ԱՇԽԱՐՀԱՏԱՐԱԾ ՇԱՐԺՈՒՄ
Ամէն տարի 20 Մարտին աշխարհի մէջ կը նշուի Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրը։ Այս թուականէն մինչեւ Ապրիլ զուգադիպած ժամանակահատուածին ամբողջ աշխարհի տարածքին տեղի կ՚ունենան ֆրանսախօսութեան նշանաւոր օրերը: Զանազան ցուցահանդէսներու եւ ձեռնարկներու միջոցով կ՚արտայայտուի ֆրանսերէն լեզուի հմայքը, եւ այդ օրերուն ընթացքին անգամ մը եւս կը հաստատուի աշխարհի հնագոյն լեզուներէն մէկուն երբեմնի փառքը:
Ֆրանսախօսութեան շարժումը սկիզբ առած է 1960-ական թուականներուն։ Այդ ժամանակէն ի վեր բազմաթիւ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ չեն դադրած մեծարելէ ֆրանսերէն լեզուն: Ֆրանսախօսութեան սահմանումը առաջին անգամ գործածուած է 1880 թուականին՝ ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Էլիզէ Րեքլիւի կողմէ՝ մատնանշելու համար այն աշխարհագրական տարածքները, ուր կը խօսին ֆրանսերէն:
20 Մարտը, իբրեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային օր ընտրուած է ի նշանաւորումն 1970 թուականի նոյն օրը Նիժերի մայրաքաղաքը՝ Նիամէյի մէջ ստորագրուած համաձայնագրի, որով հիմնադրուեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (Organisation Internationale de la Francophonie), որ ֆրանսերէնի եւ համընդհանուր արժէքներու ամրագրման եւ տարածման միջազգային հաստատութիւն մըն է: Կազմակերպութիւնը բաղկացած է 54 լիիրաւ, 3 ընկերակցուած եւ 20 դիտորդի կարգավիճակով պետութիւններէ: Այս երկիրներէն 32-ին մէջ ֆրանսերէնը ունի պաշտօնական լեզուի կամ երկրորդ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ։ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ ընդգրկուած երկիրներուն բնակչութեան ընդհանուր թիւը կը կազմէ 890 միլիոն:
Կազմակերպութեան անդամ երկիրները հաւատարիմ են ընդհանուր արժէքներու՝ յարգանք մշակութային բազմազանութեան նկատմամբ, իրաւունքի գերակայութիւն, խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն: Ֆրանսախօսութիւնը ունի իր ծանօթ խորհրդանշանը՝ ճերմակի վրայ շրջանակ մըն է ան՝ կազմուած կարմիր, կանաչ, կապոյտ, դեղին եւ մանիշակագոյն բաժիններէ, որոնք կը խորհրդանշեն հինգ ցամաքամասերը, քանի որ կազմակերպութեան մէջ ներգրաւուած երկիրները սփռուած են աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ:
Աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր կը գործէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը, որ ֆրանսերէն լեզուի տարածման մեծ նպաստ բերած է ու կը շարունակէ բերել:
Այսօր աշխարհի տարածքին կը գտնուի շուրջ 550 միլիոն ֆրանսախօս, որու 60 տոկոսի տարիքը չ՚անցնիր երեսունը: Անոնցմէ 110 միլիոնին համար ֆրանսերէնը մայրենի լեզու է: Թէեւ այսօր աշխարհի վրայ անգլերէնը գերակշիռ է, բայց եւ այնպէս ֆրանսերէնը կը շարունակէ մնալ աշխարհի մշակութային գանձերէն մին: Այդ լեզուով կը գրէին եւ կը խօսէին Վոլթէր, Հիւկօ, Տիւմա, Պալզաք եւ այլ շատ մը հռչակաւոր մարդիկ, որոնք իրենց նպաստը բերած են համաշխարհային արուեստի եւ գիտութեան մէջ: Մինչեւ 18-րդ դարը ֆրանսերէնը նկատուած է միջազգային լեզու։ Այդ հանգամանքը կախում ունէր այն երեւոյթէն, որ Ֆրանսա եղած էր ցամաքամասի ամենէն խիտ բնակեցուած երկիրը։ Այսինքն ֆրանսերէնի տարածման առաջին ազդակը եղած էր ժողովրդագրական, այնուհետեւ՝ տնտեսական եւ ռազմական:
Այսօր ֆրանսերէնը ՄԱԿ-ի վեց պաշտօնական լեզուներէն մին է, ինչպէս նաեւ պաշտօնական լեզուն է մեծաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու, եւ օտար լեզուներու կարգին կը նկատուի ամենէն շատ ուսումնասիրուածներէն մէկը:
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութենէն զատ, ֆրանսախօս պետութիւնները ստեղծած են այլ բազմաթիւ միութիւններ եւ կառոյցներ, որոնց նպատակը ո՛չ միայն ֆրանսերէն լեզուի տարածումն է, այլ նաեւ ծանօթացումը՝ Ֆրանսայի պատմութեան, գրականութեան, մշակոյթին, քաղաքակրթութեան:
Ֆրանսախօսութիւնը միայն լեզուական հասարակաց յայտարարին վրայ չէ, այլ ունի նաեւ քաղաքական խնդիր: Ան նաեւ մշակութային միջոց մըն է, որ կը պայքարի անկլօ-սաքսոն եւ մանաւանդ՝ ամերիկեան ազդեցութեան դէմ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
2004 թուականին Ուկատուկուի (Պուրքինա Ֆասօ) գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստան ձեռք բերած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութենէն ներս դիտորդի կարգավիճակ, իսկ այնուհետեւ՝ 2008 թուականի Հոկտեմբերին Քեպէքի (Գանատա) գագաթաժողովին ժամանակ դարձած է կազմակերպութեան ընկերակցուած անդամ։
Այս կարգավիճակը ձեռք բերելէ անմիջապէս յետոյ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշանակած է ֆրանսախօսութեան հարցերով յատուկ խորհրդական մը՝ համակարգելու համար Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան նախաձեռնութիւնները: Ասկէ զատ արտաքին գործոց նախարարը մասնակցութիւն ունեցած է ֆրանսախօսութեան նախարարական համաժողովներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայութիւնը ապահոված է ֆրանսախօսութեան զանազան ժողովներուն:
2010 թուականի Ապրիլին պաշտօնական այցով Երեւան գտնուած էր Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ապտու Տիուֆ։ Սա կարեւոր առիթ հանդիսացած էր Հայաստանի եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման համար:
2011 թուականի Մարտին Հայաստանի մէջ ստեղծուած էր Ֆրանսախօս դեսպաններու խումբը, որու մէջ ներկայացուած էին Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ ու դիտորդ հանդիսացող տասնմէկ երկիրներ:
2012 թուականի 13-14 Հոկտեմբերին Քինշասայի մէջ (Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն) կայացած Ֆրանսախօսութեան գագաթաժողովին եւս մասնակցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ միաձայնութեամբ Հայաստան դարձած էր Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 54-րդ լիիրաւ անդամը:
Հարկ է նշել, որ գագաթաժողովի ժամանակ ընդունուած էր ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ եզրափակիչ բանաձեւ մը, որու միջոցով Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը վերահաստատած է տակաւին 2010 թուականի Մոնթրէօի (Զուիցերիա) գագաթաժողովին ժամանակ ընդունած իր դիրքորոշումը՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:
«Կոչ կ՚ուղղենք հակամարտութեան բոլոր կողմերուն՝ զերծ մնալ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն, ինչ որ կրնայ վտանգել խաղաղ կարգաւորման գործընթացը եւ շարունակել բանակցութիւնները Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հիմք հանդիսացող առաջարկութիւններու հիման վրայ՝ մասնաւորապէս ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներուն ուղղութեամբ», ըսուած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 14-րդ գագաթաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ:
Ներկայիս Հայաստանի եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան միջեւ կ՚իրականացուին համագործակցութեան կարգ մը ծրագրեր: Հայաստան անդամակցած է Կենդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ֆրանսախօսութեան տարածքաշրջանային կեդրոնին (CREFECO)՝ ինչ որ հնարաւորութիւն տուած է քանի մը տասնեակ ֆրանսերէնի հայ ուսուցիչներու՝ մասնակցելու վերապատրաստման՝ ուղղուած ֆրանսերէնի ուսուցման եւ ֆրանսերէնով դասաւանդուող ոչ-լեզուաբանական առարկաներու բարելաւման:
2009 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան, Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան եւ Պելժիոյ ֆրանսախօս համայնքի կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած է Հայաստանի պետական համակարգի պաշտօնեաներուն ֆրանսերէնի ուսուցման վերաբերեալ յուշագիր մը, որ թոյլ տուած է աւելի քան երկու հարիւր հայ պաշտօնեաներու, որպէսզի յաճախեն ֆրանսերէնի դասընթացներու։
Նշենք, որ ֆրանսերէնի խրախուսման առընչութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դպրոցական համակարգէն ներս զարկ տրուած է ֆրանսերէնի ուսուցման, որու շնորհիւ խորացուած է ֆրանսերէնի ուսուցումը եւ ֆրանսերէնով լրացուցիչ ծրագրերու իրականացումը: Առհասարակ, այսօր Հայաստանի մէջ միտում կայ խրախուսելու բազմալեզուութեան վրայ հիմնուած լեզուաբանական կրթական քաղաքականութիւնը, որուն ապացոյցը կը հանդիսանայ երրորդ ընտրովի օտար լեզուի ներդրումը Հայաստանի միջնակարգ դպրոցներուն մէջ:
Համալսարանական բնագաւառէն ներս, Ֆրանսախօսութեան համալսարանական գործակալութիւնը կը զարգացնէ համագործակցային յարաբերութիւններ՝ Հայաստանի համալսարաններուն հետ՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի, Երեւանի Պետական լեզուաբանական համալսարանի, Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Երեւանի Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանի մէջ զանազան ծրագրեր իրականացնելով։ Իսկ 2010 թուականին նոյն գործակալութիւնը Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ ստորագրած է համաձայնագիր մը՝ Հայաստանի Պետական լեզուաբանական համալսարանին մէջ ֆրանսերէնով տեղեկատուական տուեալներու թուայնացման կեդրոնի մը ստեղծման մասին:
Գնահատելով Հայաստանի կարճատեւ համագործակցութիւնը՝ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան հետ, ուրախալի է արձանագրել, որ հայկական քաղաքակրթութիւնը, մշակոյթը եւ լեզուն իրենց տեղը գտած են մշակութային եւ լեզուական բազմազանութեամբ հարուստ ֆրանսախօսութեան ընդհանուր ժառանգութեան մէջ։
Հայաստան Ֆրանսայի եւ ֆրանսախօս երկիրներու հետ կապուած է առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններով: Երկու երկիրներու, երկու ժողովուրդներու ճակատագրերը շաղկապուած են, ժամանակի փորձութիւնը անցած եւ ուղղուած խաղաղութեան, ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ընդհանուր արժէքներու հանդէպ յանձնառութեամբ: Հայերը վաղուց շփումներ ունեցած են Եւրոպայի հետ։ Այդ ծիրէն ներս յիշատակելի է Խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակաշրջանը, երբ ֆրանք ասպետները եւ հայերը կ՚իշխէին Եդեսիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ:
Հայ մտաւորականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ յաճախած է ֆրանսալեզու կրօնական դպրոցներ: 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն բազմաթիւ հեղինակներ գրած են ֆրանսերէնով:
Ամէն տարի Հայաստանի մէջ կ՚իրականացուի ֆրանսախօսութեան միամսեակ, որու ընթացքին ֆրանսական ու ֆրանսախօս երկիրներու մշակոյթը, արուեստը լաւագոյնս կը ներկայացուի ժողովուրդին: Միաժամանակ ֆրանսախօսութեան օրերը առիթ կը հանդիսանան վերահաստատելու հայ-ֆրանսական հազարամեայ կապերը: Ֆրանսախօսութեան օրերու՝ տարուէ տարի մեծցող յաջողութիւնը պայմանաւորուած է նախ եւ առաջ համակրանքի այն մեծ զգացումով, զոր կը վայելէ Ֆրանսան՝ Հայաստանի մէջ, ինչպէս ֆրանսախօսութեան, այնպէս ալ ֆրանսական մշակոյթի փայլատակումով:
Յատկանշական է նաեւ, որ 2011 թուականի վերջաւորութեան Հայաստանի Լոռիի մարզը դարձած է Ֆրանսախօս շրջաններու միջազգային ընկերակցութեան անդամ: Ֆրանսախօսութեան օրերը կը նշուին նաեւ Հայաստանի մարզերուն մէջ, մանաւանդ, որ շատ են այն դպրոցները, ուր տակաւին խորհրդային տարիներուն ֆրանսերէնը կը դասաւանդուէր իբրեւ երկրորդ օտար լեզու:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան նպաստելու ամենէն մեծ ծրագիրը Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի հիմնադրումն է։ Այս վերջինը ստեղծուած է 2003 թուականին Ֆրանսայի եւ Հայաստանի կառավարութիւններու կամքով:
Բարձրագոյն ուսուման այս հաստատութեան հիմնադիրներն են Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը: Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնները այս գործակցութեամբ հաւաստած են այն կարեւորութիւնը, զոր կը ցուցաբերեն հայ երիտասարդներու կրթութեան նկատմամբ՝ յանուն Հայաստանի ապագային եւ երկու երկիրներու միջեւ պատմութեան ընթացքին հաստատուած վստահութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման: Համալսարանի շրջանաւարտները կը ստանան երկու պետական վկայական՝ հայկական եւ ֆրանսական:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի ուսանողները ամէն տարի կը նշեն Ֆրանսախօսութեան օրերը, եւ այս տարի նոյնպէս ձեռնարկներ նախատեսուած են՝ ֆրանսերէն լեզուի հմայքն ու վերակենդանացող փառքը ցոյց տալու համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ