Շաբաթ 1, Մարտ 2025
նախարարի նշանակում
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ այսօր Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար նշանակուեցաւ Դաւիթ Տօնոյեան։ Այս վերջինը պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալն էր ու նոր նշանակման համար ազատուեցաւ այդ պաշտօնէն։
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնին մէջ Դաւիթ Տօնոյեան կը յաջորդէ Արմէն Երիցեանին, որ մօտաւոր անցեալին անժամանակ ձեւով մահացած էր ծանր հիւանդութեան հետեւանքով։
Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017