ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախագահեց արարողութիւններուն։ Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ՝ Տ. Եղիշէ Քհնյ. Նազարեանի։
Օրուան տօնին առթիւ մայրավանքի համալիրէն ներս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու սրահի երդիքին տակ ալ տեղի ունեցաւ քահանայից հաւաք մը, որու ընթացքին կատարուեցաւ պարգեւաբաշխութիւն։ Շուրջ 250 քահանաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին նաեւ խումբ մը եպիսկոպոսներ։ Ստանալով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները քահանայ հայրերը վերադարձան իրենց ծառայութեան վայրերը։
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը նաեւ եկեղեցականները կ՚առաջնորդէ անդրադառնալու իրենց առաքելութեան ու կոչման։ Ան պատգամեց, որ եկեղեցականները հոգեւոր ծառայութեան արդիւնքով եւս պէտք է կարենան առաքեալի նմանութեամբ հպարտանալ իրենց խնամքին ներքեւ գտնուողներու առաքինի վարքով եւ քրիստոնէավայել կեանքով։ «Առաքեալի հպարտութիւնը, արդարեւ, իրենց յանձնուած հօտի անդամներու քրիստոնէական բարի ընթացքն է, զօրեղ, նուիրեալ հաւատքն առ Աստուած եւ հաւատարմութիւնը, նախանձախնդիր ծառայանուիրումը հայրենիին նկատմամբ», ըսաւ ան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024