Ցնցում

Ցնցու­մի մէջ է թրքա­հայ հա­մայն­քը։ Բե­ւե­ռա­ցում­ներ, ի­րա­րու ան­հա­ղորդ ճամ­բար­ներ եւ ի­րե­րա­մերժ տրա­մադ­րու­թիւն­ներ… Պա­ռակ­տու­մը կը ցնցէ թրքա­հա­յու­թիւ­նը։

2017-ի տա­րե­մու­տին, Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պե­տին հրա­ժա­րա­կա­նը դար­ձած է հրա­տապ օ­րա­կարգ։ Եր­կար ա­տե­նէ ի վեր հա­մայն­քի բո­լոր շրջա­նակ­նե­րը ցա­ւով կ՚անդ­րա­դառ­նան վար­չա­յին­նե­րու մի­ջեւ յա­ռա­ջա­ցած խոր պա­ռակ­տում­նե­րուն։ Այ­սօր, ա­հա՛ փաստ է, որ այդ պա­ռակ­տու­մը ի զօ­րու է նաեւ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու պա­րա­գա­յին։

Ո՞ւր այս­պէս, ին­չո՞ւ այս­պէս… Հա­տուա­ծա­կան ջան­քե­րը բա­ւա­րար պի­տի չըլ­լան մեր հա­մայն­քը առ­կայ փա­կու­ղիէն դուրս բե­րե­լու հա­մար։ Նա­խախ­նա­մու­թե­նէն պէտք չէ ակն­կա­լել կա­խար­դա­կան մի­ջամ­տու­թիւն մը։ Հո­գե­ւո­րա­կան թէ աշ­խար­հա­կան, հա­մայն­քի բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րով, շրջա­նակ­նե­րով կամ լծակ­նե­րով պէտք է թօ­թա­փուին։ Պէտք է ձեռք ձեռ­քի տալ վերս­տին ոտ­քի վրայ կանգ­նե­լու եւ այս հա­մայն­քին կեան­քը բնա­կա­նոն հու­նին վե­րա­դարձ­նե­լու հա­մար։

Հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը պէտք է վե­րա­կանգ­նեն հա­րա­զա­տու­թեան զգա­ցու­մը ի­րա­րու նկատ­մամբ ու պէտք է վերս­տին ձե­ւա­ւո­րեն խա­ղի կա­նոն­նե­րը։

Չզլա­նանք ի­րար­մէ հա­մընդ­հա­նուր զօ­րակ­ցու­թեան պտուղ­նե­րը, ո­րոնք միայն պի­տի կա­րե­նան հար­թել թրքա­հա­յու­թեան առ­ջեւ լու­սա­ւոր ա­պա­գա­յի մը ճա­նա­պար­հը։

 

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2017