ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Ա­մա­նո­րի առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ պատ­գա­մով մը։ Նո­րին Սրբու­թեան կող­մէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թեան ուղ­ղեալ այս պատ­գա­մը տե­սասփ­ռուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան կող­մէ։ Տա­րե­մու­տէն քա­նի մը վայր­կեան ա­ռաջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր պատ­գա­մին մէջ ը­սաւ.

«Տա­րե­մու­տի սե­մին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն ա­ղօթ­քով եւ ո­ղոր­մած Աս­տու­ծոյ շնորհ­նե­րու հայ­ցով հայ­րա­կան մեր սէ­րը եւ օրհ­նու­թիւ­նը կը բե­րենք ձե­զի ի Հա­յաս­տան, յԱր­ցախ եւ ի Սփիւռս։

«Յոյ­սով ու բա­րի ակն­կա­լիք­նե­րով կը դի­մա­ւո­րենք 2017 թուա­կա­նը՝ հրա­ժեշտ տա­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար յու­զում­նե­րով դժուա­րին տա­րուան։ Ան­գամ մը եւս ապ­րե­ցանք պա­տե­րազ­մի, ռազ­մա­կան սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու տագ­նապ­նե­րը եւ կո­րուստ­նե­րու ցա­ւը, նաեւ ա­մա­վեր­ջի այս օ­րե­րուն։ Ա­կա­նա­տես ե­ղանք սխրանք­նե­րուն մեր զա­ւակ­նե­րու, ո­րոնք ա­նա­ռիկ պա­հե­ցին մեր երկ­րի սահ­ման­նե­րը։ Զգա­ցինք քա­ջա­լե­րու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նե­լու պատ­րաստ մեր ժո­ղո­վուր­դի միաս­նա­կա­նու­թեան։ Անց­նող տարուան ըն­թաց­քին յաղ­թա­հա­րե­ցինք նաեւ ներ­քին ան­կա­յու­նու­թեան սպառ­նա­լի­քը՝ հաս­տա­տե­լով խնդիր­նե­րը օ­րի­նա­կա­նու­թեամբ վճռե­լու մեր ու­ղին։

«Այս մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով ու հայ­րե­նա­կան մեր կեան­քի բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թեամբ ա­րա­րեց, բա­րիք ստեղ­ծեց, ի Սփիւռս աշ­խար­հի տօ­նեց ան­կախ մեր պե­տա­կա­նու­թեան 25-րդ տա­րե­դար­ձը, զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցաւ ու սա­տա­րեց պա­տե­րազ­մա­կան նե­ղու­թիւն­ներ կրող սու­րիա­հա­յու­թեան։ Հայ­րե­նի­քի եւ Սփիւռ­քի մէջ մեր ժո­ղո­վուր­դը ապ­րե­ցաւ առ հայ­րե­նին սի­րով, յոյ­սով լա­ւա­տես, թէ նո­րո­գեալ կեան­քով, իր աշ­խա­տան­քով, տա­ղան­դով ու ձեռք­բե­րում­նե­րով պի­տի կեր­տէ իր բա­րօր լու­սա­ւոր ներ­կան ու ա­պա­գան։ Երկ­նա­ւո­րին գո­հու­թիւն կը յայտ­նենք, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին ի­րենց հո­գե­ւոր ա­ճը, զօ­րա­ցու­ցին ի­րենց հա­ւատքն ու քրիս­տո­նէա­կան ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ուղ­ղուած է մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ըն­դար­ձա­կուող գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Քրիս­տո­նէա­կան մեր հա­ւատ­քի լիու­լի դրսե­ւո­րու­մը այն ժայ­ռե­ղէն հիմքն է, ո­րու վրայ շա­րու­նակ պի­տի բարձ­րա­նայ մեր կեան­քը եւ ու­նե­նայ նե­րու­ժը՝ յաղ­թա­նակ­ներ կեր­տե­լու։

«Տա­րե­մու­տը հրա­ւէր է նո­րո­գու­թեան, վե­րա­փո­խուե­լու, հրա­ժա­րե­լու ան­ցեա­լի սխալ­նե­րէն ու բաց­թո­ղում­նե­րէն։ Մեր յոր­դորն է, սի­րե­լի բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուրդ, որ քրիս­տո­նէա­կան սի­րով, հայ­րե­նա­շէն ջան­քե­րով, մեր երկ­րին մէջ կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման եւ օ­րի­նա­կա­նու­թեան ամր­պանդ­ման նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րենք մեր պե­տա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի զօ­րաց­ման եւ ի Սփիւռս աշ­խար­հի մեր ազ­գա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ան­դաս­տա­նի շէ­նաց­ման։ Ծա­ռա­յենք ի­րա­րու, ծա­ռա­յենք մեր հայ­րե­նի­քին, ո­րու օրհ­նեալ կեան­քը պի­տի կեր­տենք, ծա­ռա­յենք մեր ազ­գին, որ բա­զում յոյ­սեր ու­նի ի­րա­գոր­ծե­լու։ Օգ­նա­կան ըլ­լանք նե­ղեալ­նե­րուն եւ կա­րօ­տեալ­նե­րուն։ Ի­րա­րու նկատ­մամբ սէ­րը, բա­րի նպա­տակն ու գոր­ծը Աս­տուած ան­տես չ՚ը­ներ։ Յանձ­նա­ռու­թեան այս ո­գիով դի­մա­ւո­րենք 2017 թուա­կա­նը։

«Հա­մայն հա­յոց հո­գե­ւոր նուի­րա­կան կեդ­րոն Սուրբ Էջ­միած­նէն մեր ա­ղօթ­քը կը բարձ­րաց­նենք, որ­պէս­զի Աս­տուած օրհ­նէ մեր հայ­րե­նի­քը, օրհ­նէ մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քը ի Սփիւռս աշ­խար­հի, անվ­տանգ ու ան­յաղթ պահ­պա­նէ մեր բա­նա­կի զի­նուոր­ներն ու սպա­նե­րը, օրհ­նէ յի­շա­տա­կը հայ­րե­նի­քի հա­մար զո­հուած մեր քա­ջա­րի զա­ւակ­նե­րուն եւ ա­մուր ու ան­խա­թար պա­հէ խա­ղա­ղու­թիւ­նը մեր երկ­րի սահ­ման­նե­րուն։

«Խա­ղա­ղու­թիւն կը մաղ­թենք ամ­բողջ աշ­խար­հին, խա­ղա­ղու­թիւն՝ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քին, Սու­րիոյ, Ի­րա­քին։ Թող մեր Փրկչի ա­ռատ շնորհ­նե­րը, ու­րա­խու­թիւն, եր­ջան­կու­թիւն, բիւր բա­րիք­ներ հե­ղուին ձեր կեան­քէն եւ ձեր ըն­տա­նիք­նե­րէն ներս, սի­րե­լի­ներ։ Պահ­պա­նե­ցէք ձեր հա­ւատ­քը, պահ­պա­նե­ցէք ձեր հայ­րե­նա­սէր, ազ­գա­նուէր ո­գին, հոգ տա­րէք ի­րա­րու, հո­գա­ցէք յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի հա­մար, որ ու­նինք Յի­սուս Քրիս­տո­սով։ Կը մաղ­թենք բա­րի, օրհ­նեալ տա­րի բո­լո­րիդ։ Շնոր­հա­ւոր Նոր տա­րի»։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017