ԱՐԴԱՐ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ երէկ մեծ պատիւի մը արժանացան մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Հայկ Ասլանեան եւ Գէորգ Սանթալու։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ իրենց շնորհուեցաւ «Յովհաննէս Կոլոտ» շքանշանը։ Պատրիարքարանը այս կարգադրութիւնը կատարեց՝ գնահատելով անոնց կողմէ տասնամեակներէ ի վեր մեր համայնքին համար մատուցուած բազմակողմանի ծառայութիւնը։ Հայկ Ասլանեանի եւ Գէորգ Սանթալուի մեծարանքը տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին օրը։ Ասլանեան եւ Սանթալու երկար տասնամեակներ կայուն պահած են Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը։ Հայկ Ասլանեան, որ Կեդրոնականի սաներէն է, Գարակէօզեան Տան եւ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին համար ալ ներդրած է մեծ վաստակ։ Ան ներկայիս ատենապետն է ՍԷՎ հիմնարկի։ Ասլանեանի եւ Սանթալուի բազմատասնեակ տարիներու համայնքային ծառայութեան վարձատրութեան տեսանկիւնէն կարեւոր նշանակութիւն մը ունեցաւ երէկուան պարգեւատրումը։
Գումգաբուի մէջ երէկ համայնքային շրջանակները ջերմօրէն ողջունեցին Հայկ Ասլանեանի եւ Գէորգ Սանթալուի մեծարանքը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ պատմական կամարներուն ներքեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսաւոր պայմաններով, խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ յանձնեց անոնց Պատրիարքարանի «Յովհաննէս Կոլտ» շքանշանները։
Նորին Սրբազնութիւնը օրուան պատգամին մէջ բարձր գնահատեց անոնց ծառայութիւնները։ Քարոզի աւարտին հանդիսաւորապէս ընթերցուեցան համապատասխան օրհնութեան գիրերը եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Խորանին վրայէն Հայկ Ասլանեանի եւ Գէորգ Սանթալուի լամբակին զետեղեց շքանշանը։
Այս պարգեւատրումը անտարակոյս, բացառիկ նշանակութիւն ունէր Ասլանեանի եւ Սանթալուի ընտանիքներուն տեսակէտէ։ Անոնք շրջապատուած էին իրենց հարազատներուն կողմէ։
Երէկուան պարգեւատրումէն վերջ թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ արարողութեան յաջորդած սիրոյ սեղանին ընթացքին համայնքային շրջանակները անկեղծօրէն ուրախակից եղան Ասլանեանի եւ Սանթալուի ընտանիքներուն՝ մաղթելով տակաւին երկար տարիներ համայնքային գործունէութեան մէջ։