ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԼՈՒԲԻԱՅԻ ՕՐԸ
Գարակէօզեան Տան ընտանիքը շաբաթավերջին ապրեցաւ աւանդական լուբիայի օրուան հրճուանքը։ Շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքը այս տարի եւս առիթ հանդիսացաւ զանազան սերունդներէ գարակէօզեանցիներու համախմբման, ինչպէս նաեւ յոբելեար ընթացաւարտներու պարգեւատրման։
Շաբաթ առաւօտ Գարակէօզեանի ընտանիքի ներկայացուցիչները Շիշլիի գերեզմանատան մէջ այցելեցին վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի շիրիմը։ Անցեալ շաբթուան մէջ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի յիշատակին համար պաշտօն մըն ալ կատարուեցաւ իր շիրմին վրայ, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ։ Ներկայ էին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, ուսուցչական կազմի եւ աշակերտութեան կողմէ ներկայացուցիչներ եւ այլ երախտաշատ սաներ։
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ բոլոր գարակէօզեանցիները անցան դպրոց։ Ճաշարանին մէջ անոնք համախմբուեցան աւանդական լուբիայի սեղանին շուրջ։ Անոնք հերթական անգամ վայելեցին իրարու անմիջականութիւնը եւ դպրոցի նուիրական յարկէն ներս զիրար վերագտնելու երջանկութիւնը։
Շրջանաւարտից օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Մարի Արզումանի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Արուսեակ Մոնէ։
Հանդիսութեան տեւողութեան կրծքանշաններ յանձ-նըւեցան վարժարանի յոբելեար շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի պատասխանատուները յանձնեցին այդ կրծքանշանները։ Իւրաքանչիւր յոբելեար գարակէօզեանցիի համար անտարակոյս բարոյական մեծ նշանակութիւն ունեցաւ վարժարանին կողմէ տրուած այդ խորհրդանշական պարգեւը։ Կրծքանշաններու յանձնման փուլին սրտի խօսքերով հանդէս եկան հաստատութեան զանազան շրջանաւարտներ. ինչպէս՝ Անդրանիկ Տուփինեան, Հայկ Նշան, Յակոբ Ալաքուշ, Զաքարիա Միլտանօղլու, Հայկ Ասլանեան եւ այլք։ 25-ամեայ, 50-ամեայ եւ 50 է աւելի ընթացաւարտներու կրծքանշաններու յանձնուելէն վերջ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան արտասանեց հուսկ բանքը։
«Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցէն ներս հանդիսութեան եզրափակուելէն վերջ գարակէօզեանցիները շրջայց մը կատարեցին վարժարանին մէջ եւ իրարմէ հրաժեշտ առին բարձր տրամադրութեամբ։
Լուբիայի օրուան մասնակիցները առիթն ունեցան առաւելագոյնս հաղորդ դառնալու Գարակէօզեան Տան անցեալին։ Արդարեւ, շրջանաւարտներու տրամադրութեան տակ դրուեցան հին լուսանկարներ, նախկին տնօրէններու օրագրութիւններ, արխիւային նիւթեր եւ հին շրջանաւարտներու ձայնագրութիւններ։