ԱՌՈՂՋ ՆԿԱՐԱԳՐԻ ՏԻՊԱՐԸ
Կեանքի մէջ կան երբեմն պարզ եւ առօրեայ դէպքեր, որոնք ամբողջ մարդկութեան տիպա՛ր կ՚ըլլան եւ անջնջելիօրէն կը տպաւորեն եւ ազդեցութիւն կը գործեն անոր վրայ։ Եւ մարդ շատ աննշան դէպքէ մը կրնայ շատ մեծ եւ կենսական, օգտակար դասեր քաղել, կեանքը ըստ այնմ կանոնաւորել եւ կեանքին ընդհանուր ընթացքը փոխել։
Եւ ահաւասիկ, նկարագրի առողջ գիծերը յայտնող իրական դէպքի մը պատմութիւնը՝ որ պատահած է Ամերիկայի մէջ, մօտաւորապէս ութսուն տարիներ առաջ։
Երիտասարդ ուսանողներու քսան հոգինոց խումբը ճամբայ կ՚ելլէ տուն երթալու համար մեծ ինքնաշարժով մը։ Ճամբու ընթացքին ձիւնամրրիկ մը կը պայթի. հանրաշարժը կը կորսնցնէ իր ճամբան, եւ կ՚իյնայ փոսի մը մէջ։
Շարժավարը օգնութիւն փնտռելու կ՚երթայ մօտակայ ագարակ մը։ Երկար ժամանակ ան չի վերադառնար, եւ ատեն մը վերջ իր սառած մարմինը կը գտնուի կէս ճամբու վրան։ Եւ ձիւնամրրիկը կը շարունակէ կատաղօրէն՝ հետզհետէ աւելցնելով իր սաստկութիւնը։
Եւ ձիւնը գրեթէ կը թաղէ հանրաշարժը, եւ անոր մէջն ալ բաւական ձիւն կը լեցուի։ Այդպէս, քսան երիտասարդ ուսանողներ ցերեկուան մէկ մասը եւ ամբողջ գիշերը կը մնան հոն՝ ձիւնի փոթորիկին մէջ։ Ցուրտը սաստիկ է եւ անտանելի. ուտելիք չկայ, սարսափը հետզհետէ կը տիրէ եւ մահը կը սկսի անոնց շուրջը դեգերիլ՝ անգութ թշնամիի մը նման։
Ուսանողներու մէջ կը գտնուի նաեւ 13 տարեկան պատանի մը՝ Պրայն Ունթայտ, որ իր քաջութեան, անձնազոհութեան եւ արթնամտութեան շնորհիւ դիւցազնական գործ մը կը կատարէ։
Ցուրտը կը թմրեցնէ հետզհետէ դեռահաս ուսանողները, եւ քունը կը սպառնայ մահացնել զանոնք։ Արդարեւ պէտք է արթուն պահել երիտասարդները ամէն գինով։ Պրայն Ունթայտ կը խորհի այս մասին։
Ուստի, Պրայն, նախ իր վրայի հագուստները կը հանէ՝ ուրիշները սառելէ փրկելու համար, եւ միեւնոյն ատեն կը զբաղեցնէ միւսները զանազան պատմութիւններ պատմելով, տեւական խօսելով անոնց հետ, մարզանքներով, կատակներով արթուն պահելու կ՚աշխատի զանոնք, որպէսզի չքնանան՝ եւ մինչեւ իսկ ապտակներ կ՚իջեցնէ անոնց երեսին։
Բայց հակառակ այս ջանքերուն, տարիքով աւելի փոքրիկ ուսանողներէն ոմանք չեն կրնար տոկալ եւ կը մեռնին։ Պրայն ժամերով կը շարունակէ իր պաշտօնը, թէեւ նոյնիսկ իր պզտիկ եղբայրը մեռնողներէն մէկն էր։ Եւ երեսունուվեց ժամ շարունակ նոյնպէս, մինչեւ որ օգնութիւնը կը հասնի եւ ինքն ալ արդէն կիսամեռ, եւ այդ վիճակին մէջ իսկ կը խնդրէ որ նախ ուրիշները հիւանդանոց փոխադրուին։
Ապրիլ, նոյնիսկ պահ մը իսկ երեւակայել այս դէպքը իր բոլոր ահռելի պարագաներով՝ ձիւն, փոթորիկ, սառուցիչ ցուրտ, ահաւոր գիշեր, մութ… եւ անօթի ու ցրտահար պատանիներու եւ երիտասարդներու խումբ մը բացաստանին մէջ։ Երեւակայելն իսկ սարսափազդո՛ւ է։ Ուստի սարսափը եւ մահուան իրականութիւնը, մանաւանդ երբ անիկա շատ մօտ է, չափահաս եւ հասուն մարդն իսկ յուսահատութեան պիտի մատնէր, մանաւանդ երբ արդէն սառած երիտասարդներու անշունչ մարմինները ողջերուն վրայ կը հակին։ Ի՜նչ սարսափելի տեսարան, ի՜նչ սոսկալի վիճակ որ մարդ երբեք պիտի չփափաքէր ապրիլ եւ նոյնիսկ երեւակայել տաք սենեակի մը մէջ։
Եւ այս եղերական սարսափելի պարագաներուն մէջ ո՛չ միայն պատանի մը, այլ նաեւ չափահաս մէկը երբ կրնայ իր պաղարիւնութիւնը պահել՝ քա՜ջ ըլլալ, դէպքին ահաւոր լրջութիւնը լիովին ըմբռնելով հանդերձ բանականութիւնը առանց կորսնցնելու խօսիլ, գործել, նոյնիսկ կատակել, խըն-դալ՝ ուրիշները ազատելու համար, ահաւասիկ այս բոլորը կարելի է արտայայտել միայն «դիւցազնութիւն» բառով, առանց թերեւս լիովին ըմբռնելու անոր նշանակութիւնը։
Դիւցազն ըլլալ՝ կ՚ենթադրէ «տիպա՛ր» ըլլալ, օրինակելի ըլլալ, քանի որ դիւցազնութիւնը ամէն մարդու տրուած շնորհ մը՝ յատկութիւն մը, առաքինութիւն մը, ազնը-ւութիւն մը չէ, անիկա միա՛յն «տիպար» մարդու, մեծ մարդու գործ է։
Եւ այս պատճառով, բնականաբար Պրայն Ունթայտի անունը Ամերիկայի մէջ մէկ ծայրէն միւսը հռչակուեցաւ, եւ ժամանակի ընթացքին հետզհետէ տարածուեցաւ։ Եւ մինչեւ իսկ հասաւ շրջանին Նախագահ Հուվըրին, որ ազգին հիացման ու երախտագիտութեան թարգման հանդիսանալով, Պրայնը քանի մը օր Սպիտակ Տան մէջ հիւրասիրեց։
Եւ ա՜յնքան անգիտակ իր ըրած դիւցազնութեան, եւ այնքան մանկունակ իր վարմունքին մէջ, որպէս սովորական արարք մը եղած ըլլար, որ Պրայն երբ կը տեսնէ Նախագահ Հուվըրը Սպիտակ Տան մէջ, քաղցր միամտութեամբ մը, անկեղծ արտայայտութեամբ կը բարեւէ զայն ըսելով.
«Ալօ՜, Պ. Նախագահ…»։
Դիւցազնութեան արժէքը կը բարդուի արդարեւ, դիւցազնին անկեղծութեամբ, դիւցազնութիւնը սովորական գործ մը կատարելու միամտութեամբ, համեստ ու խոնարհ զգացումներով, քանի որ դիւցազնութիւնը «դիւցազնութիւն» չ՚ըլլար՝ «ես դիւցազն եմ» կամ «դիւցազնութիւն պիտի կատարեմ» ըսելով, եւ սովորական գործերը դիւցազնութիւն կարծելով կամ իբր դիւցազնութիւն ներկայացնելով։ Արդարեւ, ինչպէս ազնուութիւնը, նոյնպէս՝ դիւցազնութիւնն ալ հաստատ նկարագրի մը արտայայտութիւնն է՝ ո՛չ ստացական, այլ՝ բնատուր եւ ընդոծին յատկութի՛ւն մը։
Ուստի յանկարծահաս, անակնկալ վտանգ-ներու պահուն քաջութիւնը չկորսնցնել, մահուան իրական վտանգի պահուն պաղարիւնութիւնը պահել՝ ամէն մահկանացուի գործ չէ՛։ Եւ այդ մասնայատկութիւնը, բացառութիւնն է որ մարդս «դիւցազն» կ՚ընէ, դիւցազնութիւն կատարել կու տայ։ Արդարեւ, վախը բնազդ մըն է, որ կ՚երեւի ջղային եւ դիւրաբորբոք խառնուածք ունեցող մարդոց մէջ աննուաճելի կը դառնայ։
Այս ուղղութեամբ «ինքնապաշտպանութիւն»ն ալ բնազդ մըն է մարդուն մէջ։ Բայց պէտք է ընդունիլ նաեւ, թէ բանաւոր էակներու մէջ բնազդները կրնան եւ պէ՛տք է կառավարուին ու հակակշռուին բարձրագոյն սկզբունքներու ուժով։ Այս իմաստով մարդ պէտք է հակակշռէ եւ ներդաշնակէ բնազդին եւ բանականութեան արժէքները։ Արդարեւ, մարդս «մա՜րդ» ընողը իր բանականութիւնն է, իր մարդկային արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութիւնը։
Մարդ իր բարձր գաղափարներով, սկըզ-բունքներով հակակշռելո՛ւ է բնազդներու ուժը, քանի որ մարդուս կեանքը ընթացք կը ստանայ բանականութեամբ, միտքը գործածելով՝ օգտակարը եւ վնասակարը զանազանելու եւ մանաւանդ օգտակարը կարելի չափով ընտրելու, որոշելու կարողութեամբ։ Մարդ բնազդաբար եսասէր է, բայց բանականութիւնը կ՚ըսէ, թէ՝ ան պէտք է ըլլայ նաեւ այլասէր, այսինքն՝ մարդասէ՛ր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 15, 2017, Իսթանպուլ