ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ 200-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈՒՇԱՄԵՏԱՅԼ ՄԸ ՊԻՏԻ ԹՈՂԱՐԿՈՒԻ ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՄԷՋ
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին առթիւ յոբելենական զանազան ձեռնարկներ նախատեսուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ուքրայնոյ Ազգային դրամատունը կը պատրաստուի այս յոբելեանին առթիւ թողարկել յուշամետայլ մը։ «Յովհաննէս Այվազովսքի» պիտի կոչուի այդ յուշամետայլը, որ պիտի թողարկուի «Ուքրայնոյ նշանաւոր անձինք» շարքի ծիրէն ներս ու շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի 25 հազար օրինակով։
Նոյն յոբելեանին առթիւ պիտի թողարկուի նաեւ գեղարուեստական դրոշմաթուղթ մը։ Այդ նամականիշը պիտի ընդգրկուի «Ուքրայնոյ թանգարաններու գանձերը» շարքին մէջ։
«Մեծ նկարչի 200-ամեակին նուիրուած յուշամետայլի եւ նամականիշի թողարկումը յստակ կը վկայէ համաշխարհային գեղարուեստի մէջ Յովհաննէս Այվազովսքիի ներդրման պետական ճանաչման մասին։ Ան նաեւ հայկական եւ ուքրանական մշակոյթի փոխադարձ հարստացման վառ օրինակ մըն է», ըսաւ այս առթիւ Ուքրայնայէն պատմաբան Մաքսիմ Ցարենքօ։
Ընկերամշակութային
- 03/01/2025