ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Ան կը մաս­նակ­ցի Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Հարկ է նշել, որ ԵԺԿ վեր­ջերս հա­յան­պաստ բա­նա­ձեւ մը ըն­դու­նած էր 2015-ի տա­րե­լի­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Պրիւք­սէ­լի մէջ նա­խա­տե­սուած են նաեւ Սերժ Սարգ­սեա­նի շարք մը երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­նե­րը։ 

Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Ե­րե­ւա­նէն հրա­ժեշտ ա­ռաւ ու­ղե­ւո­րուե­լու հա­մար Պրիւք­սէլ։ Նախ­քան իր ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, ան օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ փո­խան­ցեց Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Առհա­սա­րակ, վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս նիւ­թին վրայ ծան­րա­ցաւ՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րե­րա­յա­ջորդ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քոյթ­նե­րուն բե­րու­մով։ Դէ­պի Պրիւք­սէլ այ­ցե­լու­թեան նա­խօ­րեա­կին՝ օր մը ա­ռաջ ալ Եւ­րո­նես­տի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի լիա­գու­մար նիս­տի բաց­ման ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ Սերժ Սարգ­սեան ը­սած էր հե­տե­ւեա­լը. «Յեն­լով ընդ­հա­նուր ար­ժէք­նե­րու վրայ՝ Հա­յաս­տան յանձ­նա­ռու է զար­գաց­նել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Եւ­րո­միու­թեան հետ՝ ուղ­ղուած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ դա­տա­կան հա­մա­կար­գի շա­րու­նա­կա­կան բա­րե­լաւ­ման, մար­դու ի­րա­ւանց եւ ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թեան խթան­ման, ար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վար­ման, կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ պայ­քա­րի, քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ամ­րապնդ­ման, գոր­ծա­րար մի­ջա­վայ­րի հե­տա­գայ կա­տա­րե­լա­գործ­ման, շա­րժու­նա­կու­թեան եւ գոր­ծըն­կե­րու­թեան շա­րու­նա­կա­կան ի­րա­կա­նաց­ման եւ ո­լոր­տա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման»։

Պրիւք­սէլ այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հա­նէս Հա­նը, որ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան եւ­րո­պա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ շա­րու­նա­կա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը եւ բարձ­րաս­տի­ճան փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն հա­մա­րեց Հա­յաս­տան-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը քննար­կե­լու, կող­մե­րու հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գի հար­ցե­րուն շուրջ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­լու ա­ռու­մով։ Այս ծի­րին մէջ ան ող­ջու­նեց յանձ­նա­կա­տար Հա­նի Ե­րե­ւան այ­ցե­լու­թիւ­նը։  

Իր կար­գին, Եո­հա­նէս Հան դի­տել տուաւ, որ մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տէ Հա­յաս­տա­նի եւ եւ­րո­պա­կան գոր­ծըն­կեր­նե­րուն մի­ջեւ հաս­տա­տուած երկ­խօ­սու­թիւնն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, ներ­կա­յիս վե­րա­տե­սու­թեան կ՚են­թար­կուի Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­յե­ցա­կար­գը, ո­րու սկզբունք­նե­րուն շուրջ տե­սա­կէտ­նե­րու աշ­խոյժ փո­խա­նա­կում մը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի։ Այդ կա­րե­ւոր սկզբունք­նե­րու շար­քին կը գտնուի՝ հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան իւ­րա­քան­չիւր գոր­ծըն­կե­րոջ նկատ­մամբ ԵՄ-ի կող­մէ մաս­նա­ւոր մօ­տե­ցու­մի մը ցու­ցա­բե­րուի­լը՝ հասկ­նա­լով ու յար­գե­լով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ տուեալ երկ­րի պատ­կե­րա­ցում­ներն ու մօ­տե­ցում­նե­րը։ 

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը օգ­տա­կար նկա­տեց Հա­յաս­տա­նէ ներս բա­րե­փո­խում­նե­րու խթան­ման տե­սան­կիւ­նէն եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց եւ­րո­պա­կան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն՝ այս հար­ցին մէջ ցարդ ցու­ցա­բե­րուած օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար։ 

Եո­հա­նէս Հան նշեց, որ ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս նա­խորդ փու­լի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը մսխուած ջան­քեր չէին եւ ան­կախ հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րէն, ա­նոնք օգ­տա­կար էին ակն­կա­լու­թիւն­ներն ու սահ­մա­ն-ւած չա­փա­նիշ­նե­րը, նաեւ եւ­րո­պա­կան շու­կա­յէ ներս մրցու­նակ ըլ­լա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը պատ­կե­րաց­նե­լու ա­ռու­մով։ 

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Սարգ­սեան եւ Հան կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ։ 

Զրոյ­ցին ներ­կայ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, Ե­րե­ւա­նի մօտ ԵՄ-ի ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար Թրա­յան Խրիս­տէա եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ 

Եո­հա­նէս Հան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Այս առ­թիւ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան Հա­յաս­տան-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւա­կան նոր շրջագ­ծի ձե­ւա­ւոր­ման շուրջ։ Կա­րե­ւո­րուե­ցաւ ի­րա­ւա­կան նոր փաս­տա­թուղ­թի մը շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­պա­գայ մեկ­նար­կը։ Նալ­պան­տեան վե­րա­հաս­տա­տեց Ե­րե­ւա­նի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ առ­կայ ձեռք­բե­րում­նե­րուն հի­ման վրայ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ԵՄ-ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ խո­րա­ցու­մը բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, հնա­րա­ւոր ո­լորտ­նե­րէն ներս։ 

Նալ­պան­տեան եւ Հան Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րը դի­տել տուաւ, որ ԵՄ կը սա­տա­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Ըստ ի­րեն, հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս առ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը ա­նըն­դու­նե­լի է։ Եւ­րո­պա­կան կող­մը կը խթա­նէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թեան շա­րու­նա­կու­մը, նե­րա­ռեալ նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով։ Ան կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի հրա­դա­դա­րը յար­գուի եւ ստեղ­ծուի կար­գա­ւոր­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ մթնո­լոր­տը։ Նալ­պան­տեանն ալ այս խնդրին վե­րա­բե­րեալ կրկնեց հայ­կա­կան կող­մին մօ­տե­ցում­նե­րը։ Ի լրումն այս բո­լո­րին ան ընդգ­ծեց, թէ Հա­յաս­տան եւ ԵՄ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ար­ձա­նագ­րած են բա­ւա­կան ձեռք­բե­րում­ներ։ Կող­մե­րու մի­ջեւ խորհր­դա­տուու­թիւն­նե­րը պի­տի նա­խան­շեն այն ի­րա­ւա­կան հիմ­քը, որ ա­պա­գա­յին պէտք է ձե­ւա­կեր­պուի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի սկսին, երբ Եւ­րո­միու­թիւ­նը հա­մա­պա­տաս­խան լիա­զօ­րու­թիւն տայ իր խում­բին՝ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վա­րե­լու հա­մար։ Նալ­պան­տեան յի­շե­ցուց, որ այս մա­սին նշուած էր նաեւ Վիլ­նիու­սի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ ստո­րագ­րուած Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Իր կար­գին, Եո­հա­նէս Հանն ալ յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տան եւ ԵՄ պի­տի բա­նակ­ցին յա­ւակ­նոտ հա­մա­ձայ­նագ­րի մը շուրջ։ Ըստ ի­րեն, ներ­կայ տա­րին կա­րե­ւոր ու վճռո­րոշ պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Սա կը նշա­նա­ւո­րուի այն հան­գա­ման­քով, որ կող­մե­րը եր­կուս­տեք յանձ­նա­ռու­թիւն ստանձ­նած են ա­մուր ի­րա­ւա­կան հիմք մը հաս­տա­տե­լու հա­մար ա­պա­գայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, ԵՄ կ՚ող­ջու­նէ շար­ժու­նա­կու­թեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի ա­պա­հո­ված դրա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցը։ «Հա­յաս­տան կրնայ ակն­կա­լել ԵՄ-ի հե­տա­գայ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու դիւ­րաց­ման, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բա­րե­փո­խում­նե­րու խո­րաց­ման գծով, մար­դու ի­րա­ւանց եւ հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան բա­րե­լաւ­ման բնա­գա­ւա­ռին մէջ», ը­սաւ յանձ­նա­կա­տա­րը։ 

Միւս կող­մէ, Սերժ Սարգ­սեան Ե­րե­ւա­նի եւ ԵՄ-ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ ար­տա­յայ-տըւե­ցաւ նաեւ ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցուած «Ա­րա­րա­տի ստո­րո­տին» խո­րագ­րեալ հին­գե­րորդ մե­տիա­յի հա­մա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ։ Մի­ջազ­գա­յին զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու շուրջ 150 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս հա­ւա­քին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ. «Ըլ­լա­լով եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քի եւ քա­ղա­քա­կր­թու­թեան լիար­ժէք ան­դամ եւ մեր զար­գաց­ման հիմ­քին մէջ կրե­լով եւ­րո­պա­կան ար­ժեհա­մա­կար­գի սկզբունք­նե­րը՝ մենք գոր­ծօն ջան­քեր կը ներդ­նենք ինչ­պէս եւ­րո­պա­կան ա­ռան­ձին եր­կիր­նե­րու, այն­պէս ալ ԵՄ-ի եւ մեր ա­րեւմ­տեան գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րաց­ման գոր­ծին մէջ։ Հա­յաս­տան-ԵՄ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նշա­նա­ւո­րուած է լուրջ ձեռք­բե­րում­նե­րով, ինչ որ ար­դիւնքն է հա­մա­տեղ ջան­քե­րու, քա­ղա­քա­կան կամ­քի եւ եր­կուս­տեք պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան։ Այս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մեր երկ­խօ­սու­թեան մէջ կեդ­րո­նա­կան տեղ զբա­ղե­ցու­ցած են նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող լայ­նա­ծա­ւալ բա­րե­փո­խում­նե­րը։ 

«Մենք մտա­դիր ենք պահ­պա­նել այս ձեռք­բե­րում­նե­րը, ա­ւե­լին՝ խո­րաց­նել եւ զար­գաց­նել զա­նոնք նո­րա­նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։ Այդ մա­սին կը վկա­յէ 2013 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րին Վիլ­նիու­սի մէջ ըն­դու­նուած Հա­յաս­տան-ԵՄ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ո­րով վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ հա­մա­պար­փակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի զար­գաց­նե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու փո­խա­դարձ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։ Աշ­խոյժ քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կենք ԵՄ-ի հետ մեր նոր ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին հիմ­քը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ»։

Սարգ­սեան ա­ւել­ցուց, թէ 21-րդ դա­րուն, հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման բուռն թա­փե­րու պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, երբ աշ­խարհ կ՚ըն­թա­նայ միաս­նա­կան տա­րած­քի մը ձե­ւա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ, երբ պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ տնտե­սա­կանսահ­ման­նե­րը կար­ծես կը կորսնց­նեն ի­րենց նշա­նա­կու­թիւ­նը, ա­նի­մաստ կը դառ­նայ խօ­սիլ տար­բեր հա­մարկ­ման մօ­տել­նե­րու հա­կադր­ման շուրջ։ «Մէկ ան­գամ չէ, որ ը­սած եմ՝ Հա­յաս­տան, ան­դա­մակ­ցե­լով Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան, կրնայ կա­պող օ­ղակ մը հան­դի­սա­նալ այդ կա­ռոյ­ցի եր­կիր­նե­րու եւ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րու գոր­ծա­րար հա­մայնք­նե­րուն հա­մար», նշեց ան։

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2015