ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Շաբաթ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ մտաւորական Բարսեղ Թուղլաճեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Հանգուցեալի դագաղը մահաբեմի վրայ զետեղուած էր եկեղեցւոյ ճիշդ կեդրոնը։ Անոր շուրջ կերոնակիր էին՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլեկէչ, փոխ-ատենապետ Նազարէթ Պալ, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբէն Նուպար Կիւզելտեւլէթեան։ Լուսաշող տաճարը լեցուած էր հոծ թիւով յուղարկաւորներու կողմէ, որոնք փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու Բարսեղ Թուղլաճեանի եւ անոր վաստակին նկատմամբ։
Յուղարկաւորներու շարքին էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, մեր վարժարաններու տնօրէններ, կրթական մշակներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ եւ մեր համայնքի հոծ թիւով անդամներ, որոնք փութացած էին Բարսեղ Թուղլաճեանի վաստակին առջեւ բերել իրենց խոնարհումը։
Յուղարկաւորութեան նախագահեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ խօսեցաւ կուռ դամբանական մը։ Ան ընդգծեց, որ կեանքը անկատար մարդոց կատարելութեան հասնելու ջանքերու ընթացքն է։ Այս իրողութեան լոյսին տակ դամբանախօս Հայր Սուրբը գնահատեց Բարսեղ Թուղլաճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան շեշտեց, որ ան իր մտաւորական կարողութիւններէն եւ յամառ աշխատանքէն բաժին դուրս բերած էր՝ մեր մշակոյթի գանձանակին մէջ կարեւոր ներդրում մը կատարելու ուղղութեամբ։
Յաւարտ արարողութեան Բարսեղ Թուղլաճեանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մտաւորականաց բաժնէն ներս։
83 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած Բարսեղ Թուղլաճեան 1933 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Նախակրթարանը աւարտած էր Մխիթարեան վարժարանի մէջ, աւելի վերջ յաճախած էր Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Միչիկընի համալսարանին մէջ։ Որդին էր իր ժամանակաշրջանի յայտնի ազգայիններէն Միքայէլ Թուղլաճեանի, որ Տ.Տ. Գէորգ Զ. երանաշնորհ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան առթիւ մեկնած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Բարսեղ Թուղլաճեան որպէս գիտնական ու պատմաբան ծաւալած էր բեղուն գործունէութիւն։ Լուրջ համբաւ ձեռք բերած էր իր պատրաստած բառարաններով եւ հանրագիտարաններով։ Վառ օրինակներէն մին էր «Օքիանուս»ը։ Թրքերէնի մէջ առաջին բժշկական եզրոյթներու բառարանը պատրաստած էր։ Աշխատած էր նաեւ որպէս կրթական մշակ՝ դասաւանդելով անգլերէն։ Նախկին վարչապետներէն Պիւլենտ Էճէվիտի յատուկ թոյլտուութեամբ ուսումնասիրութիւններ կատարած էր Օսմանեան արխիւներէն ներս։ Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Իսմէթ Ինէօնիւ, Ճեւտէտ Սունայ եւ Ֆահրի Քորութիւրք զինքը դարձուցած էին յատուկ գնահատանքի առարկայ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ արտասահմանի մէջ մասնակցած էր բազմաթիւ գիտական հաւաքոյթներու եւ արժանացած՝ զանազան կոչումներու։
Հայերու եւ հայկական մշակոյթի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ ալ կատարած էր Թուղլաճեան, որ իր ամենափորձառու շրջանին հաստափոր հատորներով լուսարձակի տակ առած էր արեւմտահայոց պատմութիւնը։ Պալեան եւ Տատեան գերդաստաններու գործունէութեան վերաբերեալ հետազօտութիւնները, Իսթանպուլի հայկական եկեղեցիներուն վերաբերեալ գործերը, աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի Թուրքիոյ մէջ ծաւալած ստեղծագործական աշխատանքին վերաբերեալ գործերը կրնան առանձնացուիլ իր արտադրանքի ամբողջին մէջ։
Բարսեղ Թուղլաճեան՝ որպէս իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին հրաժեշտ առաւ մեզմէ, իր ետին թողլով ծով վաստակ մը։
Այս տախուր առթիւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր այրիին եւ համայն ընտանիքին։