ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Ս. Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ, շաբաթավերջին, Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան։ Նկա­տե­լով որ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րը չէր տօ­նախմ­բուած, Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ թէ՛ կղզիի փոք­րա­թիւ ժո­ղո­վուր­դը եւ թէ ուխ­տա­ւոր­ներ ա­ռի­թն ու­նե­ցան ապ­րե­լու հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեան։

Ա­րա­րո­ղու­թեանց հան­դի­սա­պե­տեց եւ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցա­նեց՝ եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Աբեղայ Տա­մա­տեան։ Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան՝ Ար­թուն Սրկ. Թե­քի­րօղ­լուի ա­ռաջ­նո­րու­թեամբ ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կող­մէ։ Ե­կե­ղե­ցի փու­թա­ցած հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի միա­տեղ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը ա՛լ ա­ւե­լի ո­գե­ւո­րեց տօ­նա­կան մթնո­լոր­տը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ նաեւ Կղզեաց քա­ղա­քա­պետ Ա­թիլ­լա Այ­թաչ։

Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քէն ա­ռաջ պա­տա­րա­գիչ Հայր Սուր­բը քա­րո­զեց եւ փառք տուաւ Աս­տու­ծոյ, որ այս տա­րի Ս. Ծննդեան ա­ւե­տի­սը կ՚ար­ձա­գան­գէր նաեւ Գնա­լը կղզիի Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կայ ուխ­տա­ւոր­նե­րուն եւ ա­պա շա­րու­նա­կեց իր խօս­քե­րը. «Աս­տուած բնու­թեան մէջ երբ ստեղ­ծեց կեան­քը, աս­տուա­ծա­յին պատ­կե­րի նմա­նու­թեամբ գո­յու­թիւն ու­նե­ցաւ մար­դը, որ­պէս լա­ւա­գոյ­նը՝ ստեղ­ծուած­նե­րուն։ Կեն­դա­նի­ներ ի­րենց բնազ­դով գոր­ծե­ցին եւ միշտ հնա­զան­դե­ցան Աս­տու­ծոյ սահ­մա­նած բնու­թեան կա­նոն­նե­րուն։ Մինչ մար­դուն տրուե­ցաւ հնա­զան­դե­լու եւ կամ չհնա­զան­դե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը, քա­նի որ մար­դը ստեղ­ծուած էր ա­զատ կամ­քով եւ օժ­տուած էր ո­րո­շե­լու կա­րո­ղու­թեամբ։ Ան, երբ ա­զատ կամ­քը Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­կա­ռակ գոր­ծա­ծեց, ար­տաք­սուե­ցաւ «բա­րի» եւ «կեանք լե­ցու­ն» բնու­թե­նէն։ Բայց, Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ս. Ծննդեամբ եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեամբ յայտնուե­ցաւ Աս­տու­ծոյ նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը։ Բեթ­ղե­հէ­մի մէջ ծնած մա­նու­կը՝ ան­գամ մը եւս յի­շե­ցուց, թէ մար­դը ար­ժէ­քա­ւոր է այս բնու­թեան մէջ եւ ե­թէ Աս­տու­ծոյ կա­նոն­նե­րուն հնա­զան­դի՝ կրկին պի­տի դառ­նայ ստեղ­ծուած­նե­րուն ա­մե­նէն ար­ժէ­քա­ւո­րը։ Փրկու­թիւ­նը ծնունդ կ՚առ­նէ նե­րո­ղամ­տու­թե­նէն, իսկ նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը՝ սէ­րէ­ն»։ Իր խօս­քե­րու ա­ւար­տին ան մաղ­թեց որ, Յայ­տեալ Փրկչի օրհ­նու­թիւնն ու խա­ղա­ղու­թի­նը ներ­կայ ըլ­լայ իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­տա­ցեա­լի ըն­տա­նե­կան յար­կէն ներս։ 

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն։

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին ե­կե­ղեց­ւոյ դա­րա­ւան­դին վրայ ներ­կա­ներ հիւ­րա­սի­րուե­ցան տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ։ Այս առ­թիւ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ քա­ղա­քա­պետ Այ­թաչ եւ շնոր­հա­ւո­րեց կղզե­ցի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն Նոր տա­րին եւ Ս. Ծնուն­դը։ Մաղ­թեց, որ իւ­րա­քան­չիւր ա­ղօթք նպաս­տէ երկ­րի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ Իր կար­գին, Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան եւս ար­տա­յայ­տուե­ցաւ եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց քա­ղա­քա­պե­տին, որ բա­րի ե­ղած էր միա­նա­լու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան եւ բաժ­նե­կից դառ­նա­լու տօ­նա­կան մթնո­լոր­տին։

Խան­դա­վառ մթնո­լոր­տէ յե­տոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի սե­նեա­կին մէջ կա­տա­րուե­ցաւ Ս. Ծննդեան տնօրհ­նէ­քի ա­րա­րողու­թիւն, ո­րով օրհ­նուե­ցան Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի, Ս. Ներ­սէ­սեան Դպրաց Դա­սու եւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ան­դամ­ներն ու սպա­սա­ւոր­նե­րը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին ներ­կա­ներ այ­ցե­լե­ցին նաեւ Գնա­լը կղզիի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն՝ ե­կե­ղեց­ւոյ վախ­ճա­նեալ հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րուն եւ Իշ­խա­նաց կղզի­նե­րու հան­գու­ցեալ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017