ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ նշեց Սրբոց Վար­դա­նանց տօ­նը։ Այս առ­թիւ բիւր յար­գան­քով մեր ե­կե­ղե­ցին հեր­թա­կան ան­գամ խնդրեց Վար­դա­նանց սուր­բե­րուն բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը։ Ա­ւա­րայ­րի դաշ­տին վրայ նա­հա­տա­կուած հա­զար ե­րե­սուն եւ վեց վկա­նե­րը վեր­յի­շուե­ցան՝ որ­պէս հա­յոց ազ­գա­յին ինք­նու­թեան տի­պար կեր­պար­ներ։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան ու ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նա­ցոյ­ցին, Ս. Վար­դա­նանց տօ­նին օ­րը նշուե­ցաւ նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ա­նուա­նա­կո­չու­թիւ­նը։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ օ­րուան քա­րո­զը։ Ներ­կայ էին նաեւ՝ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եւ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի հրա­ժա­րեալ ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Իջ­ման Սուրբ Սե­ղա­նին շուրջ, յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան կա­տա­րուե­ցաւ Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը պատ­մա­կան հայ­րա­պե­տա­կան գա­հուն վրայ բազ­մած էր, իր կող­քին ու­նե­նա­լով Ե­րու­սա­ղէ­մի միա­բան­նե­րէն Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեանն ու Ս. Էջ­միած­նի ե­րի­ցա­գոյն միա­բանն­ե­րէն Տ. Ոս­կան Արք. Գալ­փա­քեա­նը։ Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քին հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ Իջ­ման Ս. Սե­ղա­նին առ­ջեւ ծնրա­դիր ա­ղօ­թեց՝ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ան­սա­սա­նու­թեան եւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կե­նաց ա­րեւ­շա­տու­թեան հա­մա­ր։

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2017