ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կէսօրուան ժամերուն Գումգաբու հրաւիրեց խումբ մը ազգայիններ։ Երբ պատրիարքական ընտրութեան առկայ անելին վերաբերեալ իրադարձութիւնները հրատապ ձեւով կը զբաղեցնեն թրքահայութեան օրակարգը, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը լարուած է Պատրիարքարանի այս հանդիպման վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքական Աթոռին շուրջ առկայ տագնապի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն կլիմայի փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ, երբ պետական շրջանակներէն սկսան հասնիլ պատրաստակամ պատգամներ՝ Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանգամանքի ճանաչման ուղղութեամբ։ Ուստի, չի բացառուիր նաեւ Պատրիարքարանէն ներս հերթի փոփոխութիւն մը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ կազմակերպուած տեսակցութիւնը կէսօրուան ժամերուն Պատրիարքարանի մէջ կը համախմբէ սահմանափակ թիւով ազդու ազգայիններու խումբ մը։
Երէկ, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի դիւանէն թերթիս խմբագրութեան տեղեկութիւն փոխանցուեցաւ այս հաւաքին շուրջ, սակայն որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդուեցաւ օրակարգի կամ նախատեսուած քննարկման օրակարգին շուրջ։ Պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացի ներկայ նուրբ փուլին ընդհանուր փոխանորդը փափաքած է խորհրդակցութիւն մը ունենալ խումբ մը համայնքային վարիչներու հետ։ Այս կապակցութեամբ կապ հաստատեցինք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ, որ հաստատեց, թէ իր նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է խորհրդակցութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը յարմար չդատեց օրակարգային մանրամասնութիւններու մէջ խորանալը եւ մեզմէ խնդրեց՝ ըմբռնումով մօտենալ այդ նախընտրութեան նկատմամբ։ «Խորհրդակցութեան հրաւիր-ւած ազգայիններուն նկատմամբ մեր յարգանքը մեզ զերծ կը պահէ՝ մեր քննարկումները կանխել մամլոյ հրապարակումներով», ըսաւ ան։
Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, Պատրիարքարան հրաւիրուեցան՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, բազմամեայ բարերար Արէտ Երկանեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, մեր փորձառու ազգայիններէն Մելքոն Քարաքէօսէ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, ինչպէս նաեւ հայատառ օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրները։
Ըստ Գումգաբուէն հասած անպաշտօն լսումներուն, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն թափ տուած է իր ջանքերուն՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ տագնապի յաղթահարման նպատակով։ Հաշուի առնելով, որ աւելի քան ամիս մը անցած է 16 Ապրիլ 2017 թուականի հանրաքուէէն ի վեր՝ ան այս ժամանակաշրջանի սպասումը բաւ համարած է ապացուցանելու համար, թէ մեր համայնքը կը յարգէ իշխանութիւններուն կամքը։ Արդարեւ, ուղղակիօրէն Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յիշեալ ժամկէտը սահմանած էր տարեմուտին Պետրոս Շիրինօղլուի հետ տեսակցութեան ընթացքին եւ իր այդ պատգամը հասած՝ մեր համայնքին։ Համոզուած ըլլալով, որ այդ ժամկէտը եւ անով խորհրդանշուած կամքը արդէն յարգուած է անհերքելիօրէն՝ ընդհանուր փոխանորդը շարժման անցած է վերջին շրջանին։ Այդ ջանքերը գործադրուած են՝ առանց հրապարակման։ Ըստ նոյն անպաշտօն աղբիւրներուն, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան դիտարկած է, որ իր առած քայլերը հանրային կարծիքին կը ներկայացուին կանխակալ կարծիքներով։ Իր ընդդիմախօսները բոլոր տեսակի ջանքերը կը նենգափոխեն՝ պնդելով, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կ՚աշխատի ո՛չ թէ ընտրութեան հարցը լուծելու, այլ իր տեղը ամրապնդելու համար։ Հետեւաբար, այդ աղաւաղումներէն եւ անոնց հետեւանքներէն զերծ մնալու համար՝ Նորին Սրբազնութիւնը աշխատած է լռութեամբ, մինչ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ, իր հերթին, զուգահեռաբար աշխատանք կը տանի յարաբերաբար աւելի հրապարակային ձեւով։ Շատ հաւանական է, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր այդ բոլորին արդիւնքը բաժնէ խորհրդակցութեան հրաւիրուած համայնքային գործիչներուն հետ։ Դժուար չէ կռահել, թէ Նորին Սրբազնութեան եւ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ շփումներն ալ սերտացած են վերջին օրերուն։ Ըստ երեւոյթին, ընդհանուր փոխանորդին մօտ ձեւաւորուած է այն համոզումը, թէ պահը այլեւս հասունցած է՝ Պատրիարքարանի ղեկը յանձնելու համար Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին, որ ներկայիս կը գտնուի Քէօլն։ Անշուշտ, որքան որ ալ տրամաբանական կամ հաւանական ըլլալ թուի՝ այս վարկածը վերջնականօրէն հաստատել, բուն բանաձեւումը գտնել կարելի կ՚ըլլայ Պատրիարքարանի այ-սօրուան ժողովէն վերջ։ Նկատի ունենալով, որ մեր մամուլի խմբագիրներն ալ հրաւիրուած են այս խորհրդակցութեան՝ դժուար չէ ենթադրել, թէ ամբողջութեամբ դռնփակ ձեւաչափ մը չկայ եւ շատ հաւանական են հրապարակումները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ