ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ներ­կա­յիս կը նշէ իր ծննդեան 70-ա­մեա­կը։ Այս առ­թիւ ե­րէկ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը յղեց Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լին։

Նոյն­պէս ե­րէկ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մըն ալ ու­նե­ցաւ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով որ այս օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի նստաշր­ջա­նը՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը թէ՛ իր եւ թէ ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րուն ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ ու բա­րե­մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցեց Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին։

Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին մաղ­թեց կե­նաց ա­րեւ­շա­տու­թիւն եւ ար­դիւ­նա­զարդ գա­հա­կա­լու­թիւն՝ ի պայ­ծա­ռու­թիւն Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017