«ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՄԱՐԴ» ԸԼԼԱԼ
Մարդ էակը ունի երկու երեսակներ՝ ան, նախ «անհատ» մըն է, յետոյ մարդկային ընկերութեան մէկ «անդամ»ը։ Արդարեւ այս երկու երեսակներուն ներդաշնակութիւնն է որ կը կազմէ մարդը ամբողջութեամբ։ Մարդուն, ինչպէս կ՚ըսուի, ո՛չ մէկ բան օտար է որ մարդկային է։ Մարդ կրնայ կատարելագործուիլ տեւական ինքնանորոգումով։ Ինքնանորոգում կը նշանակէ՝ վերստեղծել ինքզինք իր հարազատ ինքնութեան մէջ։ Եւ ասիկա միակողմանի եթէ ըլլայ՝ անկատար, թերի կը մնայ, այլ այս ինքնանորոգումը պէտք է ըլլայ երկկողմանի՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ ընկերային կեանքի մէջ։ Մարդ պէտք է երկուքին ալ կարեւորութիւն ընծայէ եւ յառաջդիմէ թէ՛ անհատ ըլլալով եւ թէ մանաւա՛նդ որպէս մարդկային ընկերութեան մէկ անդամը, որ մասնի՛կն է ամբողջ ընկերութեան եւ մարդկութեան։
Մարդ որքան «անհատ» բայց նաեւ «անդամ» է եւ այս երկու հանգամանքները կը կազմեն «մարդ»ը։
Ուրեմն, ընկերային էակ մըն է եւ պէտք է ընդունի իր այս բնական յատկութիւնը։ Ուստի ստեղծագործութեան ժամանակ «մարդ»ը ստեղծուեցաւ եւ յետոյ մարդ էակին ընկեր-օգնական տրուեցաւ, քանի որ անոր մինակ ապրիլը կարելի չէր եւ այսպէս եղաւ՝ «այր-մարդ»ը եւ «կին-մարդ»ը, այսինքն հաւաքականութիւն մը ստեղծուեցաւ եւ անոնց միութեամբ «մարդ»ը՝ մարդկային սերունդը շարունակեց։
Մարդ էակին «ընկերային» ըլլալու ուրիշ մէկ փա՛ստն է՝ անոր «իրերօգնութեան» կոչուած ըլլալը։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր մարդ ստեղծուած է տարբեր յատկութիւններով, ամէն մէկը որոշ թերութիւններով եւ տկարութիւններով, նաեւ՝ առաւելութիւններով, որպէսզի իրարու թերութիւնը լրացնեն, տկարութիւնը զօրացնեն՝ մէկուն ունեցածով միւսին պակասը ամբողջացնեն։
Ահաւասիկ ասիկա կը կոչուի «իրերօգնութիւն», որ կ՚ենթադրէ մարդուն ընկերային էակ մը ըլլալու պահանջքը, պարտաւորութիւնը։ Մարդ պէտք է հաւաքապէս ապրի, որպէսզի իր պահանջքը գոհացնէ, իր էութիւնը պահէ եւ գոյութիւնը տեւականացնէ։
Այս իմաստով, ահաւասիկ, մարդ որպէս անհատ, պէ՛տք է ըլլայ «ընկերային մարդ»՝ ընկերութեան հաղորդ անձ՝ հակադրաբար մեկուսացումին, ինքնառանձնացումին, եսակեդրոն միայնակեցութեան։
Մարդ, որքան որ պէտք է ըլլայ «ընկերային», բայց առա՛նց դառնալու «ընկերապաշտ»։ Արդարեւ, այս «ընկերապաշտ» ասոյթը պէտք է առնել իր ամենալայն, ընդարձակ եւ հասարակացած իմաստով՝ այսինքն «հաճոյապաշտ» նշանակութեամբ՝ ռամկութեան եւ հասարակ դիրքի հասնելու աստիճան։ Ուստի «պարզ» ըլլալ տարբեր բան է, գռեհիկ, ստորին ըլլալ, տարբեր բան։ Երկու պարագաները իրար շփոթել սխա՛լ է եւ պատրանք միեւնոյն ժամանակ։
Ուրեմն մարդ պէտք է ներդաշնակել գիտնայ անհատականութիւնը եւ ընկերային ըլլալը։ Պէտք է աշխարհային ըլլայ բայց ո՛չ աշխարհապաշտ, պէտք չէ՛ որ նոյնանայ, միանայ աշխարհի հետ, աշխարհայինին հետ, միշտ պահելով իր մարդկային արժանապատուութիւնը իր բարձր աստիճանին ու դիրքին վրայ։
Կարելի՞ է ասիկա։ Մարդ կրնա՞յ մնալ միշտ իր բարձր դիրքին վրայ, երբ կեանքի մէջ կան աւելի «վար» դիրքեր եւ աւելի «վեր» դիրքեր՝ որոնք տեւապէս կը հրապուրեն, կը շլացնեն, իրեն կը քաշեն մարդը՝ կը շարժեն դէպի վար ընդհանրապէս եւ հազուադէպօրէն ալ դէպի վե՛ր։ Եւ ահաւասիկ, մարդ, այս «վերիվայրում»ներուն մէջ երբ կրնայ մնալ իր դիրքին վրայ՝ հոն ուր պէտք է ըլլայ, այն ատեն հաւատարիմ կը մնայ իր կոչումին եւ կ՚ըլլայ՝ «մա՛րդ»։
Ուստի կարեւոր է իր դիրքը պահպանել, եթէ նոյնիսկ աւելի վերը ըլլայ, կամ աւելի վար իջնէ՝ մնայ միշտ իր դիրքին, իր նկարագրին, իր իսկական բնութեան մէջ։ Սապէս խորհինք՝ մարդ վեր ելլելով, իրապէս բարձրացա՞ծ կ՚ըլլայ եւ կամ վար իջնելով, ստորնացա՞ծ կ՚ըլլայ, եթէ մարդ կարենայ պահել իր իսկական դիրքը եւ նկարագիրը՝ չի փոխուիր, կը մնայ միշտ նո՛յնը, ինչ որ է իր էականին մէջ։
Այս կը նշանակէ, որ դիրքեր, աստիճաններ պէտք չէ փոխեն մարդը՝ մարդուն էական ինքնութիւնը, քանի որ անոնք պարզապէս «վիճակ»ներ են եւ ո՛չ թէ «կացութիւն»։ Մարդ երբ «վեր» ելլէ, պէտք չէ՛ բարձր տեղէն դիտէ իր շուրջը, իր անցեալը, ինչպէս նաեւ՝ եթէ որեւէ պատճառով կորսնցնէ իր դիրքը, իր աստիճանը, պէտք չէ յուալքուի եւ պէտք չէ կորսնցուցած նկատէ իր ինքնութիւնը, քանի որ եթէ նոյնիսկ չքանան ամէն դիրք ու աստիճան, ան կը մնայ ի՛նք, իր իսկ արժէքով եւ արժանապատուութեամբ։
«Ընկերային մարդ»ուն համար կարեւորը իր ինքնութիւնը եւ անհատականութիւնը պահպանե՛լն է երբ «անդամ» ըլլայ ընկերութեան։ Անդամ ըլլալ՝ իր անհատականութիւնը, ինքնութիւնը առանց կորսնցնելու՝ ահաւասիկ ա՛յս է «մարդ»ը, արժանապատուութիւն եւ արժանաւորութիւն ունեցող, ինքնութիւն պարզող անհատը։ Հաստատամիտ, նկարագիրը զօրաւոր, աշխարհի հոսանքներէ չտարուող կամքի տէր մարդուն համար որեւէ ազդեցութիւն չունի՝ ո՛չ «վեր»ը եւ ո՛չ ալ «վար»ը, պարզապէս ժամանակաւոր վիճակներ են անոնք, որ չեն փոխեր ինքնութիւնը։
«Անհատ» ըլլալ եւ «ընկերային մարդ» դիրքին մէջ, ընկերութեան «անդամ» վիճակին մէջ պահել իր «անհատ»ի նկարագիրը՝ չմիաձուլուիլ ընկերութեան մէջ եւ ի՛նչ որ կը պահանջուի զօրաւոր նկարագրէ մը։
Անշուշտ մարդ սխալական է՝ ունի մարդկային տկարութիւններ եւ թերութիւններ, բայց այն որ կրնայ անդրադառնալ իր տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն եւ ըստ այնմ կը վարէ կեանքը, ահաւասիկ ա՛ն է որ կը կատարելագործուի։ Ասոր համար պէտք է մարդ միշտ ինքնանորոգումով, աշխոյժ մնայ եւ պատրաստ ըլլայ ամէն փորձութեան։ Այսօր, մարդկութիւնը պէտք ունի աւելի եւս ներքին տոգորումի մը, ներքին պրկումի մը՝ ներքին պայքարի եւ հոգեկան արժէքներու վերակենսաւորման։ Ուստի պէտք է հաւատալ, պէտք է վստահիլ այդ արժէքներուն եւ ճշմարտութեան, այն անուրանալի, անվիճելի ճշմարտութիւնը, թէ՝ հոգեւորը շատ աւելի կենսական է մարդուն համար, քան մարմնականը, որովհետեւ մշտնջենականը հոգեւոր արժէքներն են, իսկ մարմնաւորը՝ ժամանակաւո՛ր։
Պէ՛տք է խոստովանիլ, թէ այս հաւատքով երբ կ՚ապրին եւ կ՚իրագործեն իրենց կեանքի երեւոյթները, առիթները՝ կ՚ապահովեն ներկայի չափ ապագան, այդ սերունդները կը գոյատեւեն եւ հետզհետէ կը յառաջդիմեն։ Հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքի հաւատքը, մարդս կը պահէ ամուր, հաստատ, կամքի տէր եւ զօրաւոր նկարագրի մէջ, այլապէս մարդ կը տարուի ամէն հոսանքէ, կը տպաւորուի վերուվայրի շարժումներէ՝ կը փոխուի եւ ի վերջոյ կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, իր էութիւնը եւ մինչեւ իսկ իր մարդկութիւնը։
Ուրեմն, մարդ պարտաւոր է, պէտք է ջանայ՝ իր մարդկային տկարութիւններու եւ թերութիւններու սահմաններուն մէջ դիմադրել աշխարհի ամէն տեսակ փորձութիւններու, պայքարի դժուարութիւններու հետ. անշուշտ կրնայ երբեմն պարտուիլ, քանի որ ապահովագրուած չէ երբեք միշտ յաղթական ելլելու այդ պայքարէն, բայց պէտք է գիտնայ՝ շարունակել պայքարը, միշտ եւ աւելի՛ եռանդուն, միշտ աւելի աշխո՛յժ։ Եւ կարեւորը ո՛չ թէ անկում չունենալն է, այլ անկումէն ետք վերականգնելու եւ շարունակելու կամքը եւ հաւատքը ունենա՛լն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 12, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 03/04/2025
- 03/04/2025