ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարեւորեց Վրաստանի հետ գործարար կապերու խթանումը համարկման միաւորումներու եւ ազատ տնտեսական գօտիներու ծիրին մէջ համագործակցութիւնը, զբօսաշրջութեան եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտներէն ներս փորձառութեան փոխանակումը, երիտասարդութեան շրջանակներէն ներս փոխադարձ ճանաչելիութեան բարձրացման ուղղեալ նախագիծերու իրականացումը։
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի Երեւան կատարած պաշտօնական այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը այս առթիւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հերթական անգամ շեշտեց Վրաստանի հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու պատրաստակամութիւնը։ Կարէն Կարապետեան եւ Միխէյիլ Ճանելիծէ կարծիքներ փոխանակեցին թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափերով տնտեսական համագործակցութեան շուրջ։ Անոնք կարեւորեցին Իրան-Հայաստան սահմանին վրայ՝ Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ յառաջիկային Հայաստան-Վրաստան գործարարութեան օրերու կազմակերպումը։ Կողմերը համակարծիք են, որ այս նախաձեռնութիւնները արդիւնաւէտ հարթակի մը պիտի վերածուին՝ երրորդ երկիրներու շուկաներ մուտք գործելու հնարաւորութիւններուն ծանօթանալու եւ զանոնք աւելի հասանելի դարձնելու առումով։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ Ճանելիծէի հետ անդրադարձաւ բազմակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն, կանգ առնելով նաեւ Եւրոմիութեան հետ երկխօսութեան ու համագործակցութեան ուղղեալ ծրագրերուն վրայ։