ԻՇԽԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ նշեց Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նը։ Տա­ղա­ւա­րի բերկ­րա­լի ա­ւե­տի­սով մեր ե­կե­ղե­ցին հնչե­ցուց իր զան­գե­րը, մինչ հա­մայն հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած էր իր ընդ­հան­րա­կան հո­գե­ւոր կեդ­րո­նին՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի վրայ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը հան­դի­սա­պե­տեց Մայր Տա­ճա­րի փա­ռա­շուք ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ու­ղիղ ե­թե­րով տե­սասփ­ռուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան կող­մէ։ Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն հայ­րա­պե­տա­կան ծան­րա­շուք թա­փօ­րը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս մուտք գոր­ծեց Մայր Տա­ճար, ուր ներ­կայ էին նաեւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, օ­տա­րերկ­րեայ դի­ւա­նա­գէտ­ներ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ամպ­հո­վա­նին կրե­ցին Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րէն լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Հայ­րա­պե­տա­կան լրիւ հան­դեր­ձան­քի մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Մայր Տա­ճար, ուր մա­տոյց տա­ղա­ւա­րի Ս. Պա­տա­րա­գը։ Մայր Տա­ճա­րի երգ­չա­խում­բը շատ խորհր­դա­ւոր ու տպա­ւո­րիչ կեր­պով կա­տա­րեց Հայ­րա­պե­տա­կան Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը։ Նո­րին Սրբու­թեան ա­ռըն­թե­րա­կայ էին Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեան եւ Տ. Մու­շեղ Եպսկ. Պա­պա­յեան։ Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ էր նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան ե­րէց միա­բան­նե­րէն Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեան։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան Ջրօրհ­նէ­քը, ո­րու ըն­թաց­քին որ­պէս խորհր­դան­շա­կան կնքա­հայր խա­չը կրեց սու­րիա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կար­պիս Յա­րու­թիւ­նեան։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, մայ­րա­վան­քի «Ա­լեք եւ Մա­րի Մա­նու­կեան» գան­ձա­տան եր­դի­քին տակ սար­քուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն։ Սուրբ Ծնուն­դի առ­թիւ Ամենայն Հայոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ըն­դու­նեց հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն, Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին, Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած օ­տա­րերկ­րեայ դես­պան­նե­րուն, երկ­րի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, ա­րուես­տի գոր­ծիչ­նե­րու, հա­սա­րա­կու­թեան զա­նա­զան խա­ւե­րու եւ այլ հիւ­րե­րու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Նո­րին Սրբու­թիւնն ալ դար­ձեալ փո­խան­ցեց հայ­րա­պե­տա­կան իր օրհ­նու­թիւնն ու բա­րե­մաղ­թան­ք­ները։

Շաբաթ, Յունուար 7, 2017