ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻ՛ՇՏ
Եկեղեցւոյ մեծագոյն աստուածաբան հայրերէն մին է Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Օր մը իր աշակերտներէն մին կը մօտենայ իրեն եւ կը հարցնէ. «Ի՞նչ է քրիստոնէական առաջնակարգ առաքինութիւնը»։ Եւ Սուրբ Օգոստինոս կը պատասխանէ. «Խոնարհութի՛ւն»։ Աշակերտը դարձեալ կը հարցնէ. «Իսկ երկրո՞րդը»։ Սուրբ Օգոստինոս դարձեալ կը պատասխանէ. «Խոնարհութի՛ւն»։ Անգամ մը եւս կը հարցնէ աշակերտը. «Ուրեմն երրո՞րդը»։ Մեծ աստուածաբանը կը պատասխանէ դարձեալ. «Խոնարհութի՛ւն»։
Արդարեւ ամէն առաքինութիւն կը ծնի խոնարհութեան առաքինութենէն՝ սէրը եւ որմէ կը ծնի ծառայութեան ոգին։ Հոն ուր խոնարհութիւն կայ, հոն կայ նաեւ սէ՛ր, իսկ հոն ուր սէր կայ, հոն երբեք չի պակսիր ծառայութեան ոգին, իրերօգնութեան ջերմ զգացումը, որ մարդուս կոչո՛ւմն է. ա՛ն է որ մարդս կ՚ազնուացնէ եւ աստուածային պատկերին եւ աստուածանմանութեան փառքին կ՚արժանացնէ։
Արդարեւ Աստուած, որ մարմնացաւ, մարդացաւ եւ իջաւ երկինքէն երկիր, հաւասարեցաւ մարդուն եւ ապրեցաւ որպէս մարդ, խոնարհութեան ամենամեծ դասը եւ օրինակը տուաւ մեզի։
Սէր, ողորմութիւն եւ բոլոր առաքինութիւններ հետեւանք են խոնարհութեան, քանի որ եթէ գոյութիւն չունենայ ան, այլապէս որեւէ արժէք չի ներկայացներ սէր եւ ողորմութիւն։ Այն որ խոնարհ չէ՝ չի սիրեր, այն որ խոնարհութիւն ցոյց չի տար, չի գիտեր ողորմիլ, քանի որ չի զիջանիր, չի հաւասարիր եւ չի զգար այն՝ ի՛նչ որ կը զգայ իր նմանը։ Եւ քանի որ մարդ ստեղծուած է աստուածային նմանութեամբ, ապա ուրեմն, այս կը նշանակէ, թէ ամբողջ մարդիկ ալ իրարու նման են եւ պէտք է իրարու հետ վարուին նմաններու պէս։
Եւ երբ մարդ կ՚անդրադառնայ այս բնական նմանութեան եւ կ՚ընդունի զայն որպէս ճշմարտութիւն, այլապէս որեւէ պատճառ չ՚ունենար, արդարացում չ՚ունենար ինքզինք ուրիշէն գերադաս նկատելու եւ ինքնին կը խոնարհի։
Արդարեւ խոնարհութիւնը պարտադիր պէտք չէ ըլլայ, այլ բնական, քանի որ ան բնական զգացում մըն է ըստ ստեղծագործութեան, քանի որ Աստուած երբ ստեղծեց մարդը՝ անոր ընծայեց մեծ կարեւորութիւն քան ուրիշ արարածներու։
«Մարդ» էակը իր տեսակին մէջ տարբեր տեղ մը ունեցաւ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ եւ ասիկա տրուեցաւ ամբողջ մարդկութեան՝ մարդկային մեծ ընտանիքին բոլոր անդամներուն անխտիր՝ ամէն շրջանի եւ ժամանակի մէջ, ամէնուրեք։
Ուստի մարդ նախ պէտք է խոնարհ ըլլայ իր Արարչին հանդէպ, յետոյ իր նմաններուն հանդէպ, որոնք ամէնքն ալ հաւասար են՝ Արարչին Աստուծոյ նմանութեամբ։ Ուրեմն խոնարհութիւնը բացառիկ պարագայ մը չէ՛ մարդուս համար, այլ մանաւա՛նդ բնական, որ կը բխի իր արարչութեան պատճառէն, նմանութեան վիճակէն, նպատակէն եւ այս բոլորին հետեւանք՝ արարչութեան, այսինքն գոյութեան իմաստէն։
Այն որ իրերօգնութեան, իրարու ծառայութեան կոչուած է, այլապէս ինքզինք գերադաս նկատելու պատճառ մը չունի, իւրաքանչիւրը իր յատկութիւնը ունի եւ տարբեր, նոյնիսկ հակադիր մասնայատկութիւններ ներդաշնակութեան մը մէջ կը ստանան իրենց ինքնութեան իմաստը։
Եւ ի՜նչ գեղեցիկ է խոնարհութիւնը եւ ո՜րքան համակրելի խոնարհ մարդը, անով է որ կեանքը իմաստ կը ստանայ, անով է որ մարդ կը զգայ իր մարդկութիւնը, անով է որ ապրելու եռանդը կ՚աւելնայ մարդուն՝ կեանքը հաճոյալի եւ առաւելապէս դիւրատար կ՚ըլլայ։
Խորհեցէ՛ք պահ մը, սիրելի՜ բարեկամներ, եթէ մեր շուրջը պատուած ըլլայ հպարտ, գոռոզ, ինքնահաւան մարդոցմով, որոնք տեւապէս կը ստորադասեն, կ՚ատեն իրենց շուրջինները, իրենց նմանները, ինքնակեդրոն եւ ինքնաբաւ համարելով իրենք զիրենք, կ՚անտեսեն եւ անկարեւոր կը նկատեն ուրիշները. ո՜րքան անտանելի պիտի ըլլար կեանքը՝ տանջանք մը, չարչարանք մը պիտի ըլլար կեանքը։
Բայց երբ խոնարհութիւն կը տիրէ, խոնարհ մարդիկ կան մեր շուրջը, կեանքը հաճոյք մըն է՝ ապրիլը՝ երջանկութի՛ւն։ Այս իմաստով, խոնարհութիւնը արժէք գնահատել, իրաւունք ճանչնալ եւ յարգել կը նշանակէ։ Եւ այն որ արժէք կը գնահատէ, այն որ իւրաքանչիւրին իրաւունքը կը ճանչնայ եւ կը յարգէ, գիտէ սիրել, գիտէ օգնել, գիտէ համակրական հասկացողութեամբ մօտենալ ուրիշներու։ Խոնարհ մարդը, գիտակցութիւնը ունի այն ճշմարտութեան, թէ՝ ուրիշը, կամ նմանը իրականին՝ ուրիշը չէ, նմանը չէ՛, այլ նոյնինքն է՝ իր էութեան մէկ երեսը՝ դիտուած տարբեր տեսանկիւնէ մը։ Ուստի, ուրիշը «ուրիշ» չէ, այլ ինք, իր ցոլացումը, իր արձակած լոյսի ճառագայթներուն վերադա՛րձը։
Ուրեմն այս մօտեցումով որեւէ պատրուակ, որեւէ արդարացում կարելի չէ՛ ունենալ՝ խոնարհ չըլլալու համար, խոնարհաբար չմօտենալու համար մէկզմէկու։ Խոնարհութիւնը առաքինութիւն է, խոնարհութիւնը ազնուութիւն է եւ մանաւա՛նդ խոնարհութիւնը, մարդկայնութեան՝ մարդու վայելող յատկութիւններու ամփոփ արտայայտութիւնն է։ Քանի որ մարդ արարածն է Անոր, որուն գործերը միշտ արդար են եւ կատարեալ, անսխալ եւ անշեղ եւ մարդը ա՛յնքան մեծագին է Անոր համար, որ Ինք մարդացաւ, իջաւ մարդուն, հաւասարեցաւ անոր եւ խոնարհեցաւ։
Արդարեւ Աստուած, Ինք մարդանալով՝ ամենամեծ տիպարը եղաւ խոնարհութեան։
Աստուած խոնարհեցաւ որպէսզի բարձրանայ մարդը։ Աստուած մարդացաւ որպէսզի մարդը աստուածանման ըլլայ, որուն արդէն կոչուած է իր ստեղծագործութեամբ։
Բաւական է մարդուն, երբ ճամբան գիտէ եւ անոր վրայէն կ՚երթայ։ Եւ ինչպէս որ Գերագոյն բարիքին ստացումը եւ Սիրոյ Լիութիւնը, հոն, վերը՝ երկինքը, մարդուն վարձքը պիտի ըլլայ, քանի որ հոս նուաճեց անզուսպ ցանկութիւնները, կիրքերը իր սրտին եւ հեռու պահեց զինք զեխութիւններէ, հոն, ասոր համար, ինքզինք վարձատրուած պիտի տեսնէ յաւիտենական Իմաստութեան եւ յաւիտենական Ճշմարտութեան իւրացումով, քանի որ ան կրցաւ պահել իր մտքին անզուսպ ձգտումները սուրբ սահմաններու մէջ խոնարհութեամբ, հաւատարմութեա՛մբ։ Եւ մարդ, միայն խոնարհութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կրնայ կատարելագործուիլ, ազատուիլ իր սխալներէն՝ սրբագրուիլ եւ արժանի ըլլալ իր կոչումին, որ է աստուածանմանութի՛ւն, որ է ձգտում՝ յաւիտենական կեա՛նքի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 26, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 03/01/2025
- 03/01/2025