Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ «ՅՈՎԱԿԻՄ 1461» ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՎԱՔԸՖԷՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ կը հրաժարի «Յովակիմ 1461» նորաստեղծ վաքըֆի իր պաշտօններէն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վաքըֆը Պատրիարքարանի առընթեր հաստատուած էր վերջին շրջաններուն՝ Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակի բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ հասոյթներ ապահովելու հնարաւորութիւններ ունենալու մտադրութեամբ։ Թէեւ այս ուղղութեամբ ոչ մէկ շօշափելի արդիւնք կայ, սակայն այդ վաքըֆի գործունէութեան բերումով Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին վերագրուեցան բազում պնդունմեր եւ մեղադրանքներ։ Ան այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ այդ պնդումները իրեն տեսակէտէ շատ մաշեցուցիչ եղած են, ինք Աթոռի շահերը հաշուի առնելով փորձած է տեղի չտալ, սակայն այսօրուան պայմաններով այլեւս որոշած է հրաժարիլ այդ նորաստեղծ վաքըֆէն։
Այս նորաստեղծ վաքըֆը միջամուխ դարձած էր Պէյքոզի ազգապատկան կալուածի արժեւորման գործարքին, որ կ՚ենթադրէ հսկայական գումարներ։ Մասնաւորապէս այս խնդիրը զանազան շշուկներու տեղի տուած է համայնքային շրջանակներէն ներս։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց, որ նօտարի միջոցաւ կը կազմակերպէ իր հրաժարականը։