ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ ԿԱԼԱՆՔ
Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումներն ու լարուածութիւնը կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Թալիշի ուղղութեամբ կատարուած վերջին ներթափանցման փորձին ընթացքին գերեվարուած զինուորը՝ Էլնուր Հիւսէյինզատէ կալանաւորուեցաւ երկու ամիսով։ Շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի դատարանը արձակեց համապատասխան վճիռը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ստանալով նախաքննութեան մարմնի միջնորդութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի քրէական օրէնսգրքի տրամադրութիւններուն համաձայն, Էլնուր Հիւսէյինզատէ կալանաւորուեցաւ երկու ամսուան ժամկէտով։ Դատավարութիւնը կատարուեցաւ դռնփակ՝ մեղադրեալին, իր պաշտպանին ու թարգմանիչին մասնակցութեամբ։
Միւս կողմէ, Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ, շաբաթավերջին հայկական կողմը Ատրպէյճանին վերադարձուց ազէրի զինուորին դին, որ միջոցէ մը ի վեր ի պահ դրուած էր իր մօտ՝ արձագանգ ստեղծելով նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ։