«ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՅԼԵՒՍ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐԱՆԱԼ»

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ծի­րէն ներս պէտք է ա­րա­գօ­րէն ակն­կա­լուած ար­դիւն­քին հաս­նիլ Էլ Պա­պի պա­րա­գա­յին ու պէտք չէ այ­լեւս ա­ւե­լի խո­րա­նալ։

Էր­տո­ղան ե­րէկ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին կա­րե­ւոր ազ­դան­շան­ներ տուաւ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին շուրջ։ Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը զու­գա­դի­պե­ցան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի խօս­քե­րուն, ըստ ո­րոնց Սու­րիոյ մէջ պէտք է ստեղ­ծել գաղ­թա­կան­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ անվ­տանգ գօ­տի մը։ Ան­գա­րա թէեւ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը պաշտ­պա­նէ այս տե­սա­կէ­տը, սա­կայն Ո­ւա­շինկ­թը­նէն հնչած այս խօս­քե­րը ըն­կա­լուե­ցան ո­րոշ չա­փով վե­րա­պա­հու­թեամբ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Հիւ­սէ­յին Միւֆ­թի­ւօղ­լու յայտ­նեց, որ պէտք է տես­նել աշ­խա­տու­թեան ար­դիւն­քը։ Թրքա­կան կող­մը ներ­կա­յիս ու­նի այն մտա­հո­գու­թիւ­նը, թէ Տա­նըլտ Թրամ­փի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ակ­նար­կու­թիւ­նը գործ­նա­կա­նօ­րէն կրնայ վե­րա­բե­րիլ քրդա­կան գօ­տիի մը ստեղծ­ման։

Ե­րէ­կուան իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, որ Էլ Պա­պի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ծա­նօթ են բո­լո­րին եւ ա­նոնց վրայ կու գան ա­ւել­նալ Մեմ­պի­չի եւ Ռաք­քա­յի դէպ­քե­րը։ Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ան­կա­րե­լի է, որ Թուր­քիա մնայ ձեռ­նու­նայն։ Անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րը ժամ ա­ռաջ պէտք է առ­նուին։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Էր­տո­ղան յայտ­նեց, որ իր փա­փաքն է ա­ռանց ա­ւե­լի յա­պա­ղե­լու հան­դի­պիլ Տա­նըլտ Թրամ­փի հետ։ «Թուրք-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պէտք է ա­ռող­ջա­նան», ը­սաւ Էր­տո­ղան։ 

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2017