ՅԻՇԱՏԱԿՄԱՆ ՕՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ապրիլի 6-ը հռչակեց Համայնավարական բռնապետութեան տարիներուն հալածուած ու նահատակուած հոգեւորականներու յիշատակի օր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի ունեցաւ՝ նահատակ հոգեւորականաց յուշապատին առջեւ։ Այս առթիւ ոգեկոչուեցան համայնավարական բռնապետութեան զոհ դարձած հոգեւորականները։
Նկատի ունենալով, որ Ապրիլի 6-ը երանաշնորհ Տ.Տ. Խորէն Ա. (Մուրատբէկեան) Ամենայն Հայոց Հայրապետի նահատակութեան օրն է, այդ թուականը հռչակուեցաւ Համայնավարական բռնապետութեան տարիներուն հալածանքներու եւ աքսորի ենթարկուած ու նահատակուած հոգեւորականներու յիշատակի օր։ Հոգեհանգստեան կարգին մասնակցեցան Մայր Աթոռի միաբաններ, պաշտօնէութիւնը, բարեպաշտ հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ բռնադատուած եկեղեցականներու հարազատներ կամ ժառանգներ։ Արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը օրուան խորհուրդին շուրջ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ ըսաւ.
«Աղօթական ոգիով կատարեցինք համայնավարական բռնապետութեան տարիներուն նահատակուած մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ արժանաւոր սպասաւորներու հոգեհանգստեան արարողութիւնը։ Մեր նահատակեալ հոգեւորականներու շարքին է նաեւ եկեղեցամարտ իշխանութիւններու կողմէ բռնութեան ենթարկուած եւ սպաննուած Խորէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ դժուարին ժամանակներուն հայոց հոգեւոր կեանքի վերազարթօնքի համար անձնդիր ջանքեր ներդրած մեծանուն հայրապետը, որու մահուան տարելիցն է այսօր։ Ոգեկոչման այս արարողութիւնը մեզի վերստին առիթ կ՚ընծայէ անդրադառնալու պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կրած զրկանքներուն ու փորձութիւններուն, որոնց ընդմէջէն անցնելու ժամանակ մեր Մայր Եկեղեցին չէ սպաննըւած, այլ հաստատուն քայլերով շարունակած է իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ շնորհիւ նուիրեալ սպասաւորներու կորովի ջանքերուն ու սխրանքին։ Երկնահաճոյ եւ ազգօգուտ ծառայութիւնը նորոգ ձեռքբերումներով զարդարելու վճռակամութեամբ լի՝ հալածանքներու ժամանակաշրջանին Տիրոջ արժանաւոր սպասաւորները կ՚ապրէին ու կը գործէին բազում արգելքներու ու խոչընդոտներու մէջ, առ Բարձրեալն աղօթելով, առ Քրիստոս մեր Տէրը անբեկանելի հաւատարմութեամբ եւ լուսաւոր գալիքի յոյսով։ Պատմական այդ ծանր շրջանին մեր հոգեւորականները իրենց կեանքը զոհեցին, որպէսզի անմար մնայ հաւատքի լոյսը հայոց մէջ, շարունակուի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ հաւատաւոր հայոց ազգը դէպի փրկութիւն եւ յաւիտենութիւն առաջնորդելու ծառայութիւնը»։