ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԽՕՍՔԵՐ
Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք՝ խօսքեր կան, որոնք կը տպաւորեն մարդկութիւնը եւ մշտնջենական արժէք կը ներկայացնեն ամէն շրջանի մարդուս համար։ Եւ դարձեալ կան խօսքեր՝ որոնք կարճ են, քիչ են եւ սակայն շա՜տ բան կ՚ըսեն, խօսքեր են՝ խօսքէն աւելի՛. կան նաեւ խօսքեր՝ որոնք երկար են, շատ են, բայց բովանդակութեամբը ո՛չինչ կ՚ըսեն եւ կը կորսուին ժամանակի տեւողութեանը ընթացքին եւ որեւէ տպաւորութիւն, ազդեցութիւն չեն թողուր մարդուս։
Ահաւասիկ, այս իմաստով, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք՝ կարճ բայց շատ բան ըսող խօսքեր, մշտնջենական արժէք ունեցող խօսքեր՝ որոնք տպաւորուած են միտքերու մէջ՝ սերունդէ՜ սերունդ։
1- «Մարդն է որ կը զարդարէ տեղը եւ ո՛չ թէ տեղը՝ մարդս»։ «Homo locum ornat, non ornat hominem locus»։ Տեղեր, վայրեր կը գեղեցկանան իրենց բնակիչներով։
2- «Մա՛րդ եմ, եւ ո՛չ մէկ մարդկային բան օտար է ինծի, մա՛րդ եմ, եւ ո՛չ մէկ մարդկային բան խորթ կը համարեմ ինծի համար»։ «Homo sum et nil humani a me alie-num puto»։ Մեր թուականէն առաջ, 185-159 թուականներուն՝ Տերենցիոսի կատակերգութենէն։
3- «Այստեղ ջուրը կը կանգնի», այսինքն այստեղ դժուարութիւն կա՛յ, այստեղ խոչընդոտ կա՛յ. «Hic haeret agua»։ Ուրեմն զգո՛յշ ըլլալու է։
4- «Թող ամօթ ըլլայ անոր, որ այդ մասին վատ բան կը մտածէ»։ Այսինքն՝ վատ, գէշ մտածողը թող ամօթապարտ ըլլայ։ «Honni soit, qui mol y pense»։ Անգլիական ծնկակապի (=ծունկը պաշտպանող կապ, զանկապան) շքանշանի նշանաբանը։
5- «Ամէն բանէն քիչ մը, ամբողջութեամբ՝ ո՛չինչ», բան մը հասկնալու կամ կարողանալու համար. ամենէն՝ քիչ-քիչ, արդիւնքը՝ ո՛չինչ։ «In omnibus aliquid, in toto nihil»։ Կէս գիտութիւնը գիտութիւն չէ՛, ինչպէս, մակերեսային տեղեկութիւնը, տեղեկութիւն չէ՛։
6- «Ճշմարտութիւնը գինիի մէ՛ջ է. մարդ խմած ժամանակ կը հասնի ճշմարտութեան». «In vino veritas». հին յոյն բանաստեղծներու ասութիւնը։
7- «Երբ կը խօսի զէնքը, կը լռեն օրէնք կամ մուսաներ». զէնքի հանդէպ օրէնքները կը լռեն. պատերազմի ժամանակ գիտութիւնը եւ գեղարուեստը կանգ կ՚առնեն։ «Inter arma silent leges» կամ «Inter arma silent musae»։ Կիկերոնի յայտնի խօսքը։
8- «Խօսքը մեր մէջ». «Inter nos»։
9- «Ես ա՛յստեղ եմ, ա՛յստեղ ալ կը մնամ». «J՚y suis, j՚y reste»։ Ֆրանսացի Մակ-Մահոնիի խօսքը։
10- «Այստեղ մտնողները թող կտրեն իրենց յոյսերը». «Lasciate ogni speranza voi ch՚entrate»։ Տանդէի «Աստուածային կատակերգութեան» մէջ դժոխքի դռնավերեւ արձանագրութեան վերջին բառերը։
11- «Գրուածը կը մնա՛յ». գրուածը աւելի կը պարտաւորեցնէ քան բանաւորը՝ խօսքը։ Նաեւ՝ «ի՛նչ որ գրչով գրուած է, չի՛ ջնջուիր բահով եւ բրիչով»։ «Littera scripta manet»։
12- «Թագաւորը կը թագաւորէ, բայց չի կառավարեր»։ Թիէր-ի ձեւակերպած սկզբունք. «Le roi régne, mais ne gouverne pas»։
13- «Թագաւորը մեռաւ. կեցցէ՛ թագաւորը». միապետականներու սկզբունք՝ միապետական իշխանութեան յարատեւութեան մասին՝ առանց նկատի առնելու անհատներու մահը։ «Le roi est mort, vive le roi»։
14- «Լաւագոյնը լաւի թշնամին է». «Le mieux est l՚ennemi du bien»։
15- «Մեռածը կը բռնէ կենդանի մնացածը»՝ անցեալը կը ծանրանայ ներկային վրայ, իմաստով։ «Le mort saisit le vif»։
16- «Հանճարամիտները իրարու կը հանդիպին»՝ խելացի մարդիկ միեւնոյն միտքերուն կու գան։ Եւ կամ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է, ամէն բանաւոր միտք ի վերջոյ անոր կը հասնի։ «Les beaux esprits se rencontrent»։
17- «Հակադիր ծայրերը զիրար կը շօշափեն, ծայրաթեւերը իրարու կը կպչին, ծայրայեղութիւնները իրարու կը մօտենան». «Les extrêmes se touchent»։
18- «Ոճը՝ ինք մա՛րդն է»՝ ոճը կը բնորոշէ մարդը։ Պիւֆֆոնի պատկանող խօսք։ «Le style c՚est l՚homme»։
19- «Միութիւնը ո՛ւժ է». միութիւնն է որ ուժ կը կազմէ։ «L՚union fait la force»։
20- «Կրկնութիւնը ուսման մա՛յրն է». «Repetitio est mater studiorum»։
21- «Վերադառնանք մեր ոչխարներուն», այսինքն՝ գանք մեր խօսքին, վերադառնանք մեր ընդհատուած, ընդմիջուած խօսքին։ «Revenons a nos moutons»։
22- «Լաւ կը ծիծաղի ան, որ վերջը կը ծիծաղի». տեսնենք՝ որ ըսածը կը կատարուի։ «Rira bien qui rira le dernier»։
23- «Գո՛րծ, ոչ թէ խօսք». «գործեր եւ ո՛չ թէ բառեր». «Res, non verba»։
24- «Սուրբ անմեղութիւն». «Santcta simplicitas»։
25- «Հասարակութեան՝ ժողովուրդին փրկութիւնը բարձրագոյն օրէ՛նքն է» կամ «հասարակական՝ ժողովրդական բարօրութիւնը ամենաբարձր օրէնքն է»։ «Salus publica (populi)-suprema lex». Կիկերոնի ասութիւններէն։
26- «Լեցուն փորը սորվիլ չի սիրե՛ր». լեցուն փորով սորվիլ կարելի չէ՛։ «Satur venter non studet libenter»։
27- «Նմանը նմանով կ՚ուրախանայ» համեմատաբար՝ նմանը իր նմանը կը սիրէ։ «Similis simili gaudet»։
28- «Խելացի մարդը իսկոյն կը հասկնայ». «խելացի մարդուն բաւակա՛ն է». «հասկցողին հերիք է»։ «Satis superque»։
29- «Ունայնութիւն ունայնութեանց» եւ «ամէն ինչ ընդունայն է» (ԺՈՂՈՎՈՂ Ա 2)։ «Vanitas vanitum et omnia vanitas»։
30- «Գինին ծերերու կաթն է». գինին ծերերու գաւազանն է։ «Vinum lac senum»։
31- «Եկայ, տեսայ, յաղթեցի». Յուլիուս Կեսարի խօսքը. «Veni, vidi, vici»։
32- «Լողա՛ իմ նաւ». ի՛նչ որ կ՚ուզէ թող ըլլայ։ «Vogue la galère!» ֆրանսական ասութիւն։
- Սկզբնաղբիւր.- «Օտարազգի բառեր ու դարձուածքներ» - (1958)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 30, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 03/01/2025
- 03/01/2025