ՍԻՐՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սէ­րը զօ­րու­թի՛ւն մըն է՝ ար­ժէ­քը եւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ան­վի­ճե­լի ո՛ւժ մը։ Երբ Քրիս­տոս մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը զգե­ցաւ, մար­դե­ղա­ցաւ՝ մարդ­կու­թիւ­նը Ի­րեն կա­պեց սի­րոյ այն­պի­սի կա­պով մը, որ ո­րե­ւէ զօ­րու­թեամբ չի խոր­տա­կուիր ե­թէ ո՛չ մար­դուն ի՛ր իսկ կամ­քո­վը։ Ար­դա­րեւ «Չար» էու­թիւ­նը պար­տու­թեան կա­րե­լի է մատ­նել միա՛յն սի­րով։ 

«Չար»ը շա­րու­նակ մար­դը կը փոր­ձէ՝ ա­նոր կը ներ­կա­յաց­նէ հրա­պոյր­ներ՝ այդ կա­պը խոր­տա­կել տա­լու հա­մար, Բա­րին զա­տե­լու հա­մար Բա­րու­թե­նէն, մար­դը հե­ռաց­նե­լու հա­մար Քրիս­տո­սէն։ Այս ի­մաս­տով ամ­բողջ կեան­քը պայ­քար մը, կռիւ մըն է բա­րիին ու չա­րին մի­ջեւ։ 

Այս ի­րո­ղու­թեան մէ՛ջ է, որ մարդս պէտք ու­նի պայ­քա­րե­լու, հսկե­լու, ա­ղօ­թե­լու՝ որ­պէս­զի չմո­լո­րի, չսխա­լի եւ հե­ռու մնայ «ու­րիշ տէր» մը ընտ­րե­լու սխալ ո­րո­շու­մէն…։

Մարդ՝ ա­զատ է ընտ­րե­լու «չար»ը։ «Ա­զատ կամք»ի վար­դա­պե­տու­թիւ­նը մար­դուս չարն ալ ընտ­րե­լու ա­ռի­թը կու տայ։ Բայց շի­տակ եւ ու­ղիղ է այն մար­դը՝ որ բա­րին կ՚ընտ­րէ իր ա­զատ կամ­քով եւ կը պար­տէ չա­րը, կը հե­ռա­նայ ա­նոր փոր­ձու­թիւն­նե­րէն։ 

Այն մար­դը, որ իր աչ­քե­րը կը սե­ւե­ռէ Քրիս­տո­սի վրայ միշտ, եւ ան պի­տի պաշտ­պա­նէ ու պա­հէ զինք։ 

Յի­սու­սի նա­յե­լով՝ մարդ ա­պա­հով կը զգայ զինք։ 

Ո՛­չինչ կրնայ մար­դը խլել Ա­նոր ձեռ­քէն։ Տե­ւա­պէս Ա­նոր նա­յե­լով՝ «Կը փո­խուինք փառ­քէ փառք՝ որ­պէս թէ Տէ­րո­ջը Հո­գիէն» (Բ. Կորն. Գ 18)։ Յի­սուս միշտ վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ ա­մէն ա­նոնց՝ որ կ՚ա­պա­ւի­նին Ի­րեն։ Ան­շուշտ հոս ինք­զինք ցոյց կու տայ այն զօ­րա­ւոր ան­տե­սա­նե­լի կա­պը փո­խա­դարձ, որ սէ՛րն է։ 

Ա­հա՛ այս­պէս էր, որ ա­ռա­ջին ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ա՜յն­քան սի­րե­լի Փրկչին նմա­նե­ցան։ Ա­նոնք երբ լսե­ցին Քրիս­տո­սի խօս­քե­րը՝ անդ­րա­դար­ձան, զգա­ցին, թէ պէ՛տք ու­նէին Ա­նոր։ Փնտռե­ցին զԻնք, գտան զԱյն եւ հե­տե­ւե­ցան Ա­նոր։ Սէ՛րն էր շար­ժա­ռի­թը այդ անդ­րա­դար­ձու­մին։ Սէ՛րն էր, որ կա­պեց զա­նոնք Քրիս­տո­սի։ 

Ա­շա­կերտ­նե­րը նուի­րուե­ցան, նոր կեանք ստա­ցան, այն­պէս որ Ա­նոր հետ էին տան մէջ, սե­ղա­նին բո­լոր­տի­քը, ա­ռան­ձինն ու հրա­պա­րակ­նե­րու վրայ Ա­նոր հետ էին՝ ինչ­պէս ա­շա­կերտ­ներ ի­րենց ու­սուց­չին հետ. ա­մէն օր սուրբ ճշմար­տու­թեան դա­սեր լսե­լով Իր մեղ­րա­ծոր շրթնե­րէն։ Ա­նոր կը նա­յէին՝ ինչ­պէս ծա­ռա­ներ ի­րենց տի­րո­ջը՝ ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը սոր­վե­լու հա­մար։

Ար­դա­րեւ, այդ ա­շա­կերտ­նե­րը «մե­զի պէս կիր­քե­րու, են­թա­կայ» (ՅԱԿ. Ե 17) մար­դիկ էին։ Ա­նոնք պայ­քա­րի միեւ­նոյն նպա­տա­կը ու­նէին՝ պայ­քար մղել մեղ­քին, չա­րին դէ՛մ։ Ա­նոնք պէտք ու­նէին միեւ­նոյն շնորհ­քը՝ «սուրբ կեանք» մը ապ­րե­լու հա­մար։ Նո՛յ­նիսկ Քրիս­տո­սի սի­րե­լի ա­շա­կեր­տը Յով­հան­նէս, որ ա­մե­նէն ա­ւե­լի ցո­լա­ցուց Փրկչին նմա­նու­թիւ­նը, նկա­րագ­րի այդ քաղց­րու­թիւ­նը չու­նէր ի ծնէ, ի բնէ։ 

Ան ո՛չ միայն յանձ­նա­պաս­տան էր ու փա­ռա­սէր, այ­լեւ յա­խուռն ու ո­խա­կա՛լ։ Բայց երբ Աս­տուած-մար­դուն նկա­րա­գի­րը յայտ­նուե­ցաւ ի­րեն, ան տե­սաւ իր ան­ձին ան­կա­տա­րու­թիւ­նը, եւ այդ գի­տակ­ցու­թեամբ խո­նար­հե­ցաւ։ Զօ­րու­թիւ­նը եւ համ­բե­րու­թիւ­նը, կա­րո­ղու­թիւ­նը եւ քաղց­րու­թիւ­նը, մեծ­վա­յել­չու­թիւ­նը եւ հե­զու­թիւ­նը՝ զորս ին­քը կը նկա­տէր Աս­տուա­ծորդ­ւոյն ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին մէջ, հիաց­մամբ եւ մա­նա­ւա՛նդ սի­րով կը հա­մա­կէին իր հո­գին։ 

Օր ըստ օ­րէ դէ­պի Քրիս­տոս կը ձգտէր ա­նոր սիր­տը՝ մին­չեւ որ իր Վար­դա­պե­տին հա­մար ու­նե­ցած սի­րոյն մէջ ան­հե­տա­ցաւ իր «Ես»ը։ Ա­նոր վրի­ժա­ռու, փա­ռա­սէր, ինք­նա­մոլ բնու­թիւ­նը Քրիս­տո­սի շի­նիչ զօ­րու­թեա­նը հպա­տա­կե­ցաւ։ Սուրբ Հո­գիին վե­րած­նիչ ազ­դե­ցու­թիւ­նը նո­րո­գեց իր սիր­տը։ Քրիս­տո­սի սի­րոյն զօ­րու­թիւ­նը ա­նոր մէջ նկա­րագ­րի փո­փո­խու­թիւն մը գոր­ծեց։ Սէ­րը ի գործ դրաւ իր զօ­րու­թիւ­նը։ 

Ա՛յս է ա­հա Յի­սու­սի հետ միա­նա­լու ստոյգ ար­դիւն­քը։ Երբ Ան բնա­կի մար­դուս սրտին մէջ՝ ա­նոր բնու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին կը փո­խուի։ Քրիս­տո­սի Հո­գին եւ սէ­րը կը կակ­ղաց­նեն սիր­տը, կը նուա­ճեն հո­գին, եւ դէ­պի Աս­տուած ու դէ­պի Եր­կինք կը բարձ­րաց­նեն մտա­ծում­ներն ու փա­փաք­նե­րը։ 

Չան­տե­սե՛նք սի­րոյ զօ­րու­թիւ­նը մեր կեան­քին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 7, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2015