Շաբաթ 1, Մարտ 2025
ՆՈՒԻՐԱԲԱՇԽՈՒՄՆԵՐԸ ՎԵՐՋԱՑԱՆ
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «500 ծիծղուն աչք» խորագրեալ ամանորեան նուիրաբաշխման արշաւը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Մխիթարեանցիները երէկ այցելեցին այս ծրագրին մէջ ընդգրկուած վերջին երեք վարժարանները։ Այսպէս, անոնց կանգառները հանդիսացան Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, Գալֆաեան Տունը եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը։ Բոլոր վարժարաններուն մէջ փոքրիկները բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ պապուկը, որմէ ստացան իրենց նուէրները։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016