ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԱՊԱՀԻՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) երէկ աւարտեց իր եռօրեայ ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանը Մոսկուայի մէջ։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի Թեմին կողմէ հիւրընկալուեցաւ այս անգամուան նստաշրջանը, որու վերջին երկու օրերու ժողովներուն ատենապետեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներու հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին զեկոյցով մը հանդէս եկաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ ներկայացուց Պատրիարքարանէ ներս տիրող բարդ իրավիճակը։ ԳՀԽ մտահոգութիւն յայտնեց Հայոց Պատրիարքութենէն ներս ստեղծուած կացութեան առընչութեամբ, երբ Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահը հնարաւորութիւն չունի ձեռնամուխ ըլլալու իր պարտականութիւններու իրականացման։ ԳՀԽ զօրակցութիւն յայտնեց Պատրիարքական տեղապահին՝ յորդոր ուղղելով, որպէսզի Պատրիարքութեան հոգեւոր դասու եւ ազգայիններու հետ գործակցութեան խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ ջանքեր ներդրուին պետական պատկան կառոյցներու հետ բարւոք լուծումներ գտնելու ստեղծուած կացութեան։
Անդրադարձ կատարելով այս գործընթացի մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դրսեւորած կեցուածքին՝ ԳՀԽ անհրաժեշտ համարեց յորդորել անոր, առաջնորդուելով Հայ Եկեղեցւոյ կարգերով ու կանոններով, զօրավիգ ըլլալու Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահին եւ ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլերը՝ Պատրիարքութեան բնականոն կեանքի վերականգնման համար։
ԱՅԼ ԽՆԴԻՐՆԵՐ
ԳՀԽ Մոսկուայի նստաշրջանին ընթացքին քննարկեց նաեւ Ազգային-եկեղեցական ժողովի՝ 1945 թուականին գործադրութեան մէջ դրուած կանոնադրութեան լրամշակուած նախագիծը։ Այս առընչութեամբ զեկոյց մը ներկայացուց Կանոնադրութիւններու մշակման յանձնախումբի անդամներէն իրաւաբան Փրոֆ. Գէորգ Դանիէլեան։ Լուսաբանութիւններ տրուեցան նաեւ յանձնախումբի անդամներէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանի կողմէ։
Հանգամանալից քննութենէ վերջ ԳՀԽ ընդունեց կատարուած աշխատանքը եւ թելադրեց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ հաստատուած նախագիծը ներկայացնել Յունիսին գումարուելիք Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովին։
Յառաջիկայ 6-9 Յունիս թուականներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովը, որու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց կարգադիր յանձնախումբի պատասխանատու Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ ԳՀԽ-ի անդամները գնահատանքով ընդունեցին կատարուած աշխատանքը, նաեւ իրենց թելադրութիւնները կատարեցին այս ժողովին առընչութեամբ։
ԳՀԽ քննութեան առաւ նաեւ 2018 թուականի Երիտասարդութեան տարուան տօնախմբութիւններուն վերաբերեալ ծրագրերը։ Հարկ է նշել, որ տակաւին 2016 թուականին ԳՀԽ Նիւ Եորքի նստաշրջանին ընթացքին որոշած էր 2018 թուականը հռչակել իբրեւ Երիտասարդութեան տարի։ Այս կապակցութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն մասին զեկուցեց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Այս առթիւ ան տեղեկացուց, որ 2018-ին առանձին շրջաններէ ներս կը նախատեսուին երիտասարդական հաւաքներ ու ձեռնարկներ։ Նոյն տարուան Յուլիսին աշխարհասփիւռ թեմերու երիտասարդներուն մասնակցութեամբ պիտի կազմակերպուի նաեւ եռօրեայ մեծ ուխտագնացութիւն մը դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Եռօրեայ հաւաքի աւարտին պիտի մատուցուի հայրապետական Սուրբ Պատարագ։
ԳՀԽ-ի Մոսկուայի եռօրեայ նստաշրջանի եզրափակիչ փուլին Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց Թեմին մասին զեկուցում մը ներկայացուց Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան։ Ծանօթ է, որ այս թեմը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 300-ամեայ յոբելեանը։ Թեմակալ առաջնորդը երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ ԳՀԽ-ի հերթական նիստը ներկայ յոբելենական շրջանին այս թեմէն ներս իրականացնելուն համար։ ԳՀԽ-ի անդամները գոհունակութեամբ ընդունեցին Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանի կողմէ փոխանցուած մանրամասն տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերէին այս թեմէն ներս ծաւալուած բազմակողմանի հսկայական գործունէութեան։ Ժողովական հայրերը Աստուծոյ զօրակցութիւնը յայտնեցին թեմակալ առաջնորդին ու հոգեւոր դասուն՝ իրենց նուիրեալ եւ օգտաշատ ծառայութեան մէջ։
ԳՀԽ-ի նստաշրջանը ամփոփուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքով։
Եկեղեցական
- 11/27/2024