ԼԻՈՆԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ա­ւար­տեց իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ֆրանսա։ Փա­րի­զի եր­կօ­րեայ շփում­նե­րէն վերջ Սերժ Սարգ­սեա­նի ու­ղե­ւո­րու­թեան եզ­րա­փա­կիչ փու­լը հան­դի­սա­ցաւ Լիոն քա­ղա­քը։ Ան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Լիո­նի քա­ղա­քա­պետ Ժե­րար Քո­լո­նի հետ։ Քա­ղա­քի «Պել­քուր» հրա­պա­րա­կի հայ­կա­կան յու­շար­ձա­նին մօտ ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղե­լէ վերջ Սերժ Սարգ­սեան ան­ցաւ Լիո­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րան։ Ան Ժե­րար Քո­լո­նի հետ քննար­կեց Հա­յաս­տան-Ֆրան­սա ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, գի­տա­կան, թեքնիկ եւ այլ շարք մը ուղ­ղու­թիւն­նե­րով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ 

Տե­սակ­ցու­թեան ա­ւար­տին, Սերժ Սարգ­սեան Ժե­րար Քո­լո­նը պար­գե­ւատ­րեց Պա­տուոյ շքանշա­նով՝ Հա­յաս­տան-Ֆրան­սա բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման եւ զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ներդ­րած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դին հա­մար։

Լիո­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս, Ժե­րար Քո­լո­նի տան­տի­րու­թեամբ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մըն ալ սար­քուե­ցաւ ի պա­տիւ Սերժ Սարգ­սեա­նի։

Նախագահ Սերժ Սարգըսեան ստորագրեց նաեւ Լիոնի քաղաքապե­տութեան պատուոյ տո­մա­րը։ Ան նշեց, որ հայաբնակ այս քաղաքը նկատելի է իր գեղեցկութեամբ, ներդաշնակու-թեամբ, կենսուրախու­թեամբ եւ ստեղծագործ մթնոլորտով։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017