ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓԱՐԻԶԷՆ ԵՒ ՄԱՐՍԷՅԼԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ֆրանսահայ աշակերտներէ բաղկացեալ մեծ խումբ մը։ Մարսէյլի Համազգայինի վարժարանէն եւ Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանէն շուրջ 45 աշակերտներ Ս. Զատկի տօնական շրջանին ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Աշակերտական խումբին ուղեկցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ֆրանսահայ բարերարներէն Սարգիս Պետոյեան։
Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ նշեց, որ արդէն գեղեցիկ աւանդութիւն մը դարձած է ֆրանսահայ այս երկու հաստատութիւններու աւարտական դասարաններու սաներու տարեկան այցելութիւնները դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ այս այցելութիւնը պիտի թողու իր անջնջելի դրոշմը պատանիներու հոգիին վրայ եւ ուխտագնացութեան ընթացքին առ Հայաստան անոնց մէջ ձեւաւորուած սէրն ու յարգանքը նոր խանդավառութեան մը առիթ պիտի դառնայ անոնց համար։ Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն յորդորեց ջանասիրութեամբ շարունակել իրենց ուսումնառութիւնը, որպէսզի ձեռք բերուած գիտելիքներն ու հմտութիւնները ծառայեցնեն ֆրանսահայ համայնքին, ինչպէս նաեւ հայրենիքի զարգացման, հզօրացման ու բարօրութեան։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը արտայայտեց իր գնահատանքը Սարգիս Պետոյեանին նկատմամբ՝ աշակերտներու այցելութիւնները դէպի Հայաստան պարբերաբար կազմակերպելու համար։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց ի դէմս երիտասարդներուն ուղեկից մանկավարժներու՝ երկու դպրոցներու ուսուցչական կազմին եւ հոգաբարձուներուն՝ նուիրեալ ջանքերու եւ ազգօգուտ ծառայութեան համար։
Իր կարգին, Սարգիս Պետոյեան խորին երախտագիտութիւն յայնեց Նորին Սրբութեան եւ ներկայացուց վարժարաններու ուսումնական եւ կրթական գործունէութիւնը։ Աշակերտներն ալ Վեհափառ Հայրապետին հաճելի անակնկալ մատուցին իրենց ասմունքով։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման ուղղեալ խնդիրներուն եւ այդ ճանապարհին ձեռնարկուած քայլերուն։
Վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը Աստուծոյ Ս. Աջի հովանին մաղթեց ֆրանսահայ հայորդիներուն՝ պատգամելով ըլլալ ազգի արժանի զաւակները եւ այդ բարձր գիտակցութեամբ հասակ առնելով՝ իրենց նպաստը բերել հայ ժողովուրդին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024