ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐԸ ՎԵՐՑՆԵԼՈՒ ՈՒԺԸ
Սա մեր ապրած կեանքին մէջ երջանկութեամբ ապրելու համար ո՜րքան արգելքներ, խոչընդոտներ կը հանդիսանան, կը ներկայանան մարդուս առջեւ։ Բայց պէտք չէ վհատիլ, յուսալքուիլ, քանի որ կեանքի մէջ միշտ կա՛ն եւ միշտ պիտի ըլլան դժուարութիւններ, նեղութիւններ՝ որոնք արգելքներ են եւ խոչընդոտներ՝ մարդուս կեանքէն սպասած բարիքներու դէմ, անյաջողութիւններ, ցաւեր եւ վիշտեր պիտի պատահին, քանի որ մարդուս ապրած այս աշխարհը երբեք վարդաստան մը չէ՛, այդպէս բան մըն ալ չէ՛ խոստացուած իրեն։
Արդարեւ, մարդ երբ երեւակայութիւններու մէջ կ՚ապրի եւ կը հեռանայ իրական կեանքէն, միշտ դատապարտուած կը մնայ՝ յուսախաբութիւններու հետ դիմաւորուելու, ապերջանիկ ըլլալու այս աշխարհի վրայ։
Մինչդեռ իրատես մարդը կը բաւականանայ իրողութեան արդիւնքներով, կ՚ընդունի ամէն երեւոյթ՝ իր իրական վիճակով։ Անշուշտ, որ յոյսը միջոց մըն է երջանիկ ըլլալու, բայց երբ ամէն ինչ յոյսի հոսանքին թողուի, երեւակայութիւններու հրապոյրէն տարուի, մեծ հաւանականութեամբ հետեւանքը յուսախաբութիւն կ՚ըլլայ։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ յոյսին պէտք է միանայ՝ սէրը եւ հաւատքը, որոնք կը զօրացնեն յոյսի ազդեցութիւնը եւ արգելք կը հանդիսանան հաւանական յուսախաբութիւններու, քանի որ սէրը եւ հաւատքը կը զօրացնեն մարդուս կամքը, կը քաջալերեն եւ յոյսին թերութիւնները կը լրացնեն։
Ուստի, կեանքի մէջ կարելի է նշմարել երեւոյթներ, որոնք կը հաստատեն դժուարութիւններու, նեղութիւններու՝ բարոյական արգելքներու եւ խոչընդոտներու դէմ Բնութեան ցոյց տուած վարմունքը՝ որ նման է մարդկային վարմունքին, քանի որ ի վերջոյ մա՛րդն ալ մաս մըն է Բնութեան։ Ուրեմն, մարդը բնութեան մէկ մանրատիպն է։ Զոր օրինակ՝ վազուն՝ հոսող ջուրը, առուակէ մը մինչեւ հսկայ գետը, ի՜նչ ուժ եւ ընդդիմութիւն ցոյց կու տայ իր դէմ կանգնած արգելքներուն, խոչընդոտներուն նկատմամբ։
Արդարեւ, կ՚արժէ պահ մը մտածել, թէ՝ ի՞նչ զօրութիւն կ՚որոշէ ջուրին ընթացքը։ Հոսող ջուրին սա ընդդիմութեան ուժը տուողը ի՞նչ է, մանաւանդ այն արգելքներու եւ խոչընդոտներու դէմ՝ որոնք վերցնելու բաւական ուժ չունի ջուրը ինքնին։
Խորհեցէ՛ք, սիրելի՜ներ, ջուրը եւ ժայռը՝ արտաքին տեսքով, բնութեամբ, տկարը եւ զօրաւորը, անկայունը եւ հաստատը։ Բայց այդ ջուրը, ժամանակի ընթացքին կրնայ փշրել՝ մանրել ժայռը։
Բայց, սա բացայա՛յտ է, որ ժայռը փշրողը ո՛չ թէ ջուրին քանակն է, այլ անոր տեւականութիւնը, յարատեւութիւնը, անվհատ բախումը ժայռին։ Եւ ջուրին՝ տկարին յաղթանակը ահաւասիկ, երբ ժայռը այլեւս չի կրնար դիմադրել եւ ի վերջոյ կը պարտուի ջուրէն՝ փշուր փշուր կ՚ըլլայ, կը մանրուի եւ աւազի հատիկներու կը վերածուի։
Տկարին, զօրաւորը յաղթելու այս խորհուրդը, գաղտնիքը, ահաւասիկ մարդուս համար հիանալի՛ տիպար մըն է։ Եւ բնութիւնը կը դաստիարակէ, ուղղութիւն կու տայ մարդուն՝ իր տկարութիւնները, թերութիւնները կատարելագործելու համար։ Բնութիւնը քաջութեան դաս մը կու տայ մարդուն, կը սորվեցնէ անոր, թէ՝ ինք ինքնաբաւ չէ եւ պէտք ունի ուժերու, զինք զօրացնող արտաքին արժէքներու։ Եւ այս իրողութիւնը, մարդս կ՚առաջնորդէ «գործակից» մը՝ օգնական մը փնտռելու, իրմէ աւելի՛ զօրաւորի մը ներկայութիւնը որոնելու՝ անով հետաքրքրուելու եւ պրպտելու։ Այս որոնումը, ահաւասիկ, մարդս կ՚առաջնորդէ «Գերագայն Ուժ»ի մը, «Գերագոյն Արժէք»ի մը գոյութեան բնական պահանջքին։ Եւ մարդ կ՚անդրադառնայ, որ ինք չէ՛ գոյացած, այլ՝ ստեղծուած, ինք ինքնաբաւ չէ՛, այլ պահանջքը ունի միշտ Նախախնամութեան մը հոգածութեան։
Այդ անդրադարձումը ահաւասիկ «Ճշմարտութեան գիտակցութեան» կը տանի մարդ արարածը եւ կը հասկնայ, թէ՝ ինք «Արարիչ» մը եւ «Նախախնամ» մը ունի՝ որ պատճառն է իր էութեան եւ ներքին ուժը՝ պայքարելու կեանքի զանազան դժուարութիւններուն դէմ եւ կարենալ ընդդիմութիւն ցոյց տալ խոչընդոտներու եւ արգելքներու հանդէպ եւ յաղթակա՛ն դուրս գալ կեանքի պայքարէն…։
Բնութեան մեզի տուած օրինակով, երբ հոսող ջուրին դէմ կ՚ելլէ լեռ մը, բլուր մը՝ որուն վրայ մաքլցելու անկարող է, կը դառնայ անոր շուրջովը եւ անպայման ելք մը կը գտնէ իրեն համար։ Չի՛ վհատիր, չի՛ յուսալքուիր, չի՛ ցամքիր, չի՛ քաշուիր, չի՛ սպառիր, կերպով մը կը շարունակէ իր ճամբան՝ յաղթակա՛ն եւ կը պահէ իր կենդանութիւնը, կեա՛նքը։ Եւ ջուրը՝ տկար թէեւ, բայց յաղթական կը շարունակէ իր ճամբուն ընթացքը։ Ըսենք որ ջուրը դիմաւորուեցաւ այնպիսի արգելքներու եւ խոչընդոտներու հետ, որ չկարողացաւ որեւէ կերպով շարունակել իր ճամբու ընթացքը, դարձեալ չի՛ չորնար, չի՛ ցամքիր, այլ, ակամայ կը փոխէ իր նկարագիրը՝ լիճ մը կ՚ըլլայ, բայց երբեք չի՛ կորսնցներ իր «ջուր» էութիւնը, ան կը մնայ մի՛շտ «ջուր», գետ կամ լիճ, բայց միշտ «ջուր» նկարագիրը կը պահէ։
Եւ այս բնական երեւոյթը կարելի է յարմարցնել մարդկային-բարոյական կեանքի եւ օրինակ առնել գետին ցոյց տուած հաստատակամութենէն, որ արգելքներու եւ խոչընդոտներու առջեւ, որքան ալ զօրաւոր եւ տիրապետող ըլլան անոնք, չի կորսնցներ, չի զիջանիր, տեղի չի տար անոնց հանդէպ եւ կը պահէ իր էութիւնը, «ջուր» ըլլալու իրականութիւնը, եթէ նոյնիսկ փոխէ իր նկարագիրը՝ լիճ ըլլայ. երբ նախապէս գետ մըն էր։ Ջուրը ունի այդ քաջութիւնը, այդ հաստատակամութիւնը, «ջուր» մնալու «արժանապատուութեան գիտակցութիւն»ը, կամ «բնազդ»ը։ Կարելի է ենթադրել, որ գետէ փոխուած լիճին մէջ «մելամաղձոտութիւն» մը ըլլայ, բայց կա՛յ նաեւ «ջուր» մնալու արդար հպարութիւնը, որ ինքնին հպարտութեան պատճառ մըն է, քանի որ յաղթանա՛կ մըն է։ Թէեւ «լիճ» մը, «լճակ» մը՝ լռելեան խոստովանութիւնն է գետին պարտութեան խոչընդոտներու առջեւ, բայց կարեկցաբար, ստիպողական ճարտար պարտութեան մը գետին խոստովանութիւնը։ Եւ ամէն անկեղծ խոստովանութիւն ինքնին յաղթանակ մըն է, արդարութեամբ պսակուա՛ծ։
Հապա մա՞րդ, ի՛նչ հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ կեանքին մէջ պատահած ձախողութիւններուն, կորուստներուն, վիրաւորանքներուն հանդէպ։
Կա՞յ տարբերութիւն բնութեան ընդհանուր երեւոյթներուն եւ մարդկային կեանքին մէջ, մանաւանդ դժուարութիւններու, խոչընդոտներու նկատմամբ։ Մարդն ալ նոյնը կ՚ընէ գետին ըրածին՝ կը պայքարի, եւ երբ պարտուի, երբեք չի՛ կորսնցներ իր «մարդ» հանգամանքը, չի՛ կորսնցներ եւ չի՛ զիջանիր իր մարդկային արժանապատուութենէն եւ կը մնայ միշտ «մա՛րդ», եւ պէտք է մնայ միշտ «մարդ»։
Նեղութիւններու դէմ քա՛ջ ըլլալու կոչուած է մարդ, քաջ եւ ի վերջոյ յաղթակա՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 9, 2016, Իսթանպուլ