ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ԿԱՊԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած կարեւոր ժամադրութիւն մըն էր այս մէկը, որ եկաւ նոր սկիզբ մը բնորոշել երկկողմանի համագործակցութեան տեսակէտէ։ Մինչ Էրտողան երկու յստակ պատգամ փոխանցեց Ուաշինկթընի մէջ, Թրամփն ալ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները որակեց անպարտելի։
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ պաշտօնական այցելութեան առթիւ իջեւանեցաւ «Պլէյր հաուզ»ի մէջ, Սպիտակ տուն ժամանելով՝ դիմաւորուեցաւ զինուորական արարողութեամբ։ Տանլըտ Թրամփ զինքը ողջունեց Սպիտակ տան մուտքին։ Երկու ղեկավարները ձեռնուեցան, իսկ աւելի վերջ Էրտողան ստորագրեց Սպիտակ տան պատուոյ տոմարը։ Աւելի քան 20 վայրկեան երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Տանըլտ Թրամփ այս առթիւ յոյս յայտնեց, թէ ապագային կողմերը պիտի արձանագրեն համատեղ մեծ յաջողութիւններ։ Ան թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները որակեց անպարտելի։
Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին՝ Տանըլտ Թրամփ բարձր գնահատեց Թուրքիոյ կողմէ առաջնորդուած այն ջանքերը, որոնց նպատակն է կասեցնել սարսափելի սպանդները։ «Թուրքիոյ հետ ունինք ամուր ու յաջող յարաբերութիւններ ու կը մտածեմ, թէ աւելի լաւ մակարդակի մը պիտի բարձրացնենք զանոնք», ըսաւ Տանըլտ Թրամփ եւ աւելցուց, որ ամերիկեան կողմը կը զօրակցի Թուրքիոյ՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» եւ ՓՔՔ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարի ուղղութեամբ։
Ուաշինկթընի մէջ Էրտողան ըստ էութեան կանգ առաւ ԵՓԿ-ՓԵՏ ահաբեկչական խմբաւորումներու վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ։ Իր խօսքերով, ԵՓԿ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, որ երկրին կողմէ ալ իբրեւ երկխօս ընդունուի՝ ապա սա խոտոր կը համեմատի այս նիւթին վրայ համաշխարհային մակարդակի վրայ ձեռք բերուած համաձայնութեան։ «Պէտք չէ թոյլ տանք նաեւ անոնց, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը պատրուակելով կը ջանան տարածքաշրջանի ազգային կամ դաւանանքի կառուցուածքը փոփոխութեան ենթարկել», ընդգծեց Էրտողան։
Ուաշինկթընի մէջ հանրապետութեան նախագահը կանգ առաւ նաեւ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի Թուրքիոյ արտայանձնման խնդրին վրայ։ «Պարոն նախագահին նկատառման բացայայտօրէն պիտի յանձնեմ մեր ակնկալութիւնները՝ 15 Յուլիսի պետական յեղաշրջման ձախող փորձը իրականացուցած ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան շուրջ», ըսաւ Էրտողան։
Սպիտակ տան մէջ Թրամփ ճաշասեղան մըն ալ սարքեց ի պատիւ Էրտողանին։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը գտնուէին Թրամփի կողքին։ Մէկուկէս ժամ տեւեց այս ճաշկերոյթը, որու ընթացքին Էրտողանի կողքին էին Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք, Արդարադատութան նախարար Պեքիր Պոզտաղ, Տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զէյպէքճի, Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք եւ իր բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։ Հարկ է նշել, որ այս պատուիրակութեան կազմէն Հուլուսի Աքար, Հաքան Ֆիտան եւ Իպրահիմ Քալըն մօտաւոր անցեալին դարձեալ Ուաշինկթըն այցելած էին՝ Էրտողանի շփումները նախապատրաստելու նպատակով։
Էրտողան-Թրամփ երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ամերիկացի լրագրող մը հարց տուաւ նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի նախորդած Ուաշինկթըն այցելութեան շուրջ։ Ամերիկացի ղեկավարը այս առթիւ ընդգծեց, որ ռուս նախարարին հետ իրենց տեսակցութիւնը անցած է շատ յաջող, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կիզակէտով։ Այս մանրամասնութիւնը կարեւոր էր այն առումով, որ թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններու օրակարգի հիմնական հարցերէն մին Սուրիոյ տագնապն էր։ Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ ԱՄՆ այս հարցին շուրջ անմիջական համագործակցութեան մէջ են նաեւ Մոսկուայի հետ։ Ուստի, Էրտողանէն անմիջապէս առաջ Լաւրովի Ուաշինկթըն այցելած ըլլալը անանտեսելի հանգամանք մըն է։ Էրտողան-Թրամփ երէկուան տեսակցութիւնն ալ ակնյայտօրէն լայն արձագանգ պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն։ Երկու ղեկավարները ամսավերջին Պրիւքսելի մէջ միասնաբար մասնակցութիւն պիտի բերեն ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին։ Քաղաքական մեկնաբաններու դիտարկումներով, Ուաշինկթընի երէկուան յայտարարութիւններէն կարելի է հետեւցնել, թէ ԵՓԿ-ի խնդրին շուրջ տարաձայնութիւնները վերջնականօրէն յաղթահարուած չեն երկու երկիրներուն միջեւ։ Ուստի, այս հիմնական նիւթերուն վերաբերեալ զարգացումները պիտի բիւրեղանան յառաջիկայ օրերուն։