Սահարա ԱՆԱՊԱՏԸ Ծածկուած է Ձիւնով
Մոլորակի ամենատաք վայրերէն մէկուն՝ Սահարա անապատին մէջ՝ այդ վայրին համար անբնական երեւոյթ մը տեղի ունեցած է. անապատի շիկացած աւազաթումբերը ծածկուած են ձիւնի ճերմակ շերտով: Ինչպէս կը նշէ The Guardian-ը, ձիւնը տեղացած է Ալժիրի Այն Սեֆրա քաղաքի մօտ, ուր ամրան ամիսներուն օդի ջերմաստիճանը կը գերազանցէ սելսիուսի սանդղակով 40 աստիճանը:
Բրիտանական պարբերականը կը նկատէ, որ անցած տասնամեակներու ընթացքին ասիկա Սահարայի մէջ ձիւնի տեղումներու ամենամեծ դէպքն է: Յայտնի է, որ ձիւնը անապատին մէջ սկսած էր տեղալ դեռ Սուրբ Ծնունդէն առաջ, սակայն վերջին օրերուն տեղումները սաստկացած են ու ձիւնէ շերտով ծածկած աւազը:
Վերջին անգամ այստեղ նման երեւոյթ պատահած է 1979 թուականին: