ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԵԼՍԻՆՔԻԻ ՄԷՋ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ֆին­լան­տիոյ Լու­տե­րա­կան-Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ պետ, Թուր­քուի Ար­քե­պիս­կո­պոս Կե­րի Մըք­Քի­նէ­նի հետ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան այ­ցե­լու­թեամբ այս օ­րե­րուն կը գտնուի Ֆին­լան­տիոյ մէջ։ Հել­սին­քիի Լու­տե­րա­կան-Ա­ւե­տա­րա­նա­կան մայր տա­ճա­րի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը։ Ար­քե­պիս­կո­պո­սը բա­րի գալս­տեան խօս­քով մը ող­ջու­նեց Նո­րին Սրբու­թիւ­նը։ Ա­պա Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը փո­խան­ցեց իր պատ­գա­մը ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն եւ լու­տե­րա­կան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն։

«Այ­սօր երբ աշ­խարհ կանգ­նած է տնտե­սա­կան, մար­դա­սի­րա­կան ու բնա­պահ­պա­նա­կան ճգնա­ժա­մե­րու, ազ­գա­յին-կրօ­նա­կան հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու եւ օ­րէ օր ա­ւել­ցող ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան, ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու, ե­ղեռ­նա­կան ո­ճիր­նե­րու ցա­ւա­լի փաս­տե­րուն առ­ջեւ, մենք խո­րա­պէս մտա­հո­գուած ենք մարդ­կու­թեան կեան­քին սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րով, հրա­տապ լուծ­ման կա­րօտ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէ ներս տի­րող ծանր ի­րա­վի­ճա­կով։ Այդ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս ծայ­րա­յե­ղա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով կը նուա­զի քրիս­տո­նեա­նե­րու պատ­մա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը, նե­րա­ռեալ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րը Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ մէջ։

«Հայ Ե­կե­ղե­ցին մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան եւ միջկ­րօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան ճա­նա­պար­հով իր կա­րե­լին կը ներդ­նէ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու օ­ճախ­նե­րէն ներս խա­ղա­ղու­թեան ու կա­յու­նու­թեան ամ­րապնդ­ման, մար­դա­սի­րա­կան ար­ժէք­նե­րը յար­գե­լու եւ ա­պա­հով ու ստեղ­ծա­րար կեան­քը ան­խա­թար պա­հե­լու կամ­քի զօ­րաց­ման հա­մար, ինչ­պէս նաեւ հնա­րա­ւո­րինս օգ­նու­թիւն կը հասց­նէ պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճակ­նե­րէ տու­ժած­նե­րուն, փախս­տա­կան­նե­րուն։ Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ խա­ղա­ղա­րար գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը ծա­ւա­լուի նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Այ­սօր Ղա­րա­բա­ղի մեր ժո­ղո­վուր­դը Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրահ­րուող ա­մէ­նօ­րեայ պա­տե­րազ­մի վտան­գին ներ­քեւ, շրջա­փակ­ման պայ­ման­նե­րու մէջ յա­ճախ իր զա­ւակ­նե­րու ա­րեան գնով կը պատշ­պա­նէ իր ա­զատ կեան­քը եւ ան­կա­խու­թիւ­նը պատ­մա­կան իր հայ­րե­նի­քի՝ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան։ Այս հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ գնա­հա­տե­լի են Ֆին­լան­տիոյ կող­մէ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րը, քա­նի որ ան ե­ղած է ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­ռա­ջին հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րէն մին եւ այս գոր­ծըն­թա­ցին ներգ­րա­ւուած ֆինն դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը», ը­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, որ ա­ղօ­թեց քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րէն եւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րէն ա­լե­կո­ծեալ աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար՝ որ­պէս­զի մարդ­կու­թիւ­նը կա­րե­նայ կա­ռու­ցել իր բա­րօր ու ա­պա­հով ա­պա­գան։

Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տե­րու պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պումն ու նուէր­նե­րու փո­խա­նա­կու­մը։

Միւս կող­մէ, Հել­սին­քիի մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Ֆին­լան­տիոյ հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ ալ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ՝ իր ու­ղե­ւո­րու­թեան սկիզ­բին։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017