ՂՊՏԻՆԵՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՈՀԵ՞ՐՆ ԵՆ

Կի­րա­կի, Դեկ­տեմ­բե­րի 11-ին, Գա­հի­րէն ցնցած պայ­թու­մը կան­խա­տե­սե­լի էր: Նախ՝ ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէր, որ Ե­գիպ­տո­սի ղպ­­տի­նե­րը ա­հա­բեկ­չու­թեան թի­րախ կը դառ­նա­յին, յե­տոյ կար նաեւ ար­տա­քին ազ­դա­կը, որ կապ ու­նէր երկ­րի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան վեր­ջերս որ­դեգ­րած ընդ­հա­նուր կե­ցո­ւածք­նե­րուն հետ: Խօս­քը ան­շուշտ կը վե­րա­բե­րի Ե­գիպ­տո­սի Նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ապ­տըլ Ֆա­թթահ Ալ Սի­սիի մաս­նա­ւո­րա­պէս ար­տա­քին կե­ցո­ւածք­նե­րուն, ո­րոնք վեր­ջին շրջա­նին եր­կի­րը հա­նե­լով չէ­զոք «վար­քա­գի­ծ­»է մը, Գա­հի­րէն դար­ձուց կողմ եւ մօ­տե­ցուց «ռու­սա­կան ճա­կա­տ­»ին:

Ու­րեմն դէպ­քը պէտք է ներ­կա­յաց­նել տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն լոյ­սին տակ:

Հար­ցում. ո՞վ էր օգտուո­ղը այս բո­լո­րէն եւ ին­չո՞ւ Ե­գիպ­տո­սի մէջ բնա­կող քրիս­տո­նեայ ղպ­­տի­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ թի­րախ կը դառ­նան նման ծան­րա­գոյն ա­հա­բեկ­չու­թեան:

Յի­շեց­նե­լու կար­գով նշեմ, որ պայ­թու­մը տե­ղի կ­­՚ու­նե­նար Գա­հի­րէի գլխա­ւոր թա­ղա­մա­սե­րէն մէ­կուն՝ Ալ Ա­պա­սիի ա­նու­նով յայտ­նի թա­ղա­մա­սին վրայ գտնո­ւող ղպ­­տի­նե­րու ե­կե­ղե­ցիին մէջ, որ մօտ է հա­մայն­քի պատ­րիար­քա­րա­նին: Պայ­թու­մին զոհ կ՚եր­թա­յին քսան­հինգ ան­ձեր, ո­րոնց մեծ մա­սը կի­ներ էին ու ե­րա­խա­ներ։ Տրո­ւած ըլ­լալով, որ այդ պա­հուն նա­խա­տե­սո­ւած կի­րակ­նօ­րեայ պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րուն մեծ մա­սը կի­ներ եւ ե­րա­խա­ներ էին: Ա­րար­քէն օր մը վերջ Նա­խա­գահ Սի­սի դէպ­քի վայր այ­ցե­լե­լով, դա­տա­պար­տե­լէ ետք պա­տա­հա­րը՝ կը յայտ­նէր, որ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւած է 22-ա­մեայ Մո­համ­մատ Շա­ֆիք Մուս­թա­ֆա ա­նու­նով ան­ձի մը կող­մէ: Սի­սի նաեւ կը բա­ցա­յայ­տէր, որ պայ­թու­մը ծրագրո­ւած է չորս այլ ան­ձե­րու կող­մէ, ո­րոնք բո­լորն ալ ձեր­բա­կա­լ­­ուած են ու ա­նոնց մէջ կար նաեւ կին մը: Նախ­նա­կան վար­կա­ծով (որ յե­տոյ կը փոխո­ւէր), պայ­թու­մը կա­տա­րո­ւած էր ե­կե­ղե­ցիէն ներս տե­ղադրո­ւած ռում­բի մը հե­տե­ւան­քով։ Այդ մէ­կը տե­ղադ­րո­ւած էր Մուս­թա­ֆա­յի ճի­գե­րով եւ կը կշռէր 12 քի­լօկ­րամ:

Պայ­թու­մէն ժա­մեր անց, երկ­րի ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ հիմ­նա­կան օ­րա­կարգ կը դառ­նար այն հար­ցադ­րու­մը, թէ ա­պա­հո­վա­կան ու­ժե­րու ներ­կա­յու­թեան տակ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ի՞նչ մի­ջոց­նե­րով յա­ջո­ղած էին այդ­քան մեծ քա­նա­կով պայ­թու­ցիկ նիւթ տե­ղադ­րել ե­կե­ղե­ցւոյ մէջ:

Նոյն ա­ռու­մով կա­րե­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կը կա­տա­րէր Ե­գիպ­տո­սի գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան նախ­կին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն զօ­րա­վար Ֆուատ Ալ­լամ: Ան կը յայտ­նէր, որ երկ­րի ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան եւ ղպ­­տի­նե­րու պատ­րիար­քա­րա­նի մի­ջեւ առ­կայ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ մը ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­ներ ստանձ­նած էին ե­կե­ղե­ցի­նե­րու գլխա­ւոր մուտ­քե­րուն ա­պա­հո­վու­թիւ­նը, մինչ ա­ղօ­թա­տան հո­վա­նիին տակ գոր­ծող մար­մին­ներ կը հսկէին երկ­րոր­դա­կան մուտ­քե­րուն վրայ:

Նա­խա­գահ Սի­սի, որ ղպ­­տի­նե­րու Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիարք Թէո­դո­րոս Պա­պին եւ սիւն­նի­նե­րու «Ալ Ազ­հա­ր­»ի Շէյխ Ահ­մատ Ալ Թա­յէ­պի ներ­կա­յու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցաւ պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով սպան­նուած քսան­հինգ զո­հե­րու յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան, հա­կիրճ խօսք մը ար­տա­սա­նե­լով ը­սաւ. «Ես հոս ե­կայ ոչ միայն ցա­ւակ­ցե­լու Ե­գիպ­տո­սի քրիս­տո­նեայ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն, այլ բո­լոր ե­գիպ­տա­ցի­նե­րուն: Պա­տա­հա­րը ոչ միայն քրիս­տո­նեա­նե­րուն դէմ է, այլ ամ­բողջ ե­գիպ­տա­ցի­նե­րուն: Ե­րեք տա­րիէ ի վեր տար­բեր մի­ջոց­նե­րով կը փոր­ձեն ցնցել Ե­գիպ­տո­սը, ըլ­լայ այդ մէ­կը տնտե­սա­կան կամ տար­բեր մի­ջոց­նե­ր, բայց ան­կա­րող են»: Սի­սիի կար­ծի­քով՝ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն այս ա­րար­քը ար­դիւնքն է պար­տո­ւո­ղա­կա­նու­թեան եւ այն կող­մե­րը, ո­րոնք յու­սալ­քո­ւած են, այս մի­ջոց­նե­րով կը փոր­ձեն ինք­նա­հաս­տա­տո­ւիլ: Սի­սի դի­տել կու տար նաեւ, որ երկ­րի բա­նա­կը ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ իր պայ­քա­րին մէջ կա­րե­ւոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած է Սի­նա նա­հան­գին մէջ։ Սի­սի իր խօս­քով կը ջրէր այն վար­կա­ծը, թէ պայ­թու­մը ար­դիւնքն է ե­կե­ղե­ցիին մէջ պա­հո­ւած ռում­բի մը՝ ը­սե­լով, որ պայ­թու­մը կա­տա­րած է Մահ­մուտ Շա­ֆիք Ահ­մատ Մուս­թա­ֆան, որ իր վրայ կրե­լով ա­կանուած գօ­տի մը մտած է ե­կե­ղե­ցի ու ինք­զինք պայ­թե­ցու­ցած: Սի­սիի պատ­գա­մը յստակ էր, ան միաս­նու­թեան կոչ ուղ­ղե­լով կը վստա­հեց­նէր, որ պի­տի շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րը ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ:

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ ա­պա­հո­վա­կան խնդրին մա­սին խօ­սե­լով մէ­կէ ա­ւե­լի ղպ­­տի կրօ­նա­ւոր­ներ ա­ռար­կած էին, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կա­տա­րող­նե­րը յա­ջո­ղած են հաս­նիլ ի­րենց նպա­տա­կին, պարզ ա­նոր հա­մար, որ երկ­րի անվ­տան­գու­թեան մար­մին­նե­րը ու­նին լուրջ բաց­թո­ղում­ներ:

շար. 1


ՀՊԱՆՑԻԿ ԱԿՆԱՐԿ՝ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՂՊՏԻՆԵՐՈՒՆ

Ծա­գու­մ

Ղպ­­տի ա­նո­ւա­նու­մը կը սե­րի յու­նա­րէն՝ Αίγυπτος-Oajeptus բա­ռէն: Նախ­քան ա­րաբ­նե­րու մուտ­քը Ե­գիպ­տոս, ղպտի բա­ռը կը նշա­նա­կէր ե­գիպ­տա­ցի­ներ, ա­ռանց կրօ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­նա­լու ա­նոր օգ­տա­գործ­ման մէջ: Բայց, ո­րով­հե­տեւ, ա­րաբ իս­լամ­նե­րու Ե­գիպ­տոս մտած ժա­մա­նակ իշ­խա­նու­թիւ­նը քրիս­տո­նեայ կրօ­նա­կան­նե­րուն ձեռքն էր, այդ ա­նուա­նու­մը ստա­ցած է կրօ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն, ա­ռանձ­նաց­նե­լով քրիս­տո­նեա­նե­րը մնա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դէն: Դա­րե­րու ըն­թաց­քին, ղպ­­տի բա­ռը սա­հ­մա­նափա­կուած է մատ­նան­շե­լով քրիս­տո­նեա­նե­րը, ո­րոնց մեծ մա­սը կեդ­րո­նա­ցած է Ե­գիպ­տո­սի եւ Սու­տա­նի մէջ։

Ղպ­­տի բա­ռին սկզբնա­կան ար­մատ­նե­րը կու գան մե­հե­նագ­րա­կան (hieroglyphic) «հակ­բե­թա­հ» բա­ռէն, որ ըստ ո­մանց կար­ծիք­նե­րուն կը մատ­նան­շէ Մեմ­վիս քա­ղա­քին կամ Մենվ քա­ղա­քի՝ Բե­թահ չաս­տուա­ծը, ո­րուն ա­նու­նով եր­բեմն կ՚ա­նուա­նուէր քա­ղա­քը: Եւ ո­րով­հե­տեւ ան հին Ե­գիպ­տո­սի մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն մէկն էր, ա­նոր ա­նու­նը տա­րա­ծուած էր շրջա­նին մէջ: Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, կարգ մը տա­ռեր փո­խա­րի­նուե­ցան եւ դար­ձաւ «հկաթ­բա­հ»: Սա­կայն ատ­տի­կեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ձե­ւա­փո­խուած է, հա­մա­պա­տաս­խա­նե­լու հա­մար յու­նա­կան տա­ռե­րու հնչիւն­նե­րուն, դառ­նա­լով՝ «Էյ­ժիպ­տիո­ս» (Αίγυπτος-Oajeptus), որ եր­կար ժա­մա­նակ կը մատ­նան­շէր Ե­գիպ­տո­սն ու ա­նոր ժո­ղո­վուր­դը:

Այլ վար­կա­ծի մը հա­մա­ձայն, Բարձ­րա­գոյն Ե­գիպ­տո­սի մայ­րա­քա­ղա­քը «Ժի­պտօ» կը կո­չուէր, որ­մէ ե­կած է ա­նուա­նու­մը:

Կան այլ վար­կած­ներ, ըստ ո­րոնց ղպ­­տի բա­ռը կու գայ Նո­յի ծոռ՝ Ղպտի կամ Ղֆ­­տի ա­նու­նէն, որ կ­­՚ը­սուի, թէ Ե­գիպ­տո­սի ա­ռա­ջին բնա­կիչն էր:

Ե­գիպ­տոս շրջա­կայ­քի սե­մա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մէջ ծա­նօթ էր զա­նա­զան ա­նուն­նե­րով: Աք­քա­տե­րէն եւ ա­րա­բե­րէն զայն Մասր կը կո­չէին, ա­րա­մե­րէն՝ Մաս­րիին, եբ­րա­յե­րէն՝ Մաս­րա­յէմ, իսկ յու­նա­րէն՝ Էյ­ժիպ­տոս:

Գի­տաշ­խա­տող Մոր­թըն, 1844 թուա­կա­նին տպագ­րուած իր գիր­քին մէջ կ՚ընդգ­ծէ, թէ ղպ­­տի­նե­րը կով­կա­սեան եւ սե­ւա­մորթ ցե­ղե­րու խառ­նուրդ են:

Պատ­մու­թիւն

Ժա­մա­նա­կա­կից Ե­գիպ­տո­սի հիմ­նա­դիր Մո­համ­մէտ Ա­լի փա­շա­յի օ­րով (1805թ.) ղպ­­տի­նե­րը բո­լոր ե­գի­պատ­ցի­նե­րուն նման կը վայ­լէին հա­մա­հա­ւա­սար ի­րա­ւա­սու­թիւն­ներ եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­ներ: Երբ Մո­համ­մէտ Ա­լի ստանձ­նեց իշ­խա­նու­թիւ­նը, երկ­րի գան­ձա­րա­նը դա­տարկ էր։ Ուս­տի ան որ­դեգ­րեց նե­րո­ղամ­տու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, վե­րաց­նե­լով ղպ­­տի­նե­րու եւ իս­լամ­նե­րու մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ եր­կու կող­մերն ալ կրնան լա­ւա­գոյն ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը մա­տու­ցել երկ­րին: Ա­նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը մի­տէր լիա­կա­տար հա­ւա­սա­րու­թիւն ղպ­­տի­նե­րու եւ իս­լամ­նե­րու մի­ջեւ, ի­րա­ւունք­նե­րու եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ: Ան ղպ­­տի սպա­ներ նշա­նա­կեց զա­նա­զան շրջան­նե­րու մէջ: Այս քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը իր պտղա­բեր ար­դիւնք­նե­րը ու­նե­ցաւ ի փառս երկ­րի: Այս­պէ­սով ղպ­­տի­նե­րը Մո­համ­մէտ Ա­լիի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին շա­րու­նա­կե­ցին ապ­րիլ խա­ղա­ղու­թեամբ: Ա­նոնք աննշ­մա­րե­լի հա­լա­ծանք­նե­րու հան­դի­պած են եւ չեն կրնար մոռ­նալ, որ այդ բար­գա­ւաճ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ար­գի­լուած է նա­խա­պէս պար­տադ­րուած ղպ­­տի­նե­րու տա­րազ­նե­րը: Տե­ղին է յի­շել նաեւ, որ Մո­համ­մէտ Ա­լիի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը ղպ­­տի ե­կե­ղեց­ւոյ ա­մե­նա­պայ­ծառ ժա­մա­նա­կա­հա­տուածն էր, երբ ջնջուած են բո­լոր այն սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը, ո­րոնք կը պար­տադ­րուէին ղպ­­տի­նե­րուն, ի­րենց կրօ­նա­կան ծէ­սե­րը կա­տա­րե­լու ըն­թաց­քին: Ա­նոնք, նոյն­պէս ամ­բող­ջա­կան ի­րա­ւունք ու­նէին ի­րենց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը նո­րո­գե­լու կամ նո­րե­րը կա­ռու­ցե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ: Մո­համ­մէտ Ա­լի ա­ռա­ջին իս­լամ կա­ռա­վա­րիչն էր, որ ղպ­­տի պաշ­տօ­նեա­նե­րուն շնոր­հեց բէ­կի կո­չում եւ իր աշ­խա­տա­կազ­մին մէջ նշա­նա­կեց ղպ­­տի խորհր­դա­կան­ներ:

Սա­յիտ փա­շա, իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին՝ 1854-1863 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ, պահ­պա­նեց հա­ւա­սա­րու­թեամբ եւ նե­րո­ղամ­տու­թեան ո­գիով եր­կի­րը կա­ռա­վա­րե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Ան կի­րա­ռեց զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան օ­րէն­քը ղպ­­տի­նե­րու նկատ­մամբ, ար­գի­լեց ա­նոնց պաշտ­պա­նու­թեան փո­խա­րէն պար­տադ­րուած գլխա­հար­կը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց ար­գի­լուած էր ան­դա­մակ­ցիլ բա­նա­կին: Այս­պէ­սով, ղպ­­տի­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մուտք գոր­ծե­ցին բա­նակ եւ դա­տա­կան հա­մա­կարգ, ա­նոնց­մէ մաս մը մեկ­նե­ցաւ Եւ­րո­պա, ուր կրթա­կան հա­մա­կար­գը նոր զար­թօնք կ­­՚ապ­րէր:

Վիեն­նա, ա­պա Փա­րիզ ու­սում ստա­ցած Խտիվ Իս­մա­յիլ փա­շա (1863-1878թթ.), իր եր­կի­ր վե­րա­դար­ձին, յար­մար նկա­տեց ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ ձե­ւով հա­ւա­սա­րու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նել։ Ուս­տի բա­ցա­յայ­տօ­րէն եւ պաշ­տօ­նա­պէս ո­րո­շեց ղպ­­տի­նե­րու եւ իս­լամ­նե­րու մի­ջեւ հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը դարձ­նել օ­րի­նա­չա­փու­թիւն: Այդ­պէ­սով ղպ­­տի­նե­րը խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մասն­կա­ցե­ցան ու ա­պա դա­տա­կան մարմ­ին­նե­րուն ան­դա­մակ­ցե­լու ի­րա­ւունք ստա­ցան: Խտիվ Իս­մա­յի­լի ժա­մա­նակ ղպ­­տի­նե­րու եւ իս­լամ­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ակն­յայտ ձե­ւով բա­րե­լա­ւուե­ցան եւ քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին հա­ւա­սա­րու­թեան սկզբուն­քը սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ դար­ձած էր երկ­րին մէջ: Խտիվ Իս­մա­յիլ ե­րե­ւե­լի ու­շադ­րու­թիւն կը դարձ­նէր լու­ծե­լու հա­մար ղպ­­տի­նե­րու ու­սում­նա­ռու­թեան հար­ցե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2016