ԿԱՅՈՒՆԱՑՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ երկիրը կ՚ակնկալէ կայուն տնտեսական աճ։ Վարչապետ Կարապետեան մասնաւոր հարցազրոյց մը տուաւ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ մինչեւ 2018 թուականը հիւանդ տնտեսութիւնը կայուն հիմքերու վրայ վերադարձնելու համար Հայաստան պատրաստ է առնելու այնպիսի քայլեր, որոնք ժողովրդականութեան տեսակէտէ կրնան համարուիլ անյարիր։ Այս ամբողջին մէջ ան թուարկեց պետական ծախսերու կրճատումը եւ մասնաւոր ներդրումներու խոչընդոտներու վերացումը։
Միջազգային հեղինակաւոր գործակալութիւնը նշած է, որ Հայաստան մեծապէս կախեալ է Ռուսաստանի օգնութենէն ու ներդրումներէն, իսկ վերջին երկու տարիներուն իր վրայ զգացած է այդ երկրի տնտեսական անկման հետեւանքները։ 2015 թուականին Հայաստան արձանագրած էր 3 տոկոս տնտեսական աճ, իսկ անցեալ տարի այդ ցուցանիշը նուազեցաւ մինչեւ 0.2 տոկոս։ Այդ ցուցանիշը անցեալ տարի եղած է կառավարութեան կողմէ նախատեսուած 2.2 տոկոսէն աւելի ցած։ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի խօսքերով, այդ թիրախային ցուցանիշը պիտի գերազանցուի ոչ ուշ, քան այս տարի։
«Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուին կանոնաւոր կառուցուածքային բարեփոխումներ, նոյնիսկ եթէ այդ բարեփոխումները չվայելեն ժողովրդականութիւն», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, թէ այս տարի պիտի կրճատուին վարչական ծախսերը։ Այս եւ նման նախատեսուած քայլերը անհրաժեշտ են։ Անոնք թէեւ կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ, սակայն կառավարութիւնը կը փափաքի այդ բոլորը հատուցել մասնաւոր ներդրումներու միջոցաւ։ «Կը կարծեմ՝ մենք պիտի կարենանք դիմակայել եւ հասնիլ այս տարուան համար 3.2 տոկոս տըն-տեսական աճի», յայտնեց Կարէն Կարապետեան եւ աւելցուց, որ կառավարութիւնը պիտի կեդրոնանայ նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի վրայ ու պիտի ջանայ վերացնել այն բոլոր խոչընդոտները, որոնք կ՚արգիլեն գործարարութեան զարգացում։