին զանոնք նորոգելու, կամ ալ շէնքը հիմէն փլած է ու կալուածը՝ լրիւ ոչնչացած...: Ի տես թալանին, որ անհատներ պարապ թաղերու մէջ շրջելով, աւերակ-աւերակ զննելով կը կողոպտեն եղածն ու չեղածը...: Ի տես ժողովուրդին դիւրագրգիռ վիճակին ու անհանդուրժողականութեան՝ «Մարդիկ վայրենացած են, նոյնիսկ ժպտադէմ բարեւը հայհոյանք որպէս կ՚ընկալեն», կ՚ըսէ Հալէպի մէջ բնակող հայրենակից մը:
Վարորդը կը հետաքրքրուի, թէ եթէ խաղաղութիւն տիրէ Հալէպի մէջ կը վերադառնա՞մ: Հարցման ոճէն արդէն յետին նպատակ մը նկատելի է: Կը պարզուի, որ տուն մը վարձու տուած է «սիրիահայ» ընտանիքի մը, եւ իրենց ալ հարցուցած է նոյն հարցումը: Է՜հ, ամէն մարդ իր շահին մասին կը խորհի, հասութաբեր պիզնէս է հայաստանցիին համար, խեղճերը քիչ մը շունչ առին մեր քսակներուն ապաւինելով:
Կը վստահեցնեմ վարորդին, որ պիտի չվերադառնամ, սակայն խորքին մէջ կ՚ուզեմ միայն քալել Քափրիէն մինչեւ մեր գերեզմանատունը հասցնող պողոտան, հասնիլ հոն ու զոյգ մը մոմ վառել ու խունկ ծխել, ծունկ մըն ալ աղօթք՝ մեր հին ու նոր ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 05/21/2025