ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՒԱՆ

Յու­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նի­քոս Քո­ցիաս այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը ժա­մա­նէ Ե­րե­ւան, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Հիւր նա­խա­րա­րը շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Բա­ցի Նալ­պան­տեա­նէն, ան կ՚ըն­դու­նուի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի, Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեա­նի, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։

Նալ­պան­տեան եւ Քո­ցիաս բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րեն Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս ու կը սար­քեն հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017