«ԱՉՔԵՐ ՈՒՆԻՆ՝ ՉԵՆ ՏԵՍՆԵՐ, ԱԿԱՆՋ ՈՒՆԻՆ՝ ՉԵՆ ԼՍԵՐ»
Արարչագործութեան ընթացքին Աստուած պատահաբար չստեղծեց Տիեզերքը եւ անոր վրայ գտնուող բոլոր հրաշալիքները։ Ոչ ալ պարզապէս պատահականութեամբ է, որ քեզ գոյաւորեց, շնչաւորեց, շնորհքներով օժտեց եւ այս աշխարհին վրայ դրաւ։ Նոյնպէս ալ աչքն ու ականջը մարդուս ամենէն գործածած մարմնի անդամներէն են։ Այսպէ՛ս կը փաստէ բժշկագիտութիւնը։ Աչքո՛վ է, որ կը վայելես այս հրաշազան բնութիւնը եւ անոր կողքին գտնուող բոլոր անպարագրելի գեղեցկութիւնները։ Աչքո՛վ է, որ կը գործես եւ իւրաքանչիւր քայլափոխդ ըստ այնմ կ՚ուղղես։ Այնպէս ալ ականջո՛վդ է, որ կ՚ունկնդրես թռչուններու ճռուողիւնը, սոխակին գեղգեղուն ու դայլայլուն ձայնը, կը վայելես բնութեան զգլխիչ երաժշտականութիւնը եւ հաղորդ կը դառնաս մարդոց խօսակցութեան։ Բայց ականջովդ եւ աչքովդ միայն ասո՞նք են, որ կը լսես եւ կը տեսնես։ Վստահաբար ոչ։ Առնենք իւրաքանչիւրը առանձինն։
Տեսողութիւնը, գործնական գետնի վրայ, մարդ արարածիս կողմէ ամենէն նրբանկատ զգայարանքն է համարուած։ Կարելի՞ է պատկերացնել արարած մը առանց տեսողութեան։ Երբ կոյր մը տեսնենք, իսկոյն փառք կու տանք Աստուծոյ, որ մեզ այնպէս չէ ստեղծած կամ վնասաբեր արկածներէ հեռու պահած է։ Կարգ մը բժիշկներու ուսումնասիրութեամբ եւ եզրակացմամբ՝ աշխարհի վրայ մարդոց մեծամասնութեան 90 տոկոսը իրենց տեսողութիւնը չկորսնցնելու կամ տկարութեան վտանգները կանխելու համար ինչպիսի՜ դարմանումներու կը դիմեն՝ գէթ իրենց տեսողութիւնը պահպանելու եւ յստակ դարձնելու համար։
Մանկավարժական դիտարկումով փաստարկուած է, թէ երախան կամ պատանին իր աչքո՛վ կ՚ընկալէ ամէն երեւոյթ, շարժուձեւ, սովորոյթ, արտայայտչաձեւ, վերաբերմունք, որոնք կը կերպարանաւորուին իր նկարագրային կերտման ընթացքին։ Օրինակ, երբ երախային միշտ դիտել տանք իր տարիքին վերաբերեալ տեսաերիզներ (cartoon), ինքնաբերաբար իր մտապատկերին մէջ կ՚ուրուագծուին տուեալ դերասաններուն պատկերն ու նկարագիրը։ Կամ՝ պատանին երբ իր հօր ու մօր ապրելաձեւն ու վարուելակերպը տեսնէ, անոնց փոխյարաբերական կեանքին իրազեկ դառնայ, ենթագիտակցութիւնն ալ գաղտագողի «սպունգի նման կը ծծէ», կ՚արձանագրէ բոլո՛ր երեւոյթները։
Վիեննացի նշանաւոր հոգեբան-բժիշկ՝ Ֆրէօյտ, ամբողջ մեթոտ մը յատկացուցած է մարդոցմէ ծածկուած այս վիճակը ուսումնասիրելու եւ անոր գաղտնիքները երեւան բերելու։ Հետեւաբար, եզրակացուցած է ըսելով. «Մեր հոգեկանութիւնը կը պարունակէ երկու խաւ՝ գիտակից եւ անգիտակից։ Գիտակից խաւին ծանօթ ենք - մեր խորհուրդներն ու բաղձանքները, մեր զգացումներն ու յուզումները։ Բայց այս լուսաւոր խաւին տակ գոյութիւն ունի՝ գիտակցութեան լոյսէն զուրկ սակայն գոյ խաւ մը, կազմուած մեր մանկութեան, անցեալի ծանօթութիւններէն, ապրումներէն, յիշատակներէն, որոնք չեն կորսուիր։ Մեր ներկայի ապրումները կը մնան մեր անգիտակցութեա՛ն ու մանաւանդ ենթագիտակցութեա՛ն մէջ եւ երբ որ ուզենք՝ կրնանք զանոնք գիտակցութեան բերել»։ Զաւակդ ինչ որ տեսնէ՝ զայն կ՚ընդօրինակէ։ Այս պարագային, երբ անոր ջամբես հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւն, մեծ հաւանականութեամբ ապագային կրնաս տեսնել քու ցանած սերմնահատիկդ որպէս ատոք ցորեն։ Իմաստունին խօսքն է որ կը հնչէ մեր ականջներուն. «Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առ 22.6)։
Առնենք տեսողութեան միւս երեսը։ Մերօրեայ կեանքին մէջ, շատեր կը կարծեն որ յստակատես, պայծառատես եւ ուղիղ տեսողութիւն ունին։ Այսպէս, ըստ նմանատիպ անձերու, անոնք կրնան կանխապէս տեսնել իրենց չորսդին կատարուող իրադարձութիւններն ու դէպքերը եւ անոնց մօտալուտ հետեւանքները, վերլուծել իրենց կենսընթացին պատահած եղելութիւնները, անձի մը խօսակցութենէն գիտնալ անոր ինչպիսի՛ նկարագրի տէր ըլլալը։ Հարցում։ Հաւանաբար այդպիսիք կարողունակ, ապագայատեսիլ, տեսլապաշտ ու շրջահայեաց կը թուին մեր աչքերուն, սակայն արդեօք ճշմարիտ տեսողութիւնը ունի՞ն։ Ա՛յս է հիմնականը եւ ոչ թէ «մակերեսային» կոչուած տեսողութիւնը։
Մակերեսայնապաշտութիւնը, կեղծպարիշտութիւնը եւ «քօղարկուած» տեսողութիւնը այսօր մեր կեանքի գնացքին մէջ ոչ միայն բոյն են դրած, այլեւ մանաւանդ մեր մտապատկերին եւ սեւեռակէտին մէջ առաջնային են դարձած։ Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք ի ներքուստ կը տեսնեն ճշմարտութիւնը, սակայն զայն դաւանելու ունակութիւնը եւ համարձակութիւնը չունին։ Կ՚ուզեն «տեսնել» ճշմարտութիւնը, բայց ճշմարտութեան ինչութեան բովէն չեն անցած։ Կայ աւելի վատթարագոյնը՝ վախի կամ այլ հաշիւներէ դրդուած «կուրապաշտութիւն»ը։ Մարդիկ ինչ-ինչ պատճառներէ մղուած, ճշմարտութիւնն ու սխալը տեսնելով հանդերձ՝ կը նախընտրեն ԼՌԵԼ, պարզապէս իրենց շահը, հեռակայ նպատակները կամ իրենց վերի դասը՝ «պատասխանատու»ները ա՛յդ է որ կը պահանջեն։ Սիրելի՛ բարեկամ, որքա՛ն ալ փորձես չտեսնելու գալ կամ չընդունիլ իրականութիւնը, պաշտպան չկանգնիլ ճշմարտութեան, լռութեան վարագոյրին ետին կամ «փտած» ծածկոյթին տակ պահուըտիլ, գիտցիր որ այդ բոլոր ճիգերդ, թաքստոցներդ եւ վերապահ կեցուածքդ ժամանակաւոր եւ անցողակի են։ Ճշմարտութիւնը ինչքա՛ն ալ փորձես լռեցնել՝ չե՛ս կրնար զայն թաղել։
Միայն տեսղութիւնը իր «տարբերակ»ները չունի, այլ լսողութիւնը նոյնպէս, տուեալ անձին համաձայն, ունի իր շարժառիթներն ու դրդապատճառները։ Պատճառներ, որոնք, ըստ կամս մարդուն, միշտ փոփոխութեան կ՚ենթարկուին եւ այնպէս կը ներկայացուին, կարծես իրականութիւն են յայտնուածները եւ փոխանցուածները։ Աւելի պարզաբանելով, երբեմնի մեր լսած խօսակցութիւնները, զրոյցներն ու լուսաբանութիւնները մեր իսկ կողմէ կրնան սխալ հասկցուիլ, մեր դատողութեան, հասողութեան, մօտեցման եղանակի եւ մանաւանդ ըմբռնման կարողականութեան պատճառով։ Շատեր կրնան առարկել ըսելով, թէ ի՞նչ կապ ունին տեսողութիւնն ու ըմբռնումը իրարու հետ։ Հոգեբանութիւնը ինք կու գայ լուսաբանելու մեզ այս ուղղութեամբ։
Հոգեբաններ տեսողութեան, լսողութեան ու ըմբռնման համակարգը իրարու կը զուգորդեն եւ իրարու միջեւ հասարակ յայտարար մը գծելով՝ կը սահմանեն ըսելով, թէ ըմբռնումը հոգեբանական այն երեւոյթն է, որով մենք դուրսի աշխարհին մէջ առարկաներ կը տեսնենք, առարկաներու ներկայութիւնը կ՚ունենանք։ Եւ կամ՝ ականջով երբ ձայն մը իբրեւ խօսք կը միաւորենք եւ կը զատորոշենք ուրիշներէ եւ իբր ձայներու յարաբերութիւն (rapport) կ՚ըմբռնենք՝ ահա ա՛յն ատեն կ՚ունենանք ներըմբռնումն ու արտըմբռնումը։ Առ այդ՝ տեսողութիւնը, լսողութիւնը եւ ըմբռնումը այն կարողութիւններն են, որոնց միջոցաւ արտաքին աշխարհը ներկայ կ՚ըլլայ մեզի, մեզմէ դուրս կատարուող բոլո՛ր երեւոյթները կը զգանք եւ կ՚ըմբռնենք ընդոծին տրուած վերոյիշեալ անդամներով։
Մանուկ, պատանի, երիտասարդ եւ տարեց, մէկ խօսքով՝ բոլոր տարիքի արարածներն ալ կ՚ուզեն միշտ գովաբանուիլ, հաճոյալի եւ գնահատելի խօսքեր լսել, ամէնուրեք իրենց սխրագործութեանց եւ նուաճումներուն մասին կը փափաքին խօսուի։ Սա բնական երեւոյթ է։ Բայց կան այնպիսի փարիսեցի ու կոկոզավիզ մարդիկ, որոնք չեն ուզեր լսել իրենց թերութիւնները, սխալներն ու իրենց անձին ուղղուած յանդիմանութիւնները, որովհետեւ ճշմարտութեան դէմ յանդիման գալու քաջութիւնը չունին։ Մարդիկ, որոնք սեթեւեթութեամբ եւ սնապարծութեամբ անեզր փառքե՜ր կ՚ըղձան հիւսել։ Հոգեկան կուրապաշտութի՛ւն։
Լոլոզուած խօսքերը, քաղցրանուշ գովաբանութիւնները, գունազարդուած գովեստները, յերիւրուած դրուատիքներն ու կոնծաբանութիւնները շատ հեշտութեամբ կրնաս լսել, սակայն ապագային է որ անոնց արդիւնքը պիտի քաղես ու ակռաներդ կճռտես։ Մինչ երբ կ՚ընդունիս նպատակաուղղուած խօսքերը, ցուցանշուած ախտերը, բարոյահիմք ունեցող թելադրանքները, հաւանաբար կարճ ժամկէտի մը համար քիմքիդ դառն թուին, բայց անոնց քաղցրահամ պտուղը անդենականին մէջ է որ պիտի ճաշակես։
Քրիստոս Իր ուսուցումներուն ընթացքին քանիցս գործածեց «ականջ ունեցողը թող լսէ» (Մտ 11.15, 13.9, 43) զգուշաւոր ու դիմառնական խօսքը, Իր ունկնդիրներուն եւ ակնդիրներուն ուշքը գրաւելու եւ զանոնք դէպի ճշմարիտ գիտութիւն առաջնորդելու, որովհետեւ Իր ժամանակաշրջանին ապրող մարդիկը, սաղմոսերգուին բառերով, աչք ունէին՝ բայց չէին տեսներ, ականջ ունէին՝ բայց չէին լսեր (Հմմտ. Սղ 115.5-6)։ Իսկ մեր սրբազան հայրապետները իրենց քարոզներուն ու յորդորներուն իրբեւ կցորդ պիտի գային աւելցնելու Քրիստոսի արտասանած խօսքին այլօրինակը՝ «Աչք ունեցողը թող տեսնէ»։ Ունի՞ս ճշմարիտ ականջ՝ լսելու Ճշմարիտին սրբազնասուրբ խօսքը եւ ականջ՝ տեսնելու Անոր անսահման սէրը։ Պատասխանը դո՛ւն գիտես միայն։
Սիրելի՛ ընթերցող, երկնաւոր Հայրդ եւ Ստեղծիչդ քեզ ստեղծելու ժամանակ նպատակ մը ունէր, որ Իր փառքին ծառայես։ Ինչպէս դուն ինքդ ստեղծուած ես նպատակի մը համար, այնպէս ալ ականջդ եւ աչքդ քեզի տրուած են ճշմարտապէ՛ս լսելու եւ տեսնելու, եւ ոչ թէ այլ եսակեդրոն հաշիւներու «շահարկելու» եւ ծառայեցնելու։ Այժմէն իսկ աղօթակցէ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին հետ՝ ըսելով. «Բոլորը խնամող Տէր, Քու սուրբ երկիւղդ պահապա՛ն դիր աչքերուս՝ որ այլեւս անառակ ու ցանկացող աչքով չնայիմ, եւ ականջներուս՝ որ ախորժ չզգամ չար խօսքեր լսելէ, եւ բերանիս՝ որ ստութիւն չխօսիմ, եւ սրտիս՝ որ չարութիւն չխորհիմ, եւ ձեռքերուս՝ որ անիրաւութիւն չգործեմ, եւ ոտքերուս՝ որ անօրէնութեան ճամբաներէն չքալեմ. այլ ուղղէ՛ ասոնց շարժումը, որպէսզի միշտ Քու պատուիրաններուդ համաձայն ըլլան՝ ամէն բանի մէջ. եւ ողորմէ՛ Քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմաբեղիս» («Հաւատով Խոստովանիմ»)։
Հոգիի՛դ աչքերը եւ ականջները բաց, որպէսզի լսես եւ տեսնես, թէ Աստուած ի՞նչ կ՚ըսէ քեզի։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ