ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՖԻՆԼԱՆՏԻԱՅԷՆ

Դէ­պի Ֆին­լան­տիա կա­տա­րած մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Քա­րե­լիա­յի եւ Հա­մայն Ֆին­լան­տիոյ Ար­քե­պիս­կո­պոս, Ֆին­լան­տիոյ Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Պետ Լէո­յի հետ։ Քուո­փիոյ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­նոնց եղ­բայ­րա­կան հան­դի­պու­մը։ Տեղ­ւոյն Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նը եւ յա­րա­կից թան­գա­րա­նը այ­ցե­լե­լէ վերջ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տե­րը հա­մա­տեղ ա­ղօթ­քի մը մաս­նակ­ցե­ցան Նոր Վա­լաան վա­նա­կան հա­մա­լի­րէն ներս։ Լէօ Ար­քե­պիս­կո­պո­սը այս առ­թիւ շեշ­տեց Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լա­կան հնա­գոյն ծա­գումն ու բե­րած ա­ւան­դը ընդ­հան­րա­կան քրիս­տո­նէա­կան ըն­տա­նի­քէն ներս։ Ան կա­րե­ւո­րեց նաեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Ֆին­լան­տիոյ Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած եղ­բայ­րա­կան ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­ռան­կար­ներն ու զար­գա­ցու­մը, այդ բո­լո­րին հա­մա­տեղ ջան­քե­րով կեր­տուի­լը։

Իր կար­գին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ալ մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սաւ. «Փոր­ձու­թիւն­նե­րով ու նա­հա­տա­կու­թիւն­նե­րով լե­ցուն իր պատ­մու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին Հայ Ե­կե­ղե­ցին մշտա­պէս ի­րա­գոր­ծած է քրիս­տո­նէա­կան միու­թեան եւ եղ­բայր­սի­րու­թեան պատ­գա­մը։ Մենք բո­լորս, իբ­րեւ քրիս­տո­նեա­ներ կո­չուած ենք մէկ յոյ­սի, որն է Քրիս­տո­սի բե­րած փրկու­թիւ­նը եւ միայն այս միաս­նա­կան յոյ­սի, հա­ւա­տի եւ սի­րոյ մէջ կրնանք զգալ ի­րա­րու ցաւն ու խնդիր­նե­րը, միայն այս կեր­պով կրնանք յա­րա­տե­ւել Յի­սուս Քրիս­տո­սի պար­գե­ւած յաղ­թա­կան յա­րու­թեան մէջ։ Մեր օ­րե­րուն Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ փո­թոր­կուող կրօ­նա­կան ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւնն ու հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը մեզ՝ բո­լորս կանգ­նե­ցու­ցած են մար­դա­սի­րա­կան ա­ղէ­տի եւ հա­սա­րա­կա­կան բազ­մա­թիւ խնդիր­նե­րու առ­ջեւ։ Այ­սօ­րուան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը կը պա­հան­ջեն աշ­խար­հի բո­լոր կրօն­նե­րու ու հա­ւա­տա­ցե­լոց ջան­քե­րու եւ ա­ղօթք­նե­րու հա­մա­տե­ղու­մը, միաս­նա­կան մօ­տե­ցում՝ առ­կայ զի­նեալ բա­խում­նե­րը, կրօ­նա­կան քօ­ղով ա­հա­բեկ­չու­թիւն­ներն ու հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց­մէ ծնունդ ա­ռած ըն­կե­րատն­տե­սա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ա­ղէտ­նե­րը կան­խար­գի­լե­լու հա­մար»։­

Իր խօս­քին տե­ւո­ղու­թեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին մշտա­պէս իր ա­ռա­քե­լու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն մա­սը հա­մա­րած է ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեան, փո­խա­դարձ հան­դուր­ժո­ղու­թեան եւ փո­խա­դարձ ըմբռն­ման հաս­տատ­ման ուղ­ղեալ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն սկսեալ Ատր­պէյ­ճա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դին եւ Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին մի­ջեւ սկզբնա­ւո­րուած երկ­խօ­սու­թեան եւ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րուն։ «Դժբախ­տա­բար, Ատր­պէյ­ճան չի թաքց­ներ խնդի­րը ռազ­մա­կան ճա­նա­պար­հով լու­ծե­լու իր ցան­կու­թիւ­նը եւ փաստն է 2016 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին իր կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ սան­ձա­զեր­ծուած գոր­ծո­ղու­թիւ­նը», ը­սաւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը եւ մաղ­թեց, որ ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ շու­տով հաս­տա­տուի խա­ղա­ղու­թիւն, չըլ­լան սգա­ւոր այ­րի­ներ, որ­բա­ցած զա­ւակ­ներ եւ որ­դե­կո­րոյս մայ­րեր՝ որ­պէս­զի բո­լո­րը ապ­րին ա­պա­հով, խա­ղաղ եւ եր­ջա­նիկ կեան­քով։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը այ­ցե­լեց նաեւ Եո­հեն­սու քա­ղա­քը, ուր Ա­րե­ւե­լեան Ֆին­լան­տիոյ հա­մալ­սա­րա­նի Ուղ­ղա­փառ Աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան դպրո­ցէն ներս հան­դէս ե­կաւ դա­սա­խօ­սու­թիւ­նով մը։ Այս առ­թիւ ան ըստ էու­թեան կեդ­րո­նա­ցաւ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի հետ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեան եւ երկ­խօ­սու­թեան օ­րի­նակ­նե­րուն, նաեւ պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թեան։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ար­դէն ա­ւար­տած է դէ­պի Ֆին­լան­տիա իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը եւ Մոս­կուա­յի վրա­յով իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը կը վե­րա­դառ­նայ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017