ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԶԱՐԵՀ Ծ. ՎՐԴ. ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ե­րէց միա­բան­նե­րէն Տ. Զա­րեհ Ծ. Վրդ. Պա­րո­նեան ե­րէկ ա­ռա­ւօտ ի Տէր հան­գաւ Պուք­րէ­շի մէջ։ 76  տա­րե­կան հա­սա­կին վախ­ճա­նե­ցաւ բազ­մա­վաս­տակ հո­գե­ւո­րա­կա­նը, որ 1941 թուա­կա­նին ծնած էր Պուք­րէ­շի մէջ ու եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցա­նէր Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­մա­նիոյ Թե­մէն ներս։ Վաս­տա­կա­շատ հայր սուր­բի վախ­ճա­նը մեծ ցաւ է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բա­նու­թիւ­նը խո­րա­պէս կը սգան բա­րե­յի­շա­տակ վար­դա­պե­տին մա­հը։ Պուք­րէ­շի Սրբոց Հրեշ­տա­կա­պե­տաց Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ապ­րի­լի 19-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ նո­րոգ վախ­ճա­նեալ հայր սուր­բին վեր­ջին օծ­ման, յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ու թաղ­ման կար­գը։

Տ. Զա­րեհ Ծ. Վրդ. Պա­րո­նեան Պուք­րէ­շի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խակր­թու­թիւ­նը ստա­նա­լէ վերջ յա­ճա­խած էր Ե­րե­ւա­նի ման­կա­վար­ժա­կան ու­սում­նա­րա­նը։ Ա­ւար­տած էր Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նը։ Ռումա­նա­հա­յոց Թե­մէն ներս շուրջ ե­րեք տաս­նա­մեակ ե­ղած էր ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ։

Վախ­ճա­նեալ հայր սուր­բը հե­ղի­նա­կած էր բազ­մա­թիւ յօ­դուած­ներ եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, ար­ժա­նա­ցած էր զա­նա­զան մրցա­կա­նե­րու։

Հո­գե­լոյս հայր սուր­բը 1963-ին սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րուած էր՝ ձե­ռամբ Տ. Հայ­կա­զուն Արք. Աբ­րա­հա­մեա­նի։ Եր­կու տա­րի վերջ կու­սակ­րօն քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած էր՝ ձե­ռամբ Տ. Ա­սո­ղիկ Եպսկ. Ղա­զա­րեա­նի։ Ու­սա­նած էր նաեւ Պուք­րէ­շի Աս­տուա­ծա­բա­նա­կան ա­կա­դե­միոյ մէջ։

Եր­կար տա­րի­ներ ե­ղած էր նաեւ Պուք­րէ­շի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017