ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ
Երէկ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքը եկաւ յստակօրէն ապացուցանել, թէ ժողովուրդը կը գերադասէ երկրի կայունութիւնը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ապահովեց ձայներու աւելի քան 49 տոկոսը։ Յառաջիկայ շրջանին Հայաստանի խորհրդարանը պիտի բաղկանայ չորս կուսակցութենէ։
Հայաստանի մէջ երէկ ապրուեցաւ արտասովոր օր մը։ Երկրի 13 ընտրատարածքներէն ներս գործեցին 209 ընտրատեղամասեր։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը տեղեկացուց, թէ ընտրողներու 60.86 տոկոսը մասնակցած է քուէարկութեան։ Այս առաւօտեան ժամերուն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփած էր ընտրութիւններու սկզբնական արդիւնքը՝ 1987 ընտ-րատեղամասէ ելեկտրոնիկ միջոցներով իրեն հասած տուեալներուն հիման վրայ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) ստացած է քուէներուն 49.19 տոկոսը։ Երկրորդ կարգի վրայ է՝ «Ծառուկեան» դաշինքը, որ ապահոված է ձայներուն 27.35 առ հարիւրը։ Կը յաջորդէ «ԵԼՔ» դաշինքը, որ ստացած է ձայներու 7.75 տոկոսը։ Նուազագոյնի պատնէշը յաղ-թահարած վերջին կուսակցութիւնն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ քուէներուն 6.60 տոկոսը ստանալով զբաղեցուցած է չորրորդ հորիզոնականը։
Բացի այս չորս կուսակցութիւններէն, «Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքը ստացած է 2.07 տոկոս ձայն, «Հայկական վերածնունդ» կուսակցութիւնը՝ 3.71 տոկոս ձայն, «Հայ ազգային գոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքը 1.65 տոկոս ձայն, Համայնավար կուսակցութիւնը 0.75 տոկոս ձայն եւ «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութիւնը՝ 0.94 ձայն։
Առաջին արդիւնքներու հրապարակուելէն վերջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Եդուարդ Շարմազանով, որ յայտնեց, թէ երկիրը յաջողած է նոր ընտրական օրէնսգրքի հիման վրայ կազմակերպել ժողովրդավարական, թափանցիկ, մրցակցային ընտրութիւններ։ «Կրնանք շնորհաւորել մեր հասարակութիւնը, բոլոր քաղաքական ուժերը, որովհետեւ Հայաստան յաջողեցաւ նոր ընտրական օրէնսգրքի հիման վրայ կազմակերպել ժողովրդավարական, թափանցիկ, մըր-ցակցային ընտրութիւններ։ Սա բոլորիս յաջողութիւնն է։ Անկախ այն հանգամանքէն քանի դաշինք ու կուսակցութիւն կ՚ըլլայ, ժողովրդավարութեան յաղթանակը Հայաստանի մէջ անքննելի է։ Հայաստան կ՚ընթանայ բազմակարծութեան ու խորհրդարանականութեան զարգացման ճանապարհով», ըսաւ Շարմազանով։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շարմազանով անդրադարձաւ նաեւ այլ քաղաքական ուժերու հետ համախոհութիւն կազմելու հաւանականութեան։ Ան յայտնեց, որ չի փափաքիր աճապարել, սակայն սկզբնական տուեալներով Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ունի բոլոր հնարաւորութիւնները կառավարութիւն ձեւաւորելու համար։ Ըստ իրեն, ՀՀԿ-ի եւ Դաշնակցութեան գործընկերային յարաբերութիւնները երկարաժամկէտ են ու ռազմավարական։