ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՄՓՈՓՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ
Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը երէկ տեղի ունեցաւ՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Վախճանեալ սրբազան հօր մարմինը ամփոփուեցաւ Մայր Աթոռի միաբանական գերեզմանատան մէջ։
Սուրբ Գայիանէ վանքէն ներս Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ կարգը։ Այս վշտալի առիթով խօսք մը արտասանեց Նորին Սրբութիւնը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով հանգուցեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեանի լուսաւոր կերպարին ու եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս արդիւնաւոր բազմամեայ ծառայութեան։ Ան ընդգծեց, որ լուսահոգի սրբազանը ճանչցած էր որպէս էջմիածնասէր, նուիրեալ եկեղեցական, որ միշտ նախանձախնդրօրէն հանդէս եկած էր ի պաշտպանութիւն Մայր Աթոռի շահերուն ու մինչեւ կեանքի վերջին ակնթարթը ապրած էր այդ գիտակցութեամբ, նոյն նուիրումով իր ծառայութիւնը բերած էր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ նաեւ միջեկեղեցական ասպարէզի մէջ լուսահոգի սրբազան հօր գործունէութեան եւ գիտակրթական բեղուն կեանքին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը աւելցուց, որ վաստակաշատ արքեպիսկոպոսին վախճանը մեծ ցաւ եւ կորուստ մըն է Հայ Եկեղեցւոյ համար։ Ան Բարձրեալին հայցեց երկնքի լուսաւոր օթեւաններուն մէջ ընդունիլ հանգուցեալ իր ծառայի հոգին։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր պատգամը փոխանցեց երիտասարդ միաբաններուն՝ որպէսզի ճանչնան հանգուցեալ Մեսրոպ Արք. Գրիգորեանի թողած հարուստ վաստակը, ոգեշնչուին անոր կերպարով եւ իրենց հոգիներէն ներս կրեն եկեղեցանուիրումի եւ էջմիածնասիրութեան նոյն ոգին։
Եկեղեցւոյ կարգէն վերջ, նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի, կատարուեցաւ հանգուցեալ սրբազան հօր թաղման կարգը։ Ներկայ էին Երուսաղէմի միաբաններէն Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան եւ այլ բազմաթիւ հոգեւորականներ։
Վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեան երկար տարիներ եղած էր Աւստրիոյ առաջնորդ եւ Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ։